ԵՓՐԵՄ ԱՍՈՐԻԻ ԳՈՐԾԵՐԸ ՀԱՅԵՐԷՆ

Նշանաւոր ասորի քրիստոնեայ գրող, աստուածաբան, եկեղեցւոյ հայր, ընդհանրական եկեղեցւոյ՝ ինչպէս նաեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Սուրբ Եփրեմ Ասորիին երկերուն մեծ մասը հայացած են Ե. դարուն, գրչագրուած եւ շրջանառութեան մէջ մտած բազմաթիւ ընդօրինակութիւններով։ Թէ ե՞րբ եւ որո՞ւ կողմէ հայերէնի վերածուած են Ե. դարուն անոր ստեղծագործութիւնները, ուսումնասիրողներ տակաւին չեն պարզած, սակայն այդ գործերու հայերէն թարգմանութիւնները կը նկատուին Ոսկեդարուն եւ մեծ ազդեցութիւն գործած են մեր հայրերու հոգեւոր կեանքին եւ մեր նախնեաց գրականութեան վրայ:

Սուրբ Եփրեմի գործերը հայերէնի թարգմանուած են նաեւ Թարգմանչաց շարժման ժամանակ՝ վարդապետ թարգմանիչներու կողմէ: Գրիգոր Վկայասէր Կաթողիկոսը (1066-1105) Կ.Պոլսոյ մէջ ասորերէնէ հայերէնի թարգմանած է Սուրբ Եփրեմի «Ոտնլուայի կարգը»։ Եփրեմի չափածոյ գործերու հայերէն թարգմանութեան աոաջին տպագրութիւնը եղած է անոր «Գիրք աղօթից»ը՝ Պոլսոյ մէջ, 1734 թուականին, որմէ ետք, կրկին Պոլսոյ մէջ տպագրուած են թէ՛ այդ, թէ՛ ուրիշ գործեր: Զանազան վայրերու մէջ թարգմանուած եւ հրատարակուած են Հին եւ Նոր կտակարաններու մեկնութիւններ, կցուրդներ, աղօթքներ, կանոններ, խրատներ, քարոզներ եւ ճառեր։ Միայն հայերէն թարգմանութեամբ պահպանուած են հոգեւոր երգերու ժողովածուն (Մատրաշա), «Նիկոմիդիական եղերերգութիւնները», «Գործք առաքելոց»ի՝ Պօղոս առաքեալին 14 թուղթերուն մեկնութիւնները, Տատիանոսի՝ «Համաբարբառ»ին մեկնութեան զգալի մասը, «Հնգամատեան»ին՝ Յեսուի, Դատաւորաց, Թագաւորութեանց, Մնացորդաց Ա. եւ Բ. գիրքերու մեկնութիւններու համառօտ տարբերակները։ Ասորիի գործերուն հայերէն թարգմանութիւնները ունին երկու կարեւոր նշանակութիւն։ Նախ՝ անոնք կը ներկայացնեն արեւմտեան ազդեցութենէն զերծ մնացած բնիկ արամէախօս քրիստոնէական աստուածաբանութեան իւրայատուկ գիծերը եւ երկրորդ՝ անոնք շահեկան են աստուածաշնչեան բնագիրներու, յատկապէս Նոր կտակարանի ուսումնասիրութեան համար, որովհետեւ ստեղծուած են աւելի վաղ, քան Նոր կտակարանէն՝ մեզի հասած յունարէն եւ ասորերէն հնագոյն ընդօրինակութիւնները։

Եփրեմ Ասորի գրած է բազմաթիւ հոգեւոր երգեր՝ նուիրուած Ս. Ծննդեան տօնին, Մկրտութեան, Ս. Յարութեան, Համբարձման, պահքին եւ այլն։ Երգերու յօրինման շարժառիթը Միջագետքի մէջ լայն տարածում գտած մեսալեան կոչուած աղանդին աղօթամատոյցներուն հոգեւոր կիրառութենէն դուրս մղումն էր եւ եկեղեցական արարողութիւններուն կարգաւորումը։ Ասորիին գրիչին կը պատկանին նաեւ Ս. Ծննդեան, Քրիստոսի չարչարանքներուն եւ Յարութեան մասին, թաղման կարգին եւ ապաշխարութեան երգեր։

Եփրեմ Ասորիին գործերուն հայերէն թարգմանութիւններուն զգալի մասը, յատկապէս մեկնութիւններն ու աղօթքները, բազմիցս վերահրատարակուած են։

Եփրեմ Ասորին սերած է ասորի ընտանիքէ մը։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Մծբինի մէջ, ուր մկրտուած է իր ուսուցիչին՝ Յակոբ Մծբնացիին ձեռքով։ Իր ուսումը ան ստացած է քրիստոնէական մշակոյթի նշանաւոր կեդրոն՝ Եդեսիոյ «Պարսից» դպրոցին մէջ։ Ըստ աւանդութեան՝ ան Յակոբ Մծբնացիին ուղեկցած է Նիկիա եւ 325-ին անոր հետ մասնակցած՝ Ա. Տիեզերական ժողովին։ Տասը տարիէն աւելի ապրած եւ ստեղծագործած է Եդեսիոյ մէջ, ուր գրած է իր առաջին գործերը եւ ունեցած՝ բազմաթիւ աշակերտներ։

Պարսից Սասանեան Շապուհ Բ. թագաւորին (311-380)՝ քրիստոնեաներուն նկատմամբ գործադրած հալածանքներէն խուսափելու համար՝ 360-ական թուականներուն իր աշակերտներուն եւ քրիստոնեայ հայրենակիցներուն հետ տեղափոխուած է Մծբին։ Յակոբ Մծբնացի զինք նշանակած է տեղի քրիստոնէական դպրոցին տեսուչը։ Սակայն 363-ին, երբ պարսիկները գրաւած են Մծբինը, Եփրեմ Ասորի հարկադրուած վերադարձած է Եդեսիա, կարճ ժամանակ ետք մեկնած է Եգիպտոս, ուր ութ տարի ճգնած է Թիպեթի նշանաւոր մենաստաններուն մէջ։ 370-371-ին այցելած է Կապադովկեան Կեսարիա, հանդիպած՝ Բարսեղ Կեսարացիին, որ, ըստ աւանդութեան, զինք սարկաւագ ձեռնադրած է։

Հայ Եկեղեցին Սուրբ Եփրեմ Ասորիին յիշատակը կը տօնէ տարին երկու անգամ՝ 1 յունուարին մօտիկ շաբաթ օրը եւ հոկտեմբերի վերջին շաբաթ օրը՝ «Երկոտասան վարդապետաց» հետ:

Այս տարի կը լրանայ նշանաւոր եկեղեցական եւ գրական գործիչի ծննդեան 1715-ամեակը: Այդ առիթով կը ներկայացնենք հայերէնի թարգմանուած անոր խրատներէն:

ԽՐԱՏՆԵՐ

ԵՓՐԵՄ ԱՍՈՐԻ

Մեր ազատութեան եւ այն մասին, որ Աստուած ազատ ստեղծած է մարդը

Աստուած ազատ ստեղծած է մարդը՝ փառաւորելով ան խելքով եւ իմաստութեամբ եւ անոր հայեացքի առջեւ դնելով կեանքն ու մահը, այնպէս որ եթէ կամենայ ըստ ազատութեան ընթանալ կենաց ճանապարհով, ապա յաւերժօրէն կ՚ապրի, իսկ եթէ չար յօժարութեամբ ընթանայ մահուան ճանապարհով, ապա յաւերժօրէն կը տանջուի: Այն, ինչ կախուած է բնութենէն, անխախտ է. ո՛չ մեծարանքի արժանի է, ո՛չ ալ պատժի, ոչ ալ որեւէ մէկը երբեւէ չէ մեղադրուած, որ սեւ կամ կարճահասակ է, որովհետեւ ատիկա մեր կամքէն անկախ է: Իսկ պատիժներն ու մեծարանքները մեր կամքէն կախեալ են, որովհետեւ կայ թէ՛ մէկուն եւ թէ միւսին պահանջքը՝ ինչպէս մեր կամքի եւ կամեցողութեան, այնպէս ալ Աստուածային օժանդակութեան եւ պաշտպանութեան: «Անոնք որ առաջուց գիտէր զԱստուած... նախասահմանեց... անոնք ալ կանչեց» (Հռոմ. 8, 29-30), բայց, ինչպէս առաքեալը կ՚ըսէ, որոնք ալ կանչուեցան նախասահմանումով (Հռոմ. 8,28), այսինքն՝ իրենց յօժարութեամբ եւ կամքով: Քանզի չփափաքողներուն չարտօնեց ընթանալ ըստ իրենց ցանկութեան: Աստուած բռնութիւն եւ վիրաւորանք չի հանդուրժեր Իր եւ Իր պատկերի՝ մարդուն նկատմամբ: Ան Ինքն անտեսանելի է, իսկ Անոր պատկերը՝ մարդը՝ տեսանելի: Այդ պատճառով, եթէ ոեւէ մէկը մարդուն բարիք կամ չարիք կ՚ընէ, նոյնինքն Անոր կ՚ընէ: Ուստի ամենայն դատ Անկէ կը բխի, որ ըստ արժանւոյն կը հատուցէ: Ան վրէժ կը լուծէ Իր պատկերին համար:

ՀԱՄԲԵՐՈՒԹԻՒՆ ՉՈՒՆԵՑՈՂՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ

Ձախաւեր եւ խղճուկ է ան, որ համբերութեան տէր չ՚ըլլար: Այդպիսիներուն Սուրբ Գիրքը կը սպառնայ վշտով: Վա՜յ, ձեզի,- կ՚ըսէ, որ կորսնցուցած էք համբերութիւնը (Սիրաք 2,16):

Եւ յիրաւի, վա՜յ անոր, որ համբերութիւն չունի: Ան այս ու այն կողմ կը թռչի քամիէն քշուած տերեւի պէս եւ վիրաւորանքները չի տանիր, վիշտերու մէջ անհոգութեան կը մատնուի: Զինք դիւրին է ներքաշել վէճերու մէջ:

Ուր որ հարկ է համբերել, հոն կը տրտնջայ:

Ուր որ հնազանդութիւն պէտք է, հոն կը հակաճառէ: Աղօթքներուն մէջ ծոյլ է, հսկումներուն մէջ տկար է, պահքերուն մէջ մռայլ է, ժուժկալութեան մէջ անփութաջան է, պատասխաններուն մէջ դանդաղկոտ է, գործերուն մէջ անճշդապահ է, խորամանկութեան մէջ անկոտրում է, զբաղումներուն մէջ՝ ինքնակամ, վիճելու մէջ քաջ է, մնջանքի մէջ՝ անուժ:

Խրախուսանքի արժանի մարդոց ան հակառակորդ է եւ յառաջադիմողներուն՝ մրցակից:

Համբերութիւն չունեցողը բազում զրկանքներու կ՚ենթարկուի եւ ի զօրու չէ առաքինի դառնալու: Քանզի «համբերատարութեամբ ընթանանք դէպի մրցասպարէզ, որ բացուած է մեր առաջ» (Եբր. 12,1):

Համբերութիւն չունեցողը զուրկ է ամենայն յոյսէն: Ուստի եւ ամէն ոք, որ ինծի պէս անհամբեր է, կ՚աղաչեմ, որ համբերութեան տէր ըլլայ, որպէսզի փրկուի:

ԱՆԶԱՅՐԱՑԿՈՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Երանի անոր, որ դիւրին չի զայրանար կամ չի բորբոքիր: Ան մշտապէս խաղաղ է: Վանելով իրմէ բորբոքուածութեան եւ բարկացկոտութեան ոգին՝ ան հեռու է պատերազմէն եւ խռովութենէն, մշտապէս հոգիով հանգիստ է եւ դէմքով՝ բերկրուն:

Ով դիւրին չի բարկանար եւ պարապ խօսքերէն չի յուզուիր, ան իրաւացիութեան եւ ճշմարտացիութեան գործիչ է: Ան առանց ճիգի կը զսպէ շատախօսութեամբ տառապողները եւ համբերատար է անոնց հանդէպ: Ան չի վիրաւորեր, անոր հետ վատ բաներ չեն ըլլար, ան վէճերէն չ՚ուրախանար, քանզի բոլորին հանդէպ սէր կը տածէ:

Անզայրացկոտը վէճեր չի սիրեր, այլ մշտապէս ողջախոհ է, կը սիրէ խաղաղութիւնը եւ համբերատարութեան մէջ կը մնայ:

Ով իր մէջ դիւրին չ՚ընդունիր դիւրագրգռութեան ոգին, ան Սուրբ Հոգիի կացարան կը դառնայ: Դիւրագրգռութիւն չունեցողը չի վշտացներ Սուրբ Հոգւոյն: Ան կարող է թէ՛ հեզաբարոյ ըլլալ, ունենալ թէ՛ սէր, թէ՛ համբերութիւն, թէ՛ խոնարհութիւն:

Բարկութեան մէջ չինկողը կը զարդարուի ամենայն բարի գործով եւ սիրելի է Քրիստոսին: Այդ պատճառով ան է յիրաւի երիցս երանելի, որ մշտապէս կը վանէ իրմէ զայրացկոտութեան եւ դիւրաբորբոքութեան ոգին, քանզի անոր թէ՛մարմինը, թէ՛ հոգին եւ թէ միտքը առողջ են:

ՍԻՐԱԶՈՒՐԿՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ

Դժբախտ եւ խղճալի է ան, որ հեռու է սէրէն: Ան իր օրերը կ՚անցընէ նիրհուն զառանցանքի մէջ: Եւ ո՞վ չի լար այն մարդուն համար, որ հեռու է Աստուծմէ, զուրկ է լոյսէն եւ կ՚ապրի խաւարին մէջ: Ուստի կ՚ըսեմ ձեզի, եղբայրնե՛ր, որուն մէջ Քրիստոսին սէրը չկայ, ան Քրիստոսին թշնամին է:

Ճշմարիտ կ՚ըսէ առաքեալը, թէ ով կ՚ատէ եղբայրը, մարդասպան է (Ա Յովհ. 3,15), եւ խաւարի մէջ կը պտտի (Ա Հովհ. 2,11) եւ յօժարակամ կը դառնայ ամենայն մեղքի որսը:

Որուն մէջ սէր չկայ, ան շուտ կը բորբոքի, շուտ կը զայրանայ, շուտ կը լեցուի ատելութեամբ:

Որուն մէջ սէր չկայ, ան կ՚ուրախանայ ուրիշներուն մասին անիրաւութիւն լսելով, չի կարեկցիր անկեալին, ձեռք չի մեկներ ընկածին, խորհուրդ չի տար տապալածին, չի սատարեր տատանողին: Որուն մէջ սէր չկայ, ան միտքով կուրցած է, սատանային ընկերն է, ան ամենայն նենգութեան գիւտարար է, ան վէճեր սկսող է, ան չարաբաններուն ընկերն է, զրպարտիչներուն զրուցակիցը, վիրաւորողներուն խորհրդատուն, նախանձողներուն ուսուցիչը, գոռոզութեան սպասաւորը, ան մեծամտութեան անօթ է: Մէկ խօսքով, ով սէր ձեռք չէ ձգած, ան հակառակորդին զէնքն է, կը դեգերի հոս-հոն, եւ չի գիտեր, որ խաւարին մէջ կը քալէ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2021