ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց ԱՔ կուսակցութեան Կղզեաց քաղաքապետի թեկնածու Ուղուր Սինան Շէնը։ Ներկայ էր Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

Նորին Ամենապատուութիւը զրոյցի ընթացքին Ուղուր Սինան Շէնին տեղեկութիւններ փոխանցեց Իշխանաց կղզիներու այժմու վիճակին մասին եւ յիշեցուց հայ համայնքին ակնկալիքները։ Իր կարգին, Ուղուր Սինան Շէնն ալ վստահութիւն յայտնեց գործել հարցերու լուծման ուղղութեամբ։ Ան Նորին Ամենապատուութեան ներկայացուց նաեւ Կղզեաց շրջանի ներկայ հարցերու լուծման ուղղեալ ծրագիրները։

Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց այցելութեան համար ու յաջողութիւն մաղթեց իրեն։

Ուրբաթ, Մարտ 1, 2024