«ՇԱՐԺԱՆԿԱՐԻ ՆԱՓՈԼԷՈՆ»Ը

Այսօր ամերիկեան շարժանկարային արուեստի հայ երախտաւորներէն մէկուն՝ Ռուբէն Մամուլեանի ծննդեան օրն է՝ 122-րդ տարին: Ամերիկեան շարժանկարի մէջ յեղաշրջում կատարած այս հայը, որ ողջ կեանքի ընթացքին փառք վայելած է, կեանքէն հեռացած է շուրջ երեսուն տարի առաջ՝ Հոլիվուտի մէջ, անփառունակ վախճանով մը, մինչ այդ իր տասնեակ կատուներուն ընկերակցութեամբ տխուր կեանք մը վարած եւ դիմագրաւած է իր կնոջ արբեցութիւնը, որմէ ան տարիներ կը տառապէր:

Իր փառքի օրերուն եւ մահէն ետք Մամուլեանը անուանած են «Պրոտուէյի ծանր հրետանի», «Շարժանկարի Նափոլէոն» եւ «Հոլիվուտի կնքահայր»:

Ըստ ամերիկահայ մամուլին, Ռուբէն Մամուլեանի յուղարկաւորութիւնը՝ 1987 թուականին, կայացած է Հայ Եկեղեցւոյ մէջ՝ ամերիկահայ երեք թեմերու առաջնորդներու եւ եօթ քահանաներու ներկայութեամբ: Ականատեսներու խօսքով՝ մահէն երեք օր առաջ ան ոչինչ կը յիշէր եւ միայն երբեմն հայերէն խօսքեր կ՚արտաբերէր:

Մամուլեան հազուագիւտ մականունով այս արուեստագէտի անունին հետ կը կապուի ամերիկեան շարժապատկերային արուեստի ողջ շրջան մը եւ գունաւոր շարժապատկերի սկիզբը: Անոր ժապաւէններուն մէջ նկարահանուած են Մարլէն Տիտրիխը, Կրեթա Կարպոն, Մորիս Շըւալիէն, Էլիզապէթ Թէյլըրն ալ՝ Մամուլեանի նշանաւոր «Քլէոփաթրա» շարժանկարին մէջ:

Իսկ ինչո՞ւ ան «Հոլիվուտի կնքահայր», «Շարժանկարի Նափոլէոն» եւ այլ անուններով կը կոչուէր: Նախ, Ռուբէն Մամուլեան, յայտնի է, որ աշխարհի մէջ առաջին գունաւոր շարժանկարի հեղինակն է, որ կը կոչուէր «Պեքքի Շարպ»: Այս շարժանկարը, Թուրինի փառատօնին, գոյնը ինքնատիպ կերպով ներմուծելուն համար, յատուկ մրցանակի արժանացած է: 1895 թուականին Լիւմիէր եղբայրները շարժող պատկերներ ստեղծեցին եւ ներկայացուցին պաստառի վրայ, իսկ աւելի ուշ Մամուլեան պատկերները գունաւոր դարձուց:

Պատկերէն դուրս հնչող ձայնը՝ որպէս հերոսի ներքին մենախօսութիւն, նոյնպէս առաջին անգամ Մամուլեան ներմուծած է շարժանկարային արուեստին մէջ: Անոր նորամուծութիւններէն է նաեւ երեք տեսախցիկի միաժամանակ գործածումն ու երկու խօսափողով ձայնագրութիւնը, զորս ան յետագային կը համադրէր ժապաւէնի վրայ: Մամուլեանն առաջինն էր, որ նկարահանող տեսախցիկը անիւներու վրայ դրաւ, բան մը որ մինչեւ այսօր մեծ կիրառութիւն ունի: Այս օրերուն համար թերեւս քիչ մը տարօրինակ թուի, բայց նախորդ դարու սկիզբին Մամուլեանն առաջին անգամ սթիւտիոյէն դուրս շարժանկարներ կը նկարէր՝ կայարանին մէջ, տանիքին, կամուրջին եւ հակառակ որ այդ ամէնը օրէնքի խախտում էր, բայց մեծ ընդունելութիւն գտաւ: Այդ հնարքները յեղաշրջում էին շարժապատկերային արուեստին մէջ եւ շունչ կը հաղորդէին քարացած արուեստին: Նոր շարժանկարի կատարեալ տեսակ կը նկատուէր անոր նկարահանած «Ծափահարութիւններ» ժապաւէնը, ուր բազմաթիւ նորութիւններ կային:

Բեմադրիչը ստեղծագործած է այնպիսի ժամանակաշրջան մը, որ շարժանկարի ոսկեդար կը կոչուի: 20-րդ դարու մեծագոյն բեմադրիչներէն է Մամուլեան, որուն անունը միշտ չէ, որ պատշաճ տեղ կը գտնէ իր գործած ասպարէզին մէջ: Ինքն ալ դժուարութեամբ հարթած է իր ճամբան, բայց ի վերջոյ, անոր անունը դասուած է 20-րդ դարու մեծագոյն բեմադրիչներու անուններուն քով: Մամուլեանի անունը գրուած է նաեւ ամերիկեան թատրոնի Փառքի դահլիճին մէջ, ինչպէս նաեւ՝ Հոլիվուտեան Փառքի ծառուղիին վրայ ան աստղ մը ունի:

Ամերիկեան շարժանկարային արուեստին մէջ յեղաշրջում կատարած այս հայը Կովկասէն էր. ան ծնած է 1897 թուականին Թիֆլիզ: Անոր Հայրը՝ Զաքար Մամուլեան, քաղաքին մէջ ճանչցուած դրամատան մը տէրն էր, եւ մեծ փափաք ունէր, որ իր որդին սարքաշինարար դառնայ, բայց Ռուբէն Մամուլեան իր մօրմէն՝ դերասանուհի Վերգինէ Մամուլեանէն (ըստ մամուլի տուեալներուն, Վերգինէ Մամուլեան Հայաստանէն էր՝ Գուգարքէն) ժառանգած էր սէրը թատրոնի հանդէպ ու պզտիկ տարիքէն կ՚երազէր բեմի մասին: Մամուլեանը դպրոցական կրթութիւն ստանալու համար ղրկած են Փարիզ, իսկ երբ համալսարանական կրթութեան ժամանակը եկած է, երկար քննարկումներով համաձայնութեան եկած եւ իրենց զաւակը ղրկած են Մոսկուա, ուր Ռուբէն Մամուլեան ուսանած է իրաւաբանութիւն:

Մամուլեանի կենսագրութիւնը ուսումնասիրողները միշտ կը նկատեն, թէ լաւ որ ան Մոսկուա գացած է, քանի հոն է, որ հանդիպած է ռուսական թատրոնի մեծերէն մէկուն՝ ռուսահայ բեմադրիչ Եւկենի Վախթանկովին: Մամուլեան անգամ մը իր համալսարանին մէջ թատրոնով հետաքրքրուած ուսանողներուն համար յայտարարութիւն մը կարդացած էր, թէ կրնան դասերէն ետք թատրոնի երեկոյեան դասեր առնել Վախթանկովէն: Ճիշդ է, որ ան Վախթանկովի թատրոնին մէջ միայն քանի մը ամիս ուսանած է, բայց այդ ամիսները իր մէջ սկիզբ դրած են թատրոնի եւ շարժանկարի անմնացորդ սէրին:

Յեղափոխութիւնը սկսած էր, ան Թիֆլիզ վերադարձած է եւ ուսումը կիսատ ձգելէ ետք՝ 1919 թուականին մեկնած է Լոնտոն, իր քրոջ Սվետլանային քով, որ անգլիացիի հետ ամուսնացած եւ հոն կը բնակէր: Լոնտոնի մէջ ան կրկին հրապուրուած է թատրոնով, նոյնիսկ բեմադրութիւններ կատարած է, ապա մեկնած Փարիզ՝ կրկին թատերական ասպարէզին մէջ գործելու համար, բայց նոյն ժամանակ ան Միացեալ Նահանգներէն հեռագիր մը ստացած է, ամերիկացի ձեռնարկատէր եւ գիւտարար Ճորճ Իսթմենէն, որ Իսթմենի երաժշտական դպրոցի հիմնադիրն էր եւ մեծ գործեր ունէր լուսանկարչական եւ ձայնասկաւառակային ասպարէզին մէջ: Ան լսած էր Մամուլեանին մասին, զայն կանչած է աշխատելու եւ Մամուլեան մեկնած է Միացեալ Նահանգներ, որուն մասին մանկութենէն երազած էր: Յետագային Իսթմենի դպրոցին մէջ իր աշխատանքին մասին ան ըսած է. «Իսթմենի մէջ ես երկուքուկէս տարի օփերաներ բեմադրեցի: Հոն ձեւաւորուեցան թատրոնի վերաբերեալ իմ պատկերացումները: Այնտեղ ես շատ բան բացայայտեցի եւ ամենակարեւորը գտայ, այո՛, գտայ ինքզինքս»: 1925 թուականին Լոնտոնի մէջ կը մահանայ անոր քոյրը՝ Սվետլանան: Մամուլեան, որ հարազատներէն հեռու էր, ծանր կը տանի քրոջ մահը: 1926 թուականի յունուարին ան կը բեմադրէ «Քոյր Պէաթրիս» թատրերգութիւնը: Մամուլեան անգամ մը ըսած է, որ «Քոյր Պէաթրիս»ը իր լաւագոյն աշխատանքն էր:

Ան թատրոնի մէջ շատ գործեր բեմադրած է: Օրինակ՝ առաջարկ ստացած է բեմադրելու Հարաւային Ամերիկայի մէջ բնակող սեւամորթներու մասին պատմող «Պորկի» վէպը: Մինչ այդ ոչ մէկ բեմադրիչ կը փափաքէր աշխատիլ սեւամորթ դերասաններուն հետ, իսկ Մամուլեան կտրականապէս հրաժարած է ներգրաւել դիմայարդարուած ճերմակամորթ դերասաններ: Սեւամորթներուն հետ աշխատելու ժամանակ Մամուլեան զանոնք կը յորդորէր չնմանիլ ճերմակամորթ դերասաններուն եւ բնական ըլլալ այնպէս, ինչպէս որ են իրականութեան մէջ: Այս ներկայացման առաջնախաղը կայացած է 1927 թուականի հոկտեմբեր 10-ին: Քննադատները հիացած էին. զանոք մանաւանդ զարմացուցած էր այն փաստը, թէ օտար մը կարողացած էր այդքան լաւ զգալ սեւամորթներու մշակոյթը: Իբրեւ թատերական եւ երաժշտական բեմադրիչ կայանալէ ետք է, որ Մամուլեանը հրաւիրած են շարժանկարներ նկարահանելու:

1929 թուականի աշնան Մամուլեան վերադարձած է թատրոն, եւ քանի մը ներկայացումներ բեմադրած է: Թատրոնէն շարժանկար անցումի շրջանին ան յայտնագործումներու, պրպտումներու մէջ էր: Նոյն տարիներուն Paramount Pictures սթիւտիոն Մամուլեանը կը հրաւիրէ շարժանկար նկարահանելու զինեալ յարձակում կազմակերպած աղջկայ մը եւ տղու մը մասին: Ան Նիւ Եորքէն Հոլիվուտ կը տեղափոխուի, կը նկարահանէ այդ շարժանկարը՝ «Քաղաքային փողոցներ»ը, որ յաջողութեամբ կը ցուցադրուի 1930 թուականին: Ատիկա, փաստօրէն, առաջին հրոսակային ուղղուածութեամբ ժապաւէնն էր եւ անոր մէջ էր, որ առաջին անգամ շարժանկարային պատմութեան մէջ, ժապաւէնի մէջ ձայնը հնչած է պատկերին ետին: Այս շարժանկարին յաջողութիւնը Մամուլեանի համար ճամբայ կը հարթէ եւ յետագայ բազմաթիւ ժապաւէններու մէջ ան նաեւ իբրեւ արտադրիչ հանդէս կու գայ:

1936 թուականին Մամուլեան «Ուրախ հարստահարիչը» շարժանկարին համար ստացած է Նիւեորքեան քննադատներու մրցանակը: Յետագայ քանի մը տարիները Մամուլեան Հոլիվուտի մէջ անցուցած է: Այս շրջանին անոր նկարահանած յաջող շարժանկարներէն են «Զորոյին նշանը» եւ «Արիւնն ու աւազը», որոնք մրցանականերու կ՚արժանանան:

1942 թուականին Ռուբէն Մամուլեան կ՚ամուսնանայ նկարչուհի Ազալիա Նիւմընին հետ: Ազալիան վառ խառնուածքի տէր նկարչուհի մըն էր:

1959 թուականին Մամուլեան սկսաւ Եգիպտոսի թագուհի Քլէոփաթրայի կեանքին մասին «Քլէոփաթրա» շարժանկարի նկարահանման աշխատանքներուն, իսկ գլխաւոր դերին համար հրաւիրեց Էլիզապէթ Թէյլըրը: Աշխատանքներուն չսկսած դժուարութիւններ ծագեցան, անոր պարտադրեցին փոփոխութիւններ կատարել, եւ ան ուրիշ բեմադրիչներու հետ դժուարութեամբ աւարտեց շարժանկարը, այդ մէկը, ձեւով մը, բեմադրական գործունէութեան աւարտը եղաւ…

1964 թուականին Մամուլեան հրատարակեց գիրք, որուն գլխաւոր հերոսը կատու մըն է: Իր կեանքէն տասն տարի ալ Մամուլեան նուիրեց իր սիրելի շէյքսփիրեան «Համլէթ» ողբերգութիւնը ժամանակակից անգլերէնի վերածելու, նոյնիսկ բեմադրուած է, բայց ոչ՝ իր կողմէ:

70-80-ական թուականներուն Մամուլեան աւելի շատ ճամբորդութիւններ կը կատարէր եւ կը մասնակցէր զանազան փառատօներու, դասախօսութիւններ կը կարդար… 1983 թուականին ան ստացաւ Ամերիկեան շարժանկարային բեմադրիչներու միութեան Կրիֆիթ մրցանակը՝ շարժանկարային արուեստին մէջ իր ունեցած մեծ ձեռքբերումներուն համար։

Մամուլեան իր ողջ կեանքին ընթացքին նոր սարքերով, միջոցներով եւ հնարքներով նկարահանած է ժապաւէններ, միշտ առաջ մղած է շարժանկարային արտադրութիւնը:

Երբ անոր առաջարկած են փոխել մականունը՝ ան չէ համաձայնած, ըսելով, որ իր գործը սիրողը մականունին համար չէ, որ պիտի նայի եւ սիրէ: Մամուլեան շատ մեծ սէր ունեցած է հայութեան, Հայաստանին հանդէպ: Ան նաեւ երազանք ունէր աշխատիլ հայ արուեստագէտներու հետ, մասնաւորապէս՝ Արամ Խաչատուրեանի, բայց այդ երազանքը անկատար մնաց: Փաստեր կան, թէ ան իր շարժանկարներուն մէջ կը ներգրաւէր գործազուրկ ամերիկահայեր, որոնք զանգուածային տեսարաններու մէջ կը նկարահանուէին եւ գումար կը ստանային: Մամուլի տուեալներով, Մամուլեան նաեւ համայնքային կեանքին մասնակցութիւն բերած է, բայց անոր մեծ երազանքն էր Շարլ Ազնաւուրը իբրեւ դերակատար նկարահանել ժապաւէնի մը մէջ, որ անկատար մնացած է: Ան նաեւ մտածած էր, որ ատիկա ժապաւէն մը պիտի ըլլայ, որուն բեմագրութիւնը Ուիլիըմ Սարոյեան պիտի գրէր, երաժշտութիւնը՝ Արամ Խաչատուրեան, իսկ նկարիչը Մարտիրոս Սարեանը պիտի ըլլար… Այս փափաքը չէ իրականացած, բայց փոխարէնը իրականացած է հայրենիքը տեսնելու իր երազը…

1971 թուականին Ռուբէն Մամուլեան Հայաստան այցելած է. Հայաստանի մէջ, թերեւս շատեր ծանօթ չէին ովկիանոսէն այն կողմ փառք նուաճած հայրենակիցին գործունէութեան մանրամասնութիւններուն եւ սովորական հանդիպում մը կազմակերպած էին: Պահպանուած է Մամուլեանի հայաստանեան այցէն լուսանկար մը՝ Մատենադարանին առջեւ. այս լուսանկարին հեղինակը Անդրանիկ Քոչարն է: «Ռուբէն Մամուլեան. Հոլիվուտ-Երեւան» խորագրով այս դիմանկարին համար Անդրանիկ Քոչար World Press Photo-էն մրցանակի արժանացած է: Մամուլեան Հայաստանէն հեռանալու ժամանակ ըսած է. «Երազի կը նմանի… Կը հեռանամ՝ Արարատը հոգւոյս մէջ եւ հայերէնը՝ շուրթերուս»:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 8, 2019