ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ՄԷՋ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Պէյօղլուի ընտանիքը երէկ մեծ խանդավառութեամբ տօնախմբեց Ս. Զատիկը։ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տաղաւարի Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ խօսեցաւ նաեւ օրուան քարոզը։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ։ Զանազան թաղերէ փութացած հաւատացեալներ լեցուցած էին եկեղեցին, ուր բոլորը զիրար շնորհաւորեցին տօնական աւետիսով։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, ատենապետ Աքսէլ Թոփալեանի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդի անդամները, հայր սուրբը, դպիրները եւ այլ հիւրեր համախմբուեցան եկեղեցւոյ խորհրդարանին մէջ, ուր եւս փոխանակուեցան բարեմաղթութիւններ Ս. Զատկի տօնին առթիւ։ 

Երկուշաբթի, Ապրիլ 1, 2024