ԱՆԿՈՐՆՉԵԼԻ ԿՈԹՈՂ ՄԸ

Հրազդան Թոքմաճեան Հալէպի մէջ, ռումբերու տարափին տակ պատրաստած է իր վերջին հատորը, որ կը կոչուի՝ «Գալէմքեարեաններ. Այնթապ, Դամասկոս, Հալէպ»։ Այս պատկերագիրքի շնորհանդէսը, հեղինակին ներկայութեամբ, խաղաղած Հալէպի մէջ տեղի ունեցաւ ընթացիկ օրերուն: Նկարիչ, արուեստագէտ, գեղանկարիչ, ազգագրագէտ Հրազդան Թոքմաճեան բազում հատորներու հեղինակ է։ Ինչպէս նախորդները, նոյնպէս այս մէկը՝ Գալէմքեարեաններուն նուիրուած երկլեզու վերջին հատորը ջերմ ընդունելութիւն գտաւ թէ՛ Հալէպի եւ թէ Հայաստանի մէջ: Հայաստանի մէջ հատորը ներկայացուած էր անցեալ տարի, սակայն արձագանգները կը շարունակուին եւ հատորին մասին խօսելու առիթ մը եւս հանդիսացաւ անոր հալէպեան թարմ շնորհանդէսը, որու ընթացքին ներկաները մեծապէս գնահատեցին հրաշալի ու հազուագիւտ լուսանկարներով կազմուած այս գիրքը, որ կը պատկերէ Գալէմքեարեաններու նշանաւոր տոհմին արհեստն ու արուեստը՝ անցնող 200 տարիներուն: Հալէպահայ գրող Լեւոն Շառոյեան Գալէմքեարեաններուն նուիրուած գիրքը անուանած է «Անկորնչելի կոթող մը անոնց դամբարանին վրայ կանգնած»:

Գալէմքեարեանները եղած են անցեալին Այնթապի մէջ պղինձի եւ արծաթի մշակման մեծ վարպետներ: Հեղինակը, այս պատմական տոհմին անդրադառնալէ առաջ, կը խօսի հայերու մօտ մետաղի մշակման դարաւոր աւանդութիւններուն մասին, որոնք սկիզբ առած են հին ժամանակներէն: Այս երեւոյթին հիմնական նախադրեալը թերեւս եղած է հայկական բարձրավանդակի մէջ մետաղեայ հանածոներու գոյութիւնը: Հայերը ծանօթ էին նաեւ մետաղ եւ մետաղեայ առարկաներ արտահանելու իրենց վաճառականական շնորհով:

Հրազդան Թոքմաճեան կարեւոր երեւոյթ մը նկատած է, որ հայ վարպետներուն համբաւը միշտ դուրս ելած է Հայաստանի սահմաններէն: Քաղաքական եւ զանազան անբարենպաստ պայմաններու պատճառով հայերը մշտապէս մեծ զանգուածներով հեռացած են իրենց բնակավայրերէն, տարածուելով դէպի Պարսկաստան, Արաբական աշխարհի երկիրներ, Բիւզանդիա, Ռուսաստանի հարաւային շրջաններ եւ այլ վայրեր: Ըստ Հրազդան Թոքմաճեանի, ինչպէս փաստուած է կարգ մը աղբիւրներու մէջ, հայ արհեստաւորներուն հեղինակութիւնը միշտ բարձր եղած է միջինարեւելեան շուկաներէն ներս. որեւէ առարկայի՝ հայու մը գործը ըլլալը որակի ցուցանիշ եղած է: Տարիներու ընթացքին ձեւաւորուած են համքարութիւնները, արհեստաւորներուն ընտանիքները, որոնք արհեստը սերունդէ սերունդ փոխանցած եւ պահած են: Բազմաթիւ հայ նշանաւոր արհեստաւորներու ընտանիքներուն մէջ պապենական արհեստը սրբութիւն նկատուած է, իսկ անոր աւանդութիւններուն պահուիլը՝ նուիրական գործ: Ահաւասիկ, այդպիսի ընտանիքներէն եղած են պղինձի եւ արծաթի մշակման մեծ վարպետներ, Օսմանեան արքունիքի նուրբ փորագրիչներ նկատուած Գալէմքեարեանները:

Աւանդութեան համաձայն անոնց նախահայրը՝ դերձակ Յակոբը եկած է Արեւելեան Հայաստանէն՝ պարսկական տիրապետութեան տակ գտնուող Ջուղա քաղաքէն:

Յակոբի որդին՝ տիրացու Մելքոն խալֆան եղած է անագագործ (կլայեկագործ): Մելքոնի որդիներէն հօր արհեստը շարունակողը եղած է Կարապետ, որ զբաղած է թէ՛ կլայեկագործութեամբ, թէ՛ պղնձագործութեամբ: Միեւնոյն ատեն Կարապետը համբաւ վայելած է իբրեւ փորագրիչ, պղինձի վրայ բազմատեսակ զարդեր փորագրող: Ըստ աւանդութեան, վարպետը ուխտի գացած է Կեսարիոյ Սուրբ Կարապետ վանքը: Ճանապարհին այցելած է Կեսարիա, ուր, ամենայն հաւանականութեամբ, հանդիպած է հրաշալի պղնձագործներու եւ փորագրիչներու: Եւ վերադառնալով Այնթապ, աշխատած է բազմապատկուած եռանդով ու հասած մեծ յաջողութիւններու: Այդ ժամանակ ալ ան փոխած է մականունը՝ նախկին Գալայճըն վերածելով Գալէմքեարեանի: Ըստ Ստեփան Մալխասեանի բացատրական բառարանի մեկնումներուն, «գալէմ» կամ «ղալամ» արաբերէն կը նշանակէ գրիչ, փորագրութեան համար գործածուող սրածայր մետաղէ գործիք, այսինքն Գալէմքեարեան կը նշանակէ ղալամով աշխատող, շահող կամ փորագրիչ: Կարապետ մահացած է 1885 թուականին, Այնթապի մէջ եւ անոր գործերէն չէ պահպանուած, կամ հաւանական չէ յայտնաբերել անոր գործերէն, թերեւս այն պատճառով, որ ան անձնական դրոշմ չէ գործածած: Բայց, ամէն պարագայի, գիրքին մէջ յիշուած է արծաթեայ պնակի մը մասին, որ Կարապետ պատրաստած է Այնթապի Ամերիկեան գոլէճէն եկած պատուէրով, որուն վրայ դրուագած է Քրիստափոր Գոլոմպոսը: Կը յիշուի նաեւ, որ Կարապետ ունեցած է բացառիկ երաժշտական ընդունակութիւններ, իսկ արհեստ սիրող որդի ունենալը անոր մեծագոյն փափաքը եղած է եւ անոր զաւակներէն Մելքոնն էր, որ պզտիկ տարիքէն սէր ցուցաբերած է հօրը գործին հանդէպ:

Հայ պղնձագործութեան մեծագոյն վարպետներէն Մելքոն ուստա Գալէմքեարեան ծնած է 1859 թուականին, Այնթապի մէջ: Տակաւին վաղ հասակին ան տիրացած է նրբագեղ փորագրութիւններ ընողի համբաւին: Այնթապի մէջ սովորութիւն էր նորահարսի ցուցամատին սուտակ քարով խոշոր մատանի դնելը. այդ մատանիներու երկու կողմերուն վրայ Մելքոն վարպետի փորագրած վարդերն ու այլ զարդաձեւերը մեծ ընդունելութիւն գտած են:

Գալէմքեարեաններուն համբաւը հասած է մինչեւ Պոլիս եւ այլ քաղաքներ: Պալատներու եւ շքեղ առանձնատուներու մէջ անոնց գործերը ունէին պատուաւոր տեղ:

Մելքոն վարպետի անուան հետ կապուած է պղնձագործութեան մէջ լայնօրէն օգտագործուող զօդանիւթի (լէհիմ) պատրաստութիւնը: Ան զօդանիւթը առաջին անգամ տեսած է պարսիկ վաճառականի մը քով, հիացած, սակայն վերջինս հրաժարած է բացատրել անոր բաղադրութիւնը: Այսպիսով, վարպետ Մելքոն լծուած եւ զանազան մետաղներու համադրութիւններ փորձելով ի վերջոյ ստացած է զօդանիւթը եւ չէ զլացած անոր բաղադրութիւնը փոխանցելու նաեւ քաղաքի միւս արհեստաւորներուն:

Հին սերունդի այնթապցիները կը յիշեն, որ Այնթապի մզկիթներէն մէկը կոչուած է «Գալէմքեր ճամիսի». մզկիթին «Մելքոնաշէն» գմբէթը կանգուն է մինչեւ այսօր:

Գալէմքեարեաններուն արհեստանոցը եղած է Այնթապի վաճառականներուն, ուսուցիչներուն, հոգեւորականներուն եւ բանաստեղծներուն հաւաքատեղին:

Մելքոն ուստայի կարեւոր աշխատանքներէն է Այնթապի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ ջահը, որ կը գործածուէր մինչեւ 1915 թուականը, այնուհետեւ՝ 1918 թուականին Գալէմքեարեան եղբայրները զայն յայտնաբերած են այլ վայրի մը մէջ եւ պահանջած վերադարձնել: Սակայն ջահը կրկին Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ երկար չի մնար եւ եկեղեցւոյ այլ իրերուն հետ կը տեղափոխուի Հալէպ: Այսօր կախուած է Հալէպի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:

Գալէմքեարեաններու հօրենական տունը կը գտնուէր Այնթապի միջնաբերդի մօտակայ Գալա-Ալթը (Քալէալթը) շրջանին մէջ:

1915 թուականին Գալէմքեարեանները կը հասնին Հալէպ, ուրկէ Ճեմալ փաշայի տնօրինումով կը տեղափոխուին Դամասկոս: Շատ յատկանշական պատմութիւն մը կայ կապուած անոնց՝ Դամասկոս տեղափոխուելուն հետ: Հալէպի մէջ Մելքոն կը տեղեկանայ, որ Հարաւային ճակատին վրայ կռուող թրքական բանակի ընդհանուր հրամանատար Ճեմալ փաշա իջեւանած է «Պարոն պանդոկ»ին մէջ: Օգտուելով առիթէն՝ վարպետը կը փորձէ տեսնել զօրավարը: Հալէպաբնակ Սահակ Պաղտասարեանին պատկանող, իր աշխատած լաւագոյն կրակարաններէն մին փոխ առնելով եւ խնդրագիր մը պատրաստելով կ՚երթայ պանդոկ: Պանդոկին տէրերը՝ Արմէն եւ Գրիգոր Մազլումեանները իրենց հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ կ՚օգնեն, որ բախտորոշ հանդիպումը կայանայ: Ճեմալ, իրեն նուէր ուղարկուած կրակարանին վրայ, տեսնելով Գալէմքեարաններուն կնիքը եւ գիտնալով, որ անոնցմէ վարպետ Մելքոն տեսակցութիւն կը խնդրէ՝ ներս կը հրաւիրէ զինք: Զօրավարին ջերմ եւ անմիջական մօտեցումը իր նախապատմութիւնը ունէր: Տարիներ առաջ Գալէմքեարաններու պատրաստած կլոր ձուաձեւ պնակներու, մատուցարաններու, զանազան տեսակի իրերու ամբողջ հաւաքածոյ մը նուէր ստացած էր փաշան: Իսկ աւելի ուշ՝ կուսակալ նշանակուելուն առիթով, իր այնթապցի դասընկերներէն նուէր ստացած էր գեղեցիկ ինքնաեռ մը, որ վարպետ Մելքոնի գործն էր: Աւանդական սուրճի հիւրասիրութենէն ետք Ճեմալ մեծ համակրանքով կը լսէ վարպետը: Մելքոն կը մտածէ զօրավարին միջնորդութեամբ տեղաւորուիլ Հալէպի մէջ. քաղաքը մեծ արհեստաւորական կեդրոն մըն էր եւ ինքն ու իր որդիները այնտեղ կրնային իրենց ապրուստը շահիլ: Ճեմալ շնորհակալութեամբ կը հրաժարի կրակարանէն եւ վարպետին յետագայ փորձութիւններէն զերծ պահելու համար կ՚առաջարկէ հաստատուիլ Դամասկոս՝ իր նստավայրին մէջ: Այս առաջարկի միջնորդութեան բերումով է, որ Գալէմքեարեանները կը տեղափոխուին Դամասկոս:

Մելքոն վարպետ Դամասկոսի Սուք Սարուճա շուկային մէջ կը վարձէ խանութ մը, ուր կը շարունակէ իր արհեստը՝ բազում դժուարութիւններ դիմագրաւելով, բայց ի վերջոյ, գտնելով իր տեղը: Այդ տարիներու աշխատանքն է նաեւ յետագային Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին նուիրաբերուած կրակարանը:

Մելքոն մահացած է Դամասկոսի մէջ, 1918 թուականին, Դաշնակից զօրքերուն կողմէ քաղաքին գրաւումէն առաջ: Ան ունեցած է եօթ զաւակներ, որոնք եւս զանազան ճակատագիրներու արժանացած են Այնթապի, Դամասկոսի, Եգիպտոսի, Լիբանանի մէջ:

Պատերազմի աւարտէն ետք Գալէմքեարեանները վերադարձած են Այնթապ:

Մելքոն վարպետին անդրանիկ զաւակը՝ Յարութիւն ծնած էր 1886 թուականին, արհեստը սորված էր հօրմէն եւ նոյնպէս վարպետ դարձած: Թէ՛ ան, թէ՛ իր եղբայրը որոշակի վարպետութեան հասնելէ ետք ունեցած են իրենց կնիքը: Նման որակի վարպետներուն համար կնիքը նկատուած է վարպետութեան վկայական: Անոր փորագրութիւնները մեծ բաւականութիւն կը պատճառէին գնորդներուն: Յարութիւն ամուսնացած էր Սանդուխտ Պիւլպիւլեանի հետ եւ ունէր չորս զաւակ՝ Անահիտ, Արաքսի, Մելքոն եւ Յովհաննէս: Ան մահացաւ 1967 թուականին:

Աւետիսը Մելքոն ուստայի կրտսեր որդին էր, ծնած՝ 1888 թուականին եւ ան իր մասին թերեւս ամենէն շատ գրուածն է: Հօրը եւ եղբօրը նման առաջնակարգ արհեստաւոր, ան նաեւ Այնթապի 1920 թուականի ինքնապաշտպանութեան գըլ-խաւոր կազմակերպիչներէն եղած էր:

Այնթապի հայաթափումէն ետք Գալէմքեարեանները բնակութիւն հաստատեցին Հալէպի մէջ, ուր Խանտակ փողոցին վրայ արհեստանոց բացին: Հակառակ Բ. Աշխարհամարտի յարուցած դժուարութիւններուն, անոնք պատուիրատուներու պակաս չէին զգար, կ՚աշխատէին քաղաքի լաւագոյն ընտանիքներուն համար: Անոնց պատուիրատուներէն էին Ճապրիները, Հանանոները եւ Սուրիոյ նախագահ Շիւքրի Քուաթլին: Նախագահը 1940-ականներուն այցելած է համբաւաւոր վարպետներուն, տեղաւորուած երրորդ կոճղին մօտ եւ հետաքրքրութեամբ հետեւած է եղբայրներու աշխատանքին: Պահպանուած է նաեւ յիշողութիւն մը, թէ 1930-ականներուն վարպետներուն աշխատանքը նկարահանուած է շարժանկարային խցիկով:

Կարեւոր տեղեկութիւններ հաղորդելով Գալէմքեարեաններուն մասին, պատկերագիրքին հեղինակը՝ Հրազդան Թոքմաճեան կը նշէ նաեւ, որ Աւետիս Գալէմքեարեան Մեծ Ներգաղթի տարիներուն մտածած է Հայաստան հայրենադառնալու մասին: Ան Ներգաղթի կոմիտէէն հայրենիք երթալու եւ տեղւոյն վրայ իրավիճակին ծանօթանալու հնարաւորութիւն խնդրած է: Վարպետը խորհած է խումբ մը արհեստաւորներ՝ ձուլագործներ, պղնձագործներ, կաղապարագործներ տեղափոխել Հայաստան: Իր ծրագրին մասին գրած է՝ Ամերիկայի Այնթապցիներու միութեան կեդրոնական վարչութեան ղրկած մէկ նամակին մէջ. «Պաշտօնական շրջանակներուն իմացուցինք, թէ արհեստաւոր մը, արուեստագէտ մը իր շրջապատի արհեստաւորները տանելով միայն օգտակար կրնայ ըլլայ Հայաստանի Հանրապետութեան: Մինչդեռ իրենց տարած եղանակով՝ 10 տոկոսով օգտակարութիւն մը չ՚ունենար անձը»: Այցելութեան առաջարկը, բնականաբար, մերժուած է եւ Աւետիս մնացած է Հալէպի մէջ: Բայց անոր քրոջ որդին՝ Լեւոն Պէքէրեան 1949 թուականին գացած է Հայաստան եւ իր քեռիներէն սորված արհեստը մեծ նշանակութիւն ունեցած է հայրենիքի մէջ անոր ապագային համար: Լեւոն երկար տարիներ ղեկավարած է Երեւանի Գեղարուես-տական արտադրութիւններու գործարանին պղձնագործութեան բաժինը:

Աւետիս Գալէմքեարեան մահացած է 1961 թուականին, Հալէպի մէջ: Հալէպահայութիւնը, ինչպէս նոյնպէս կը տեղեկանանք պատկերագիրքին մէջ անոր յատկացուած ծաւալուն բաժինէն, փառաշուք յուղարկաւորութեամբ հրաժեշտ տուած է իր հերոսին: Անոր գերեզմանին վրայ յետագային կառուցուած է Այնթապի հերոսամարտին յուշարձանը:

Յովհաննէս Գալէմքեարեան՝ Յարութիւնի կրտսեր որդին, ծնած՝ 1939 թուականին, շարունակած է պապենական արհեստը: Խանտակի արհեստանոցը վաճառուած էր, ան նոր արհեստանոց մը բացած է Ազգային առաջնորդարանի գետնայարկի խանութներէն մէկուն մէջ: Ան աշխատած է ոչ միայն Հալէպի նշանաւոր ընտանիքներուն, այլեւ Սուրիոյ նախագահական պալատին, Յորդանանի եւ Յունաստանի թագաւորներուն համար:

Հայ եկեղեցւոյ բոլոր թեմերուն մէջ մինչեւ այսօր կը փնտռուին վարպետ Յովհաննէսի պատրաստած արծաթեայ եւ պղնձեայ սպասները եւ գաւազանները, քշոցներն ու սկիհները: Շուրջ երեք տասնամեակ տեւած անոր բեղմնաւոր աշխատանքը մեծ ներդրում է հայ արծաթագործութեան մէջ:

Այս շրջանին գործին մէջ կը ներգրաւ-ւին աւագ եղբայրը՝ Մելքոնը, ապա որդին՝ Արթունը:

Մելքոն միջոց մը աշխատած է Քուէյթ իբրեւ երկաթագործ, յետոյ վերադառնալով Հալէպ՝ 1987 թուականէն մինչեւ մահը աշխատած է եղբօրը՝ Յովհաննէսին հետ: Գլխաւորաբար դրուագման գործեր կատարած է: Ան մահացած է 1995 թուականին:

Այս ժամանակ գործը վերելքի մէջ էր: Յովհաննէսի հետ կ՚աշխատէր նաեւ իր քրոջ որդին՝ Աւետիք Պայրամեան: Շուրջ տասնամեակ մը Գալէմքեարեաններուն հետ աշխատած է ուրֆացի Յարութիւն Ղարիպեան եւ մեծ հմտութեամբ մասնակցած է դրուագման աշխատանքներուն:

Յովհաննէս Գալէմքեարեան 1969 թուականին ամուսնացած էր Սօսի Սարգիսեանի հետ. զաւակները՝ Արթուն, Բալիկ եւ Դալար:

Արթուն ամուսնացած էր Գայիանէ Էլիզպարեանի հետ:

Բալիկ արուեստագիտութեան մագիստրոս է, 2003 թուականին աւարտած է Կոմիտասի անուան երաժշտանոցը: Ամուսնացած է թաւջութակահար եւ մանկավարժ Կոնստանդին Բոքովի հետ:

Դալար բարձրագոյն կրթութիւնը ստացած է Երեւանի պետական համալսարանին մէջ. մանկավարժութեան մագիստրոս է եւ աշխատանքի մտած Քուէյթի Ազգային ճեմարանին մէջ: Ամուսնացած է Անթոնի Տաղլեանի հետ:

Յովհաննէսի որդին՝ Արթուն ծնած է 1971 թուականին, Քուէյթ: Եղած է հօր կարեւոր գործընկերը: Անոր նկարազարդումները մեծ յաջողութիւն արձանագրած են։

Արթուն 1998 թուականին մեկնած է Երեւան, ուր երաժշտական բարձրագոյն կրթութիւն ստացած է, ամուսնացած է տեղացի հայուհիի մը հետ, 2003 թուականին վերադարձած է Հալէպ, մեծ ներդրում ունեցած է տեղւոյն երաժշտական կեանքի կազմակերպման մէջ եւ երիտասարդ տարիքին հիւանդանալով մահացած է 2008 թը-ւականին: Մեծ ճիգերով ընտանիքը դիմացաւ ճակատագրի այս հարուածին: Հակառակ անոր, որ ամէն ինչ գլխիվայր շրջեցաւ, բայց վարպետ Յովհաննէս չձգեց արհեստը: Ճիշդ է՝ նախկին եռանդը չկար, բայց կը շարունակէր աշխատիլ: Հայոց եկեղեցւոյ պատարագին հոգեպարար հնչիւններուն տակ, ձայնակցելով շարականներուն, ան գործի կը դնէր իր մուրճիկը:

Յովհաննէս Գալէմքեարեան մահացած է 2015 թուականին… Հալէպի պատերազմի ընթացքին, ինչպէս կը նշէ հեղինակը, որ կը բնակէր վարպետի դրացնութեամբ, երբեմն կը տեսնէր զայն պատշգամէն մտամոլոր դիտելու պահուն…

Գիրքին մէջ զետեղուած են վարպետ Յովհաննէսի ձեռքին բացառիկ գործերը. օրինակ՝ 2008 թուականին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսին կողմէ Հռոմի Պապին նուիրաբերուած «Մատեան ողբերգութեան» յատուկ օրինակը, որուն արծաթեայ կազմը Յովհաննէս Գալէմքեարեանի աշխատանքն է…

Պատկերազարդ եւ սնդուսափայլ գիրքին մէջ կան նաեւ ուրիշ բացառիկ լուսանկարներ, որոնք դժուար եւ երկար ճանապարհ անցած վարպետներու այս ընտանիքի ձեռքի գործերն են եւ որոնք բնորոշ են թանգարաններու, պալատներու, արքայական ու իշխանական տուներու…

Գալէմքեարեանները կը պատրաստէին ամաններ, սափորներ, բաժակներ, մատուցարաններ, բաղնիքի թասեր, ծաղկամաններ, ճաշամաններ, դոյլեր, ափսէներ, պնակ-ներ, կաթսաներ, խորանի խաչեր, վարդապետական եւ եպիսկոպոսական գաւազաններ, մոմակալներ, միւռոնի սափոր, նշխարի աման, միւռոնաթափ աղաւնի, կոնքի թաս, ջրօրհնէքի կաթսայ, կանթեղներ, քշոցներ, աշտանակներ, սկիհներ, սկիհի պահարաններ, ժամագիրքի կազմեր, բուրվառներ, ձեռագիր մատեաններու համար դրուագազարդ արծաթեայ կազմեր, Սուրբ Գիրքի կազմեր, խնկամաններ, տապանակներ, մասնատուփեր, կրակարաններ, գինիի թասեր, զովացուցիչ ըմպելիներ պատրաստող գործիքներ, պտղամաններ, կլկլակներ, պաղպաղակի սպասներ, գաւաթներ, թէյամաններ, շաքարամաններ, սափրիչի թասեր, տուրմի մատուցարաններ, ունելիներ, ապարանջաներ, դրամապանակներ, գարեջուրի գաւաթներ եւ բազում այլ առարկաներ:

Թանով լեցուն մեծ թասը կը դրուէր ճաշասեղանին վրայ. իւրաքանչիւրը կ՚ունենար շերեփանման դգալ մը եւ անով կ՚առնէր իրեն բաժին թանը:

Այնթապի մէջ բոլոր ընտանիքները ունէին ջուրի համար նախատեսուած քանի մը դոյլ: Վարպետներուն պատրաստած դոյլերը ունէին բնորոշ առանձնայատկութիւն մը: Յետագային, Հալէպի մէջ պատրաստուած դոյլերը փոխած են իրենց ձեւը:

Մածունի համար պատրաստուած դոյլը ունէր իր առանձնայատկութիւնը:

Մետաղեայ սպասները գեղազարդելու քանի մը միջոց կայ. անոնցմէ մէկը փորագրութիւնն է:

Գալէմքեարեաններու աշխատանքները ընդհանրապէս գեղազարդուած են հարուածային ձեւով: Դրուագման հարուածային երեք ձեւ կայ. փորագրութիւն սալի վրայ, միակողմանի հարուածային եւ երկկողմանի հարուածային:

Ձեռագիր մատեաններու դրուագազարդման արծաթեայ կազմեր պատրաստելը միշտ ալ ծախսալից գործ եղած է, սակայն Գալէմքեարեան եղբայրները զանոնք հանրամատչելի ձեւով գեղազարդելու միջոց մը որդեգրած են: Մոգերու երկրպագութեան, խաչելութեան եւ յարութեան դրուագումները Յարութիւն Գալէմքեարեանի գործերն են: Վարպետը հետեւելով յայտնի ստեղծագործութիւններուն, գեղեցիկ դրուագումներ կատարած է:

Յարութիւն այսպիսի բազմաթիւ գործերու հեղինակ է: Ան միշտ ունէր պատրաստ դրուագումներ, որոնք շատ արագ կ՚ամրացուէին գիրքին թաւշապատ կազմին վրայ: Կարեւոր առիթներով փորագրազարդ կազմով Սուրբ Գիրք նուիրելը Հալէպի հայերուն սովորութիւններէն եղած է:

…Այս պատկերագիրքը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ պատերազմի տարիներուն եւ անկէ առաջ հրատարակուած Հրազդան Թոքմաճեանի գիրքերը կը վկայեն այն մեծ նուիրումին մասին, որ գրող-արուեստագէտը, հետազօտողը, ազգագրագէտը՝ ըլլալով Հայաստանէն, կը տածէ մեծ սէր Սուրիոյ ինքնատիպ եւ հայաշունչ գաղութին հանդէպ եւ մեծ ու նկատելի են անոր գիրքերու տողատակներուն թաքնուած մեծ փափաքը՝ կրկին տեսնել ծաղկուն եւ խաղաղ Սուրիան, իր հայութիւնով։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2017