Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ նախագահեց Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան։ Իրականութեան մէջ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը տեղի պէտք է ունենար անցեալ շաբաթավերջին, սակայն ընտրութիւններուն բերումով անոնք յետաձգուեցան շաբաթ մը եւ տեղի ունեցան երէկ։ Վոսփորի արեւելեան ափի մեր այս գողտրիկ սրբավայրին մէջ ստեղծուեցաւ իսկապէս շատ խանդավառ մթնոլորտ՝ հիմնադրութեան 184-րդ տարեդարձին առթիւ։ Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ զանազան թաղերէ փութացած հաւատացեալներ լեցուցած էին եկեղեցին։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հանդիսապետութեամբ, օրուան Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Վահրամ Սրկ. Լիւլէճեան, Լեւոն Սրկ. Գույումճեան, Մուրատ Սրկ. Քարաքաշ, Կարպիս Սրկ. Չիչէքեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Կէտիկփաշայի Զուարթնոց դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Գէորգ Չաղլըչուպուքճուի եւ երգեհոնահարութեամբ Հերման Փորթագալեանի։

Առաւօտեան արարողութիւններուն ընթացքին նորին սրբազնութիւնը տուաւ օրուան պատգամը։ Ան այս առթիւ կանգ առաւ կիրակի օրուան նուիրականութեան վրայ։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան բացատրեց, որ կիրակի օրերը աստուածահաճոյ գործերու բնորոշ պէտք է ըլլանք։ Հաւատացեալները ամէն կիրակի պէտք է թարմացնեն իրենց հաղորդակցութիւնը Բարձրեալին հետ եւ զգան հոգեւոր հրճուանք։ Նորին սրբազնութիւնը խօսեցաւ նաեւ հայոց հաւատքի հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Խոր Վիրապի մէջ անցուցած տարիներուն շուրջ։ Ան խորհրդածութիւններ ըրաւ Լուսաւորչի համբերութեան ու դիմադրութեան հոգեւոր կարողութիւններու մասին։ Նորին սրբազնութիւնը հաւատացեալերուն յորդորեց չըլլալ եսասէր եւ դառնալ առաքինի անհատներ։

Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ տեղի ունեցաւ մատաղի օրհնութիւն։

Կրօնական հանդիսութիւններէն վերջ եկեղեցոյ յարակից պարտէզին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց ընդհանուր փոխանորդը, որու կողքին էր տէր հայրը։ Տիկնանց յանձնախումբին կողմէ սարքուած բացօթեայ սեղաններուն շուրջ հաւաքուեցան ներկաները, որոնց շարքին էր նաեւ թաղապետ Ալի Ֆաիք Քափթան։

Թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Այվազեան եւ իր գործակից ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները։ Ատենապետ Այվազեան հանդէս եկաւ նաեւ սիրոյ սեղանի մասնակիցներուն ուղղեալ ողջոյնի խօսքով մը։ Ան այս առթիւ մանրամասնութիւններ հաղորդեց թաղային խորհուրդին կողմէ ծաւալուած գործունէութեան, մշակուած ծրագրերուն եւ եկեղեցւոյ պիւտճէին կապակցութեամբ։ Եդուարդ Այվազեան օրինակներ թուարկեց Գուզկունճուքի թաղային խորհուրդին կողմէ կատարուած օժանդակութիւններուն եւ զանազան համայնքային հաստատութիւններուն ցուցաբերուած զօրակցութեան առընչութեամբ։ Ան միեւնոյն ժամանակ ցաւալի նկատեց, որ մեր համայնքէն ներս օժանդակութիւններու պատրուակին ներքեւ կը մղուին ազդեցութեան պայքարներ։ Ատենապետ Այվազեան նաեւ տեղեկացուց, որ թաղի երբեմնի Լուսաւորիչեան վարժարանի շէնքը յառաջիկայ շրջանին վերանորոգութեան պիտի ենթարկուի։ Այդ աշխատանքներու աւարտին թաղային խորհուրդը կը նախատեսէ այդ շէնքը մեր երիտասարդութեան տրամադրութեան տակ դնել՝ որպէս ընկերամշակութային կեդրոն։

Տ. Արամ Արք. Աթէշեանն ալ սիրոյ սեղանի ընթացքին անդրադարձաւ Տէր Յիսուսի սիրոյ պատգամներուն ու մանաւանդ յիշեցուց, որ մարդ պէտք է սիրէ նոյնիսկ իր թշնամին։ Նորին սրբազնութիւնը կարեւորեց մեր համայնքէ ներս հաւատքի գիտակցութիւնը եւ ըսաւ. «Այսօր մեզմէ քանի՞ հոգի գիտէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի կեանքը»։ Այս մասին բացատրութիւններ տալէ վերջ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան խօսեցաւ նաեւ ընկերային ցանցերու ազդեցութեամբ յառաջացած՝ մեր հաւաքական կեանքի վերաբերեալ երեւոյթներուն։ Ան ցաւով մատնանշեց, որ մարդիկ ընկերային ցանցերու վրայ զիրար կը մրոտեն, մինչդեռ խնդիրները պէտք է լուծուին երկխօսութեամբ, շինիչ ու փոխադարձ սիրոյ տրամադրութիւններով։

Ընդհանուր փոխանորդը դրուատիքով արտայայտուեցաւ նաեւ Գուզկունճուքի թաղային խորհուրդին կողմէ ծաւալուած աշխատանքին առընչութեամբ։ Ան գնահատանքով բոլորի նկատառման յանձնեց, որ Եդուարդ Այվազեանի եւ ընկերներուն աշխատանքին շնորհիւ այսօր շատ խնամուած վիճակի մը մէջ է Գուզկունճուքի մեր եկեղեցին։ Նորին սրբազնութիւնը յաջողութիւն մաղթեց թաղային խորհուրդի այն ծրագրերուն համար, որոնք կը նախատեսեն եկեղեցապատկան շարք մը կալուածներու վերանորոգումն ու հասութաբեր դառնալը։

Կէտիկփաշայի Զուրաթնոց եւ Պէյօղլուի Ասողիկ դպրաց դաս-երգչախումբերու անդամներն ալ տոհմիկ երգերով խանդավառեցին մթնոլորտը։

Բարենպաստ եղանակի մթնոլորտին մէջ սիրոյ սեղանի բոլոր մասնակիցները ունեցան հաճելի ժամանց եւ արձակուելէ առաջ իրենց երախտագիտութիւնն ու զօրակցութիւնը յայտնեցին՝ ատենապետ Եդուարդ Այվազեանին եւ գործակից ընկերներուն նկատմամբ։

Երկուշաբթի, Յուլիս 1, 2019