ՄՈՇԱՂԲԻՒՐԻ Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ ՆՇԱՆԱՒՈՐ ՎԱՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼԻՐԸ՝ ՎԵՐԱԶԱՐԹՕՆՔԻ ՃԱՆԱՊԱՐՀԻՆ
Հայաստանի Արարատի մարզին մէջ կը գտնուի աւերակ գիւղատեղի Մոշաղբիւրը: Այս գիւղի ճանապարհին է 13-րդ դարու Յովհաննէս Կարապետ վանական համալիրը, որ խոնարհուած էր: Ժողովուրդի մէջ զայն աւելի յայտնի է իբրեւ Ջնջռլուի (կամ Ժնջռլուի) Սուրբ Կարապետ, որ հրաշագործ վանք կը նկատուի:
Միջնադարեան ճարտարապետութեան գլուխ գործոց այս վանական համալիրը վերականգումի ճանապարհին է: Ամենայն Հայոց Հայրապետի տնօրինութեամբ եւ Մասեացոտնի թեմի նախաձեռնութեամբ, նախկին մոշաղբիւրցի բարերարներու աջակցութեամբ վանական համալիրը վերազարթօնք պիտի ապրի:
Մոշաղբիւր լքուած գիւղը դժուար նորէն ամբողջութեամբ բնակելի դառնայ, բայց վերականգնուող վանքային համալիրը կենդանութեան շունչ կը հաղորդէ այդ վայրերուն: Արդէն միայն ամառնային շրջանի համար հոն այցելող եւ բնակող հովեկներ կան: Նախատեսուած է վերականգնումը աւարտել 2025 թուականի վերջաւորութեան:
Վանական համալիրը բաղկացած է մէկ եկեղեցիէ, զանգակատունէ, դամբանատունէ, պարսպապատ է, պարիսպէն ներս պահպանուած են վանքի միաբանութեան բնակելի շէնքերուն մնացորդները եւ փոքրիկ գերեզմանոցը։ Միաբանութեան բնակելի շէնքերը կը գտնուին պարիսպի ներսը՝ վանքի յուշարձաններու խումբի արեւմտեան կողմը։ Բոլոր շէնքերն ալ շարուած են նոյն տեղական անմշակ լեռնաքարերով, ցեխով, եղած են փայտածածկ։
Արդէն սկսած են վանական համալիրի եկեղեցւոյ զանգակատան եւ դամբարանատան ամրակայման եւ վերականգնման աշխատանքները: Համալիրէն ներս գտնուող Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ յատակը կրաքարէ շարուածք ունեցած է, որ այժմ սրբուած է եւ հիմքը ամրակայելէն ետք նոր գետին պիտի սարքուի:
Վանական համալիրի վերակառուցման նախագիծը պատրաստուած է տակաւին 2015 թուականին: Նախագիծի կարեւոր կէտերն են՝ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ ամրակայումը եւ նորոգումը, դամբարանի, տապանատան նորոգումը, ամրակայումը եւ վերականգնումը, նաեւ՝ վանական կացարաններու մասնաշենքէրուն վերակառուցումը, սանհանգոյցի տեղադրումը եւ այլն:
Վերականգնման նախագծին մէջ ներառուած է նաեւ ջրամատակարարումը: Ժամանակին վանական համալիրը ունեցած է իր զատ ջրմուղը՝ կաւէ թրծուած խողովակներով, որոնք կը հասնէին մինչեւ ջրամբար: Պատմական այս կառոյցի վերականգնող ճարտարապետն է Մերի Դանիէլեան, որ բազմաթիւ կրօնական, մշակութային կառոյցներու վերականգնող ճարտարապետն է, գիտական աշխատութիւններու հեղինակ, հետազօտական խումբերու անդամ: Ան շինարարական խումբին եւ մասնագէտներուն հետ արհեստավարժ կերպով կ՚աշխատի, որպէսզի պատմական կառոյցը վերականգնումի ընթացքին աղաւաղումներ եւ վնասներ չկրէ: 76-ամեայ վաստակաւոր ճարտարապետուհին մանրամասն գիտէ վանական համալիրի ամէն մէկ անկիւնը, կառուցուածքը, գործածուած շինանիւթի, քարի տեսակները, պատմութեան ընթացքին կրած վնասները…
Վանքը ութսուն տարի հոգեւորական չէ ունեցած, երեք տարի առաջ Արիստակէս վարդապետ Այվազեան նշանակուած է Սուրբ Կարապետի վանահայր։ Անոր առաջին քայլերէն էր վանքին շուրջ ծառատունկը:
Յովհաննու Սուրբ Կարապետը չորս երկրաշարժ տեսած վանք է, բայց ժամանակը, աղէտներն ու փորձութիւնները չեն ստուերած վանքին զօրութիւնը, որուն կը հաւատան բազում մարդիկ: Զայն միշտ ուխտատեղի եղած է եւ երբեք աղօթքի, այցելութիւններու պակաս չէ ունեցած: Այսօր արդէն արարողութիւններ ալ տեղի կ՚ունենան վանքին մէջ: Ժողովուրդը այս վանքը կը ճանչնայ իբրեւ կապանքներ քանդող վանք մը եւ Ջնջռլու (շղթայւած) անունն ալ այդտեղէն ծագած է. մանաւանդ վանք կը բերուէին հոգեկան խանգարում ունեցողներ, պրկուածներ, որոնք կ՚ազատուէին իրենց կապանքներէն:
ՄՈՇԱՂԲԻՒՐԸ՝ ԼՔՈՒԱԾ ԲՆԱԿԱՎԱՅՐ
Մոշաղբիւրը եղած է Հայաստանի հնագոյն եւ նշանաւոր բնակավայրերէն մէկը, որ քանի մը անգամ կը յիշատակուի նաեւ Սուրբ Յովհաննէս Կարապետ վանքի վիմագիր արձանագրութիւններուն մէջ։
Դժուարանցանելի եղած են դէպի այստեղ տանող ճանապարհները, որոնք նորոգուած են, բայց ուխտաւորները յաճախ այնտեղ կը հասնին քայլելով: Վանքին շուրջը կը տարածուի Ուրծի լեռնաշղթան։
Գիւղ եղած տեղը եւ անոր շրջակայքը բազմաթիւ գերեզմանոցներ կան՝ մահարձաններով ու կոթողներով, ինչպէս նաեւ կան քանդակազարդուած խաչարձաններ. նկատելի են նաեւ սահմանանիշ քարեր։ Առանձնապէս ընդարձակ է գիւղի հարաւային կողմը գտնուող հնագոյն գերեզմանոցը, ուր կան բազմաթիւ մահարձան-խաչարձաններ, որոնք պատուած են զանազան ձեւերու նուրբ մշակուած զարդաքանդակներով։ Այս յուշարձանախումբը գրականութեան մէջ սակաւ ուսումնասիրուածներէն է, սակայն վերջին տարիներուն վանքին շուրջ աշխուժութիւնը հետաքրքրութիւն բերած է եւ ուսումնասիրողներ ալ ի յայտ եկած են:
Գլխաւոր կառոյցի՝ Սպիտակաւոր Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ հարաւային պատի վիմագիր արձանագրութեան համաձայն՝ եկեղեցիի կառուցումը աւարտուած է 1301 թուականին: Հիմնադիրն է Կիրակոս վարդապետ Գետկեցին, իսկ ճարտարապետը՝ Բուտը՝ Օրբելեաններու տոհմի ճարտարապետը: Որոշ տեղեկութիւններով՝ եկեղեցիի կառուցումը նուիրուած եղած է Հայաստանի մէջ քրիստոնէութիւնը պետական կրօն ընդունելու 1000-ամեակին:
Եկեղեցիի շինարարութիւնը հովանաւորած է Օրբելեան Տարսայիճ իշխանի որդին՝ Ջալալ իշխանի կինը՝ Գոնցա իշխանուհին։ Ան Մոշաղբիւր գիւղէն էր եւ իր հայրենի Մոշաղբիւրը նոյնպէս նուիրած է վանքին: Այս մէկը կը նշանակէ, որ Մոշաղբիւր գիւղը գոյութիւն ունեցած է առնուազն 13-րդ դարուն եւ պատկանած է Օրբելեան նշանաւոր իշխանական տան։
Այնուհետեւ գիւղը գոյատեւած է մինչեւ 16-րդ դարու երկրորդ կէսը եւ, ինչպէս տարածաշրջանի միւս հայաբնակ գիւղերը, հաւանաբար լքուած է 1604-ին՝ պարսից շահ Ապպասի բռնագաղթի հետեւանքով։
Յետագայ դարերուն շրջակայքը հաստատուած թրքական (թաթարական) բնակչութիւնը գիւղատեղին անուանած է Ժնջռլու։
Գիւղը կրկին հայերով բնակեցուած է 19-րդ դարու սկիզբներուն, երբ այնտեղ հաստատուած են Խոյէն ու Սալմաստէն տեղափոխուած հայեր: Ներգաղթած հայ բնակչութեան ջանքերով նոր կեանք ստացած է ո՛չ միայն Մոշաղբիւր գիւղը, այլեւ՝ Սուրբ Յովհաննէս Կարապետ վանքը, ուր 19-րդ դարու վերջերուն շինարարական մեծ աշխատանքներ կատարուած են: Մոշաղբիւրի հին գերեզմանոցի հիւսիսային կողմը մինչ օրս աւերակ ձեւով պահպանուած է Սուրբ Սարգիս եկեղեցին՝ կառուցուած տեղական կոպտատաշ քարերէ։ Մոշաղբիւր գիւղի հայ բնակչութիւնը 20-րդ դարու կէսերուն տեղափոխուած է Արտաշատի Նշաւան գիւղը: Բնակիչները գիւղը լքած են ջուր չըլլալու պատճառով:
Ջնջռլու գիւղատեղին Հայաստանի կառավարութեան որոշմամբ 2004 թուականին վերանուանած է Մոշաղբիւր, որ գիւղի շատ աւելի հին անուանումն է:
ՎԱՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼԻՐԸ
Պամական աղբիւրները քիչ տեղեկութիւններ կը փոխանցեն վանական համալիրին մասին. զայն չեն յիշած նաեւ ճանապարհորդներն ու տեղագիրները, միայն Ղեւոնդ Ալիշանը թռուցիկ ձեւով կը յիշատակէ վանքին անունը: Արձանագրութիւններն են, որոնք լոյս կը սփռեն վանքի պատմութեան վրայ: Վանքի միաբանութեան բնակելի շէնքերը կառուցուած են աւելի ուշ՝ 1896 թուականին, պարիսպը՝ 1897 թուականին: Պարիսպի ներսը՝ վանքի յուշարձաններու եւ միաբանութեան բնակելի շէնքերու արանքը պահպանուած է հացահատիկի ամբարը՝ կարասաձեւ հորի նման, քարաշար, ներսէն՝ կրաշաղախով սվաղած։
Սպիտակաւոր Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին գմբէթաւոր է, որ ունի քիչ երկարաձիգ ուղիղ քառանկիւնի յատակագիծ։
Արեւելեան ծայրը տեղադրուած է կիսակլոր սնարը՝ բարձր, ներս ինկած բեմով, վերջինիս վրայ կառուցուած է պատարագամատոյցի քարէ սեղան՝ կամարակապ բացուածքներ ունեցող ծածկապատով։ Բեմի հարաւային եւ հիւսիսային կողմերը տեղադրուած են երկյարկանի խորաններ, վարի յարկի խորաններուն մուտքերը կը բացուին դէպի արեւմուտք՝ եկեղեցւոյ մէջ, իսկ վերին յարկի խորանները՝ բեմին վրայ, ուր կը բարձրանան եռաստիճան քարէ սանդուխներով։
Միակ մուտքը արեւմտեան կողմէն է՝ կիսակլոր ճակատակալ մեծ քարով եւ գծաւոր զարդեր ունեցող շրջանակով։ Մուտքի ճակատակալ քարը պատուած է բարձրաքանդակ, շատ գեղեցիկ եւ նուրբ մշակուած սրբապատկերներով, ուր, ծաղկեհիւս-մանրանկար խորքի վրայ պատկերուած է Մարիամ Աստուածածինը՝ բազմած բարձի վրայ եւ մանուկ Յիսուս Քրիստոսը գիրկը, իսկ իրենց քով՝ մէկական հրեշտակ կեցած են եւ ձեռքները տարածած դէպի Տիրամայրը։ Ատկէ վերեւ պատկերուած է Ադամը, շուրջը աւետարանիչներու կենդանակերպերու նշանները, աջ կողմը մեծ տառերով գրուած է ԱԴ։ Ճակատակալ քարի վրայ եղած արձանագրութենէն կը տեղեկացուի, որ այս բարձրաքանդակի հեղինակն է Սարգիս վարդապետը։
Եկեղեցիի ներսը գտնուող մեծ քարի մէկ երեսին եղած բարձրաքանդակը կը պատկերէ թեւատարած արծիւը՝ խոյը իր ճանկերուն մէջ բռնած։ Այդ բարձրաքանդակ պատկերը Պռոշեաններու տոհմանիշն է:
Ժամատունը կը գտնուի եկեղեցիի արեւմտեան կողմը, կիսաւեր վիճակի մէջ։ Կառուցման ստոյգ ժամանակը եւ թէ ովքե՛ր եղած են անոր կառուցողները, մասնագէտները չեն պարզած, յուշարձանի վրայ փորագրուած նուիրատուական արձանագրութենէն պարզ դարձած է միայն, որ ժամատունը կառուցուած է 14-րդ դարուն՝ մինչեւ 1346 թուականը։
Ամբողջ շէնքը կառուցուած է կաթնադեղնագոյն հանքաքարի մաքուր տաշուած քարերով՝ կրաշաղախով մածուցուած։ Հիւսիսային պատին վրայ նկատելի է խոշոր ճեղք մը, որ, հաւանաբար, 1679 թուականի երկրաշարժի հետեւանքն է:
Զանգակատունը կը գտնուի ժամատան արեւմտեան կողմը՝ ժամատան կից այնպէս մը, որ վերջինիս արեւմտեան պատը ընդհանուր է երկու շէնքերուն համար։ Նոյնպէս անյայտ է կառուցողի անունը եւ կառուցման ճշգրիտ ժամանակը։ Մասնագէտներ ենթադրելով կը թուագրեն 14-րդ դարուն։
Գետնայարկը մուտք չէ ունեցած, այլ ժամատան արեւմտեան պատը քանդած եւ փոքրիկ մուտք բացած են դէպի զանգակատան ստորին յարկ։
Այս վանական համալիրի վերականգնումը հնարաւորինս մօտ պիտի ըլլայ իր պատմական վիճակին, եւ զայն իր ուրոյն տեղը պիտի գրաւէ Յովհաննու Կարապետ վանքերուն մէջ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան
Ընկերամշակութային
- 10/07/2024
- 10/07/2024