ՆՇԱՆԱՒՈՐ ԲԱՌԱՐԱՆԱԳԷՏԸ

Երկրորդ աշխարհամարտի տարիներուն հայ իրականութեան մէջ կոթողային աշխատութիւն մը լոյս տեսած է, որ հայ լեզուաբանութեան մէջ կը նկատուի բառարանագիտութեան զարդերէն մին: Այդ մէկը ակադեմիկոս, հայ ականաւոր հայագէտ, բանասէր ու բառարանագիր Ստեփան Մալխասեանցի «Հայերէն բացատրական բառարան» քառահատոր ստուարածաւալ բառարաններու ամբողջութիւնն է, որ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի տարիներուն իսկ արժանացած է Խորհրդային Միութեան այդ ժամանակուան ամենէն բարձր պարգեւին՝ Սթալինեան մրցանակին (որ յետագային անուանափոխուեցաւ Պետական մրցանակի)։ Բառարանի տպագրման գործին, այդ ծանր շրջանին, աջակցած է Ստեփան Մալխասեանցի աշակերտ եւ մեր օրերու քննադատութեան արժանացած Անաստաս Միկոյեան: Ան Մոսկուայէն շուրջ քսան վակոն որակեալ թուղթը ղրկած է, որպէսզի ծառայած է այդ նշանաւոր բառարանի չորս հատորներու տպագրման: Անոնք հրատարակուած են Մելգոնեան հիմնադրամի միջոցներով։ Երկրորդ տպագրութիւնը կայացած է Պէյրութ՝ 1955-56 թուականներուն, Սիմոն Սիմոնեանի «Սփիւռք» հրատարակչութեան կողմէ, երրորդ տպագրութիւնը կատարուած է Թեհրան՝ 1982 թուականին, իսկ չորրորդը՝ դարձեալ Երեւանի մէջ 2008 թուականին:

Հայ իրականութեան մէջ մինչ այդ լոյս տեսած են «Նոր Հայկազեան»ը, Հրաչեայ Աճառեանի, Նորայր Բիւզանդացիի եւ այլոց բառարանները, բայց, մասնագէտներու գնահատմամբ, եղածները ընդգրկուն չէին, իսկ Մալխասեանցի կազմածը կ՚ընդգրկէ գրաբար, միջին հայերէն, նոր գրական լեզու (արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն), հին ու նոր փոխառեալ բառեր, ինչպէս նաեւ՝ բարբառային բազմաթիւ բառեր եւ մինչեւ 1940 թուականը գործածուած նորաբանութիւններ: Հատորները հարուստ են դարձուածաբանութեամբ, բառացանկը կ՚ընդգրկէ շուրջ 120 հազար բառ։ Փոխառեալ բառերուն համար հնարաւորինս նշուած են ակունքները։ Նոյնպէս մասնագէտներու գնահատմամբ, Մալխասեանցի այս աշխատութիւնը դարերու պատմութիւն ունեցող հայ հարուստ բառարանագրութեան մէջ նախադէպը չունեցող աշխատութիւն մըն է։

Բառարանը, ըստ Մալխասեանցի, ազգի քաղաքակրթութեան վկայութիւնն է։ Մինչեւ իր քառահատորը կազմելը ան բառարանագրութեան փորձ ունէր արդէն. տակաւին Թիֆլիզ աշխատած տարիներուն մասնակցած է ռուս-հայերէն իրաւաբանական առձեռն բառարանի կազմութեան աշխատանքներուն, հեղինակակից եղած է նաեւ ռազմական, բժշկական, շինարարական, երկաթուղային, տնտեսագիտական եւ այլ մասնագիտական բառարաններու կազմութեան։ Ոչ միայն բառարանագրութեան, այլեւ հայագիտութեան եւ յարակից այլ ասպարէզներու մէջ մեծ ու նշանակալից եղած է անոր դերը: Ստեփան Մալխասեանց Մովսէս Խորենացիի՝ հայ ժողովուրդի անձնագիրը նկատուող «Հայոց պատմութիւն» գործի մեկնիչն ու աշխարհաբարի վերածողն է:

Ախալցխայի ծխական դպրոցի, ապա տեղւոյն ռուսական գաւառական դպրոցի, 1874 թուականին՝ Վաղարշապատի Գէորգեան ճեմարանի, 1878 թուականին՝ Սեն Փեթերպուրկի Կայսերական համալսարանի Արեւելագիտութեան բաժնի սան եղած է, աշակերտած է Քերովբէ Պատկանեանին, Նիկողայոս Մառին, Նիկողայոս Ադոնցին, Օրբելիին: 1889 թուականին, համալսարանը աւարտելէ ետք ան որպէս հայոց լեզուի, սանսքրիտի եւ վրաց լեզուի մասնագէտ՝ ստացած է գիտութիւններու թեկնածուի գիտական աստիճան:

Ախալցխայի Կարապետեան վարժարանի ուսուցիչ, Թիֆլիզի Ներսիսեան դպրոցի ուսուցիչ եւ տեսուչ, Թիֆլիզի Յովնանեան օրիորդաց դպրոցի եւ Ախալցխայի քաղաքային կիմնազիոնի տեսուչ, Ախալցխայի նշանաւոր Մալխասեանցներու տոհմի ներկայացուցիչ Ստեփան Մալխասեանցի գիտակցական ողջ կեանքը ընթացած է հայագիտութեան, հայ բանասիրութեան, բառարանագրութեան, գրաբարագիտութեան, նաեւ՝ լրագրութեան դժուար ուղիներու վրայ: Թիֆլիզի Ներսիսեան դպրոցին մէջ պաշտօնավարած տարիներուն ամուսնացած է Սաթենիկ Պենկլեանի հետ։ Այստեղ ան գրած է Ներսիսեան դպրոցի 75-ամեայ գործունէութեան պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ մի քանի դասագիրք ու բազմաթիւ յօդուածներ։ Յատկանշական է, որ Ստեփան Մալխասեանց եղած է Ժողովրդական (յետագային՝ Ռամկավար ազատական) կուսակցութեան ղեկավար դէմքերէն մին։

Մալխասեանց 1914-1915 թուականներու ուսումնական տարեշրջանին տեսուչի պաշտօնով աշխատանքի հրաւիրուած է նաեւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարան, սակայն 1917 թուականին, ճեմարանը փակուելուն պատճառով վերադարձած է Թիֆլիզ ու կրկին տեսուչի պաշտօնով աշխատանքի անցած՝ Գայիանեան վարժարանին մէջ:

1919 թուականին Մալխասեանց վերջնականապէս վերադարձած է Հայաստան: Տարի մը պաշտօնավարած է Ալեքսանդրապոլի (ներկայիս՝ Կիւմրի) նորաբաց առաջին համալսարանէն ներս։

Հայոց պատմութեան մէջ յատկանշական կարգով կը շեշտուի Ստեփան Մալխասեանցի ելոյթը Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Ազգային ժողովէն ներս, որ հիմք հանդիսացաւ անկախ Հայաստանի (1918-1921) պետական դրօշի գոյներու ընտրութեան համար, եւ Հայաստանի անկախութեան վերականգնումէն ետք նոյն գոյներով դրօշը կրկին դարձաւ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական խորհրդանիշ։ 1 Փետրուար 1920 թուականին Ստեփան Մալխասեանցին շնորհուած է պատուաւոր իրաւունքը՝ կարդալու առաջին հանդիսաւոր դասախօսութիւնը Երեւանի նորաբաց պետական համալսարանին մէջ։ 1940 թուականին Ստեփան Մալխասեանցին շնորհուած է գիտութիւններու տոքթորի պատուաւոր honoris causa աստիճան. այս մէկը կը շնորհուի, երբ անհատը գիտական աստիճանը կը ստանայ առանց քննախօսութիւն պաշտպանելու, բայց գիտութեան բնագաւառին մէջ մեծ ներդրում կատարած ըլլալու պարագային: 1943 թուականին Մալխասեանց ընտրուած է նորաբաց Հայկական Գիտութիւններու ակադեմիայի հիմնադիր կազմի անդամ։

Ակադեմիկոս Ստեփան Մալխասեանց եղած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հոգեւոր խորհուրդի անդամ, ինչպէս նաեւ 1944 թուականին՝ «Էջմիածին» ամսագրի հիմնադիր անդամ, մինչ այդ արդէն ունենալով մեծ փորձ՝ լրագրական եւ յօդուածագրական բնագաւառէն ներս: Մալխասեանցի առաջին երկու յօդուածները տպագրուած են «Արարատ» ամսագրի 1878 թուականի 4-րդ եւ 5-րդ թիւերուն մէջ. այս յօդուածները եղած են Թոմաս Էտիսոնի պատրաստած առաջին ձայնագրիչ սարքի եւ Փարիզի Սենի ափին կազմակերպուած հայկական ձեռագիրներու ու հնատիպ գիրքերու ցուցահանդէսին մասին: Անոր համագործակցութիւնը «Արարատ» ամսագրին հետ շարունակուած է մինչեւ «Արարատ»ի փակումը՝ 1919 թուականը։ Գիտնականը բազմաթիւ յօդուածներով հանդէս եկած է նաեւ շարք մը հանդէսներու եւ լրագիրներու էջերուն մէջ, որոնցմէ են՝ «Մշակ», «Հանդէս ամսօրեայ», «Մարտակոչ», Գիտութիւններու ակադեմիայի՝ «Տեղեկագիր»ը։

Հետաքրքական է, որ անցեալ դարու վերջերուն Ախալցխան հայ ժողովուրդին տուած է շարք մը նշանաւոր գործիչներ, նկարիչներ, հայ մշակոյթի եւ արուեստի նուիրեալներ: Ծանօթ են Յակոբ Մանանդեանի, Վարդգէս Սուրէնեանցի, Յակոբ Կոճոյեանի, Արամ Ինճիկեանի, Կարօ Ղաֆատարեանի, Պիոն Յակոբեանի եւ այլոց անունները: Ահաւասիկ Մալխասեանցն ալ իր ծնունդով նոյնպէս Վրաստանի Սամցխէ-Ջաւախք տարածաշրջանի Ախալցխա քաղաքէն էր, որ աւանդաբար նկատուած է այդ շրջանի մշակութային, տնտեսական, նաեւ՝ քաղաքական կեդրոնը: Դժբախտաբար այսօր անոր հայրենի քաղաքին մէջ գոյութիւն չունի յիշատակի վայր մը, որ կը խորհրդանշէ Ստեփան Մալխասեանցի ախալցխացի ըլլալը, ինչպէս նաեւ ամբողջական հրատարակութիւններու տեսքով չեն կազմուած գիտնականին գործերը, ինչ որ այսօրուան գրականագէտներուն, հայ մամուլի ուսումնասիրողներուն գործն է: Կ՚արժէ նոր ժամանակներու լոյսին տակ ի մի բերել եւ թուային կամ թղթային տարբերակներով հրատարակել Մալխասեանցի՝ մանաւանդ մամուլի մէջ զանազան տարիներու լոյս տեսած յօդուածները եւ այն հետաքրքական ելոյթները, զորս գիտնականը ունեցած է Առաջին հանրապետութեան տարիներուն:         

Մալխասեանց տիրապետած է շարք մը լեզուներու, լաւագոյնս տիրապետելով գրաբարին՝ հետագային դարձած է գրաբարի մեծագոյն մասնագէտներէն մին: Անոր «Գրաբարի հոլովումը, խոնարհումը եւ նախդիրները» (Թիֆլիս, 1891 եւ 1910) եւ «Գրաբարի համաձայնութիւնը» (1892) դարձած են ուղեցոյցներ գրաբարի յետագայ ուսումնասիրողներուն համար։ Ընդունելով նախալեզուի գոյութիւնը՝ Ստեփան Մալխասեանց կ՚ընդունէր նաեւ գրաբարէն առաջ հայ բարբառներու գոյութեան վարկածը։

Մալխասեանցի կեանքէն յատկանշական դրուագ մըն ալ յայտնի է. ան եղած է կալւածատէր, դարասկզբին Աւետիք Իսահակեան նոյնիսկ քննադատական յօդուած տպագրած է Ստեփան Մալխասեանցի մասին, որպէս կալուածատիրոջ: Յետագային անոնք անշուշտ այդ հարցին շուրջ խօսած եւ իրարու հասկցած են եւ Իսահակեանի մօտեցումն ալ թերեւս մեղմացած է:

Երբ Մալխասեանց ութսուն տարեկան էր, գիտնական, փրոֆեսէօր Ռուբէն Զարեանը կ՚երթայ Թիֆլիզ՝ Մալխասեանցի մօտ եւ կ՚առաջարկէ թարգմանել Մովսէս Խորենացիի «Հայոց պատմութիւն»ը, ըսելով, որ այդ գլուխ գործոցը մինչ այդ ամբողջական թարգմանութիւն չէ ունեցած, այլ եղած են հատուածական թարգմանութիւններ: Մալխասեանց, իր տարիքէն քիչ մը կը վարանի, բայց Զարեան կ՚ըսէ, որ միայն ինք կրնայ կատարել այդ գործը, մանաւանդ ատոր համար երաշխաւորած է Մանուկ Աբեղեանը: Մալխասեանց կը ժպտի, կը համաձայնի եւ կը կատարէ այդ դասական թարգմանութիւնը: Մասնագէտներ արժէքաւոր կը նկատեն ոչ միայն բուն թարգմանութիւնը, այլեւ՝ յառաջաբանը, զոր Մալխասեանց գրած եւ զետեղած է թարգմանութենէն առաջ, ուր ան անգամ մը եւս հիմնովին կը փաստէ Խորենացիի ապրած դարաշրջանին մասին իր գիտական հիմնաւորումները: Ինչպէս ծանօթ է՝ մինչեւ Մալխասեանցը բազմաթիւ հեղինակներ, եւ բանասէրներ կը հերքէին Խորենացիի՝ հինգերորդ դարու պատմիչ ըլլալու հանգամանքը, Խորենացին կը վերագրէին աւելի ուշ ժամանակաշրջանի՝ ութերորդ, իններորդ դարերու պատմիչ: Մալխասեանց յետագային նոյնիսկ հսկայածաւալ աշխատութիւն մը գրած է այդ մասին՝ հայագիտութեան մէջ լուրջ բանավէճ ծաւալելով: Հակառակ որ որոշ գիտնականներ, ինչպէս՝ Մանանդեանը եւ Ադոնցը մնացին իրենց կարծիքին, բայց Մալխասեանցը, նաեւ՝ Աբեղեանը կրցան հիմնովին հերքել իրենց տեսակէտները:

Տակաւին Սեն Փեթերպուրկի մէջ ուսանելու տարիներուն Ստեփան Մալխասեանց պատրաստեց առաջին լուրջ ուսումնասիրութիւնը՝ Ստեփանոս Տարօնեցիի (Ասողիկ) «Պատմութիւն տիեզերական» գիտական բնագիրն ու ծանօթագրութիւնները, որ հրատարակուած է 1885 թուականին։ Ասոր յաջորդած են Ղազար Փարպեցիի «Պատմութիւն հայոց», «Թուղթ առ Վահան Մամիկոնեան», ապա՝ Սեբէոսի եւ Ամիրտովլաթ Ամասիացիի աշխատութիւնները՝ ծանօթագրութիւններով ու մեկնաբանութիւններով։ Յետագային լոյս տեսած են անոր «Գրիգոր Լուսաւորիչ», «Մաշտոցի ծագման ժամանակը», «Երբ հայերն ընդունած են քրիստոնէութիւնը», «Խորենացիի անձը եւ գործը» եւ այլ աշխատութիւններ։ Ոչ միայն Մովսէս Խորենացիի, այլ նաեւ՝ Փաւստոս Բիւզանդի «Պատմութիւն հայոց»ը ան նոյնպէս աշխարհաբարի վերածած է: 1880-ական թուականներուն ան կը թարգմանէր նաեւ Վիքթոր Հիւկոյի բանաստեղծութիւններէն, որմէ ետք անցաւ աւելի մեծ գործերու. թարգմանեց Ուիլիըմ Շյքսփիրի «Արքայ Լիր», «Մաքպէթ», Գ. Էպերսի «Մարդ եմ» գործերը, ապա ռուսերէնի թարգմանեց Սիմէոն Երեւանցի Կաթողիկոսի «Ջամբռը», ինչպէս նաեւ Սեբէոսի «Հայոց պատմութիւն»ը եւ ուրիշ հեղինակներու գործեր։

Ժամանանակիցներու վկայութեամբ Մալխասեանցը շատ մեղմ էր, բնաւորութեամբ՝ բարի, շատ համեստ էր ու աշխատասէր, ինչպէս կը գրէ փրոֆեսէօր Ռուբէն Զարեանը՝ «սուրբի էր նման»: Թերեւս նաեւ այդ է պատճառը, որ գիտնականը յաջողած է խոյս տալ սթալինեան բռնաճնշումներէն: Փաստօրէն, այն տարիներուն, երբ սթալինեան աքսորը տեղի կ՚ունենար եւ բազմաթիւ մտաւորականներ զոհ դարձան այդ բոլորին, Մալխասեանց կը գործէր եւ մեծ վտանգ կար, որ ան նոյնպէս ենթակուէր աքսորի, որովհետեւ եղած է գաղափարական կուսակցութեան անդամ, հոգեւոր վարժարաններու տեսուչ, դէմ եղած է այդ տարիներու լեզուական բարեփոխումներուն եւ այլն: Բայց, հաւանաբար գլուխը կախ աշխատելուն, իր գործին նուիրուած մնալուն հանգամանքը ուշադրութենէ զերծ պահած է զայն:

Մեծ է Ստեփան Մալխասեանցի ներդրումը հին հայերէնի, հայոց լեզուի պատմութեան, համեմատական քերականութեան, ինչպէս նաեւ ժամանակակից հայերէնի մի քանի կնճռոտ ու բանավիճային հարցերու ուսումնասիրութեան մէջ։ Ան իր ծանրակշիռ խօսքը ըսած է հայոց լեզուի ցեղակցութեան, հայերէնի տաղաչափութեան եւ բազմաթիւ այլ հարցերու վերաբերեալ։ Ծանօթ է, որ 1910-ական թուականներուն բանավէճ ծաւալած է աշխարհաբարի հոլովներուն վերաբերեալ. Մալխասեանց բանավէճի մտած էր Մանուկ Աբեղեանի հետ: Նոյն թուականներուն հսկայական բանավէճ ծաւալած էր նաեւ հայերէնի ուղղագրութեան վերաբերեալ, որուն պարագլուխը նոյնպէս Մալխասեանցն էր: Ան յօդուածներ կը գրէր «Մէկ հնչիւնին մէկ գիր» նշանաբանով։ Բանավէճը տեւած է տասը տարիէն աւելի, ան միշտ մնացած է Մանուկ Աբեղեանին հակառակորդը։ Ահա թէ ինչու երբ Ռուբէն Զարեան ըսած է, թէ Մանուկ Աբեղեանը խորհուրդ տուած է, որ Մալխասեանց լաւագոյնս կը թարգմանէ Խորենացիի «Հայոց պատմութիւն»ը, Մալխասեանց ժպտած է:

1857 թուականին ծնած է Ստեփան Մալխասեանց, մահացած է 1947 թուականին՝ ապրելով 90 բովանդակալից տարիներ, որոնցմէ եօթանասունը նուիրած է իր ժողովուրդին եւ գիտութեան: Այս տարի կը լրանայ ոչ միայն անուանի գիտնականի ծննդեան 160-ամեակը, այլ նաեւ՝ մահուան 70-ամեակը:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 7, 2017