ԱՅՐԻ ԿՆՈՋ ԵՐԿՈՒ ԼՈՒՄԱՆ

«Միւսները բոլորն ալ իրենց աւելորդ գումարներէն նուիրեցին Աստուծոյ, մինչ անիկա՝ հակառակ կարօտեալ ըլլալուն, իր ամբողջ ապրուստը նետեց» (Ղկ 21.4)։

Ինքնատուչութիւն, ինքնամատոյց եւ ինքնընծայում բառերը որքա՜ն կը պատշաճին իսկատիպ քրիստոնեային ապրելակերպին ու նկարագրին, որ իր համակ կեանքն ու ողջ էութիւնը ողողած ու ջրդեղած է քրիստասաբոյր խօսքերով։ Խօսքեր, որոնք ո՛չ միայն քրիստոնէական կրօնքին հենքն ու կիզակէտը կը կազմեն, այլեւ՝ մարդկային փոխյարաբերական եւ ընկերային կեանքին մէջ փոխվստահութիւնը ամրապնդող ու փոխադարձ սէրը հիմնաւորող ազդակներ են։

Աստուածորդիին իւրաքանչիւր մէկ խօսքը պարզապէս իր ժամանակաշրջանի ժողովուրդին համար չէ՛ որ արտասանուած էր, ոչ ալ Փարիսեցիներուն, Սադուկեցիներուն, Օրէնքի Ուսուցիչներուն յոռի ու խաբեպատիր արարքները մատնացոյց ընելու համար էր։ Ընդհակառակը, Քրիստոսի բերնէն արտաբերուած խօսքերը, ուսուցումները, դիմառնական յանդիմանութիւնները աստուածային խօսքի ճշմարտականութիւնը, փրկարար դերակատարութիւնը, կառուցողականութիւնը, հաստատութենականութիւնը եւ յաւերժականութիւնը ցուցանշող ճշմարտութիւններ էին, որոնք միաժամանակ կը նպատակադրէին մարդը առաջնորդել դէպի փրկութիւն եւ ճշմարտութեան ճանաչում (Հմմտ. Ա. Տմ 2.4)։

Ահա այդ պարզօրինակ սակայն խորիմաստ կարճ պատումներէն մէկն է այրի կնոջ երկու լումայի դրուագը։ Այրի կնոջ լումայի սրտախօսիկ օրինակը մշտապէս մեր ժողովուրդի առօրեայ խօսակցութեան եւ մանաւանդ գերնպատակ հետապնդող նիւթն է դարձած։ Մարդիկ երբ բարեգործութիւն մը գործեն, որեւէ մէկ կառոյցի կամ հիմնարկի վերելքին սատարեն, աղքատի մը կամ չքաւոր ընտանիքի մը նեցուկ կանգնին, սովորաբար այրի կնոջ օրինակը կ՚ուրուագծուի մարդոց մտապատկերին դիմաց։ Պատախասա՞նը։ Որովհետեւ այրի կինը իր ամբո՛ղջ ՍԻՐՏԸ դրաւ իր նուիրաբերման ընթացքին։ Չնմանեցաւ այն մեծահարուստներուն, որոնք «իրենց աւելորդ գումարներէն նուիրեցին Աստուծոյ» (Ղկ 21.4)։

Արդարեւ, կ՚ապրինք այնպիսի աշխարհի մը մէջ, ուր նիւթականացած մթնոլորտ մը կը տիրէ եւ ուր նիւթապաշտութեամբ սնած բառեր, ինչպէս՝ դրամ, դրամատուն, շահ, շահարկում, տոկոս, դրամանիշ, բաժնեթուղթ, վաճառք, գնում, գործառնութիւն - եւ դեռ ի՜նչ այլ յարակից բառեր - խճողած են մեր կեանքը հեղձուցիչ դառնալու աստիճան։

Յաճախ կը լսենք բարենպաստ հաստատութեանց եւ բարեխիղճ մարդոց կատարած բարեգործութեանց մասին, սակայն կը դժուարանանք բարին գործել ու աշխատիլ՝ յօգուտ մեր եղբայրներու կեանքը բարօր դարձնելու։ Սիրելի՛ բարեկամ, բարին փափաքիլ՝ բարին գործել չի նշանակեր։ Փափաքիլը՝ գործել չէ, որովհետեւ փափաքիլը կամենալ չի նշանակեր. մինչդեռ գործելը՝ կամենալ է։ Կը փափաքինք բարին, բայց միջոցները դժուար տեսնելով՝ չենք ուզեր գործել։ Այդպիսին կը նմանի ամուլ ամպերուն, որոնք կու գան, կ՚երեւին երկնքի կապուտակ կամարին վրայ եւ շուտով կ՚անհետանան առանց կաթկթելու անձրեւի քանի մը շիթեր (Հմմտ. Յդ 12)։ Մինչդեռ երբ կը կամենանք բարին, երբ նախանձաւոր ենք բարիին, միջոցները ո՛րքան ալ դժուար ըլլան՝ կրնանք իրագործել եւ կեանքի կոչել զայն։

Մարդ արարածիս ամենէն վեհ հարցադրումը աշխարհիս վրայ պէտք է ըլլայ «Ի՞նչ է իմ գոյութեան նպատակը այս երկնակամարին վրայ» եւ «Ի՞նչ բարիք կրնամ գործել»ը։ Մարդ անհատը պէտք է բարին գործէ միայն բարիին համար, առանց որեւէ անձնական, եսապաշտական եւ շահադիտական գձուձ մօտեցումներու կամ ակնակալութեանց։ Քրիստոնէական բարոյականն է՝ որ բարեգործութեան եւ գթութեան պատուէրը կու տայ առաջին առթիւ իր այս անզուգական պատգամով. «Ինչ որ կ՚ուզէք որ մարդիկ ընեն ձեզի, նոյնը դուք ըրէք անոնց» (Մտ 7.12)։

Այրի կնոջ օրինակով երկնաւոր Վարդապետը միեւնոյն ժամանակ ցոյց տուաւ աշխարհի ունայնութիւնն ու անհեթեթ գոյավիճակը, այնպէս ինչպէս Աստուածաշունչը ինք պիտի ըսէր. «Ունայնութի՜ւն ունայնութեանց, ամէն բան ունայնութիւն է» (Ժղ 1.2)։ Ունայնութի՛ւն է ապաւինիլ անցաւոր մամոնային եւ զուր տեղ կորնչական հարստութիւն դիզել երկրի վրայ։ Ունայնութի՛ւն է ցանկալ չարահաւան պատիւներու եւ վերանալ դէպի աւելի բարձր դիրքերը։ Ունայնութի՛ւն է հետեւիլ մեր մարմնի հեշտալի ցանկութիւններուն եւ որոնել խաբուսիկ ինչքեր, որոնց պատճառաւ խիստ դատաստանի պիտի ենթարկուինք։ Ունայնութի՛ւն է ըղձալ երկարակեցութեան, փոխանակ վաստակելու ճշմարիտ կեանքը։ Ունայնութի՛ւն է մտածել միայն այս երկրաւոր կեանքին մասին եւ չմտածել այն երանական կեանքին՝ որ պիտի յաջորդէ նախորդ կեանքին։ Ունայնութի՛ւն է փարիլ միայն վաղանցուկ արժէքներուն, փոխանակ ձգտելու անանց արժէքներուն։ Յիշենք իմաստունին խօսքը, որ կ՚ըսէ. «Աչքը տեսնելով չի կշտանար ու ականջը լսելով չի լեցուիր» (Ժղ 1.8)։

Պօղոս առաքեալ իր աշակերտին՝ Տիմոթէոսին ուղղած նամակին մէջ կը թելադրէ ապրիլ ժուժկալ կեանք մը եւ մեր անձը հեռու պահել մամոնային ընծայած կեղծուպատիր ու սնամէջ «բարիք»ներէն. «Արդարեւ, մեզի հետ ոեւէ բան չբերինք աշխարհ, եւ ոեւէ բան պիտի չկարենանք տանիլ մեզի հետ։ Եթէ ուտելիք եւ հագնելիք ունինք՝ անոնցմով բաւարարուինք։ Իսկ անոնք որ հարստանալ կ՚ուզեն՝ փորձութեան եւ թակարդի մէջ կ՚իյնան։ Կը բռնուին շատ մը անմիտ ու վնասակար ցանկութիւններով, որոնք մարդիկը մահուան եւ կորուստի անդունդը կը գլորեն։ Որովհետեւ բոլոր չարիքներու արմատը դրամասիրութիւնն է» (Ա.Տմ 6.7-10)։ Ով որ այս աշխարհին վաղանցուկ հարստութեան կը վստահի, որքան ալ հարուստ ըլլայ՝ իսկական աղքատ մըն է Աստուծոյ աչքին։ Իսկ ան որ հաւատքով Աստուծոյ կը վստահի, որքան ալ աղքատ ըլլայ՝ իսկական հարուստ մըն է Աստուծոյ աչքին։ Ինչպէս որ մարդուն մարմինը փտութեան ենթակայ տարր մըն է, որովհետեւ այս երկրին յատուկ է եւ անոր կը պատկանի, նոյնպէս ալ «հարստութիւնը փտութիւն է» (Յկ 5.2)։ Որքա՜ն խեղճ է այն մարդը, որ շարունակ փտող ու անցաւոր հարստութեան ետեւէն կը վազէ, որովհետեւ ի՛նքն ալ պիտի փտի ու տարրանայ։

Սիրելի՛ ընթերցող, քրիստոնէական յանձնառու կեցուածքին համար կա՞յ աւելի ուժեղ եւ պերճախօս արտայայտութիւն քան բարեգործութիւնը։ Բարեգործութիւնը քրիստոնէական սիրոյ գործնական արտայայտութիւնն իսկ է։ Արեգակը չի սպասեր որ մարդիկ իր լոյսը ու ջերմութիւնը խնդրեն ու իրեն շնորհակալութիւն յայտնեն. այլ ան շարունակ կը լուսաւորէ ու կը տաքցնէ. նոյնպէս ալ պարտ է մեզի օգնութեան ձեռք երկարել կեղեքեալներուն, թշուառներուն, չքաւորներուն առանց սպասելու անոնց խնդրանքին կամ շնորհակալութեան։ Պօղոս առաքեալ Փիլիպպեցիներուն ուղղած իր նամակին մէջ, կը յորդորդէ նորադարձ քրիստոնեաները՝ ըսելով. «Մի՛ ընէք որեւէ բան որ հակառակասիրութենէ կամ փառասիրութենէ մղուած ըլլայ, այլ՝ խոնարհ հոգիով՝ ձեր ընկերները աւելի լաւ համարեցէք քան դուք ձեզ։ Միայն դուք ձեզ մի՛ մտածէք, այլ նաեւ ձեր ընկերոջ մասին» (Փլպ 2.3)։

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 8, 2018