VGM-ԷՆ ԼՈՒՍԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ

Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի աղբիւրները երէկ հրապարակեցին շարք մը տուեալներ, որոնք թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի այժմու օրակարգին եւ ընդհանուր երդին տեսակէտէ ունին կարեւոր նշանակութիւն։ Այսպէս, ըստ թաղային խորհուրդի հաղորդումներուն, վերջերս Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնը (ԹՎՄ-ERVAB) պահանջած է Պիւյիւքտէրէի եկեղեցւոյ վերաբերեալ շարք մը փաստաթուղթեր։ 12 յունիս 2020 թուականին Պիւյիւքտէրէի թաղային խորհուրդին հասած նամակին մէջ պահանջուած է մինչեւ 26 յունիս 2020 թուականը երկու օրինակով պատրաստել պաշտօնական փաստաթուղթերը։ Պիւյիւքտէրէի թաղային խորհուրդը, որ չէ մասնակցած ԹՎՄ-ին, մնացած է երկընտրանքի առջեւ։ Արդարեւ, թէ՛ Պիւյիւքտէրէի եւ թէ միւս թաղերու չմասնակցած ԹՎՄ-ն իրաւունք ունէ՞ր նման պահանջ մը ներկայացնելու կամ թաղային խորհուրդը ստիպողութիւն ունէ՞ր ընդառաջելու։ Այս բոլորը պարզաբանելու առաջադրութեամբ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մուրատ Սիւմէ նամակ մը ուղարկած է Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան (VGM) Իսթանպուլի Ա շրջանի տնօրէնութեան։ Ատենապետը փափաքած է պարզել, թէ Պիւյիւքտէրէի թաղային խորհուրդի գործունէութեան հակակշռումը որո՞ւ կը վիճակի։ Սիւմէ հարց տուած է, որ իրենք Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեա՞ն ենթակայ են թէ ոչ ԹՎՄ-ին։ Ան փութով պատասխան մը ակնկալած է իր հարցումին համար, որպէսզի ըստ այդմ դիրքաւորուի ԹՎՄ-ի պահանջի ուղղութեամբ։

Մուրատ Սիւմէի 15 յունիս 2020 թուակիր նամակին պատասխանը երէկ հասած է Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան Իսթանպուլի Ա շրջանի տնօրէնութեան կողմէ։ Յանուն շրջանային տնօրէնին, այդ պատասխան-նամակը ստորագրած է Էօմէր Չոլաք, որ կը գլխաւորէ Վաքըֆներու ծառայութիւններու բաժանմունքը։ Մեր վաքըֆներու պաշտօնական կարգավիճակին վերաբերեալ յիշեցումներու եւ լուսաբանութիւններու առընթեր, այս պատասխանը զգայացունց բնոյթ մը ունեցած է, ԹՎՄ-ի տեսակէտէ։ Արդարեւ, պաշտօնապէս տեղեկացուած է, որ «Թրքահայ վաքըֆներու միութիւն» անուանումով որեւէ պաշտօնական հաստատութեան կամ միաւորման մասին տեղեկութիւն գոյութիւն չունի Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան արձանագրութիւններուն մէջ։ Պաշտօնական նամակին մէջ նշուած է, որ Պիւյիւքտէրէի թաղային խորհուրդը կրնայ ըստ իր հայեացքին արժեւորել կացութիւնը եւ ըստ այդմ որոշում մը տալ։

Այս իրադարձութիւնը մեր համայնքին տեսակէտէ բաւական նուրբ կացութիւն մը կը յառաջացնէ եւ կու գայ ապացուցանել, որ մեր հաստատութիւնները համախմբելու առաջադրութեամբ ձեռնարկուած աշխատանքներուն տեսակէտէ լուրջ ձախողում մը խնդրոյ առարկայ է։

Պիւյիւքտէրէի թաղային խորհուրդին հասած պաշտօնական նամակի պատճէնը կցուած է այս լրատուութեան։ Նամակի թրքերէն բնագրին մէջ նշուած է հետեւեալը.

5737 Sayılı Vakıflar Kanununun 4. maddesinde; Vakıflar Özel Hukuk Tüzel kişiliğine sahip kuruluşlar olduğu, 36. maddesinin (e) bendinde, Mülhak, Cemaat ve Yeni vakıflar ile esnaf vakıflarının denetiminin Vakıflar Genel Müdürlüğü tarafından yapılacağı hüküm altına alınmıştır.

Vakfınız da ''Özel hukuk Tüzel Kişiliğine'' sahip bir kuruluş olup, vakıf yönetim kurulu tarafından Vakıflar Kanunu, Vakıflar Yönetmeliği ve yürürlükte bulunan diğer mer-i mevzuat hükümleri kapsamında idare edilmesi gerekmektedir.

İlgi yazınızda bahsi geçen ''Ermeni Vakıflar Birliği adı altında Resmi bir kurum veya Dernek'' olup-olmadığı hususunda idaremiz kayıtlarında herhangi bir bilgi bulunmamakta olup, konumun yukarıda belirtilen yasal mevzuat hükümleri kapsamında vakfınız yönetim kurulu tarafından değerlendirilerek verilecek karar doğrultusunda işlem yapılması hususunda;

Bilgi ve gereğini rica ederim.

ՆՈՐ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ

Միւս կողմէ, կը տեղեկանանք, որ փոքրամասնութիւններու վաքըֆներու պարագային VGM-ի կողմէ կատարուած վերջին տնօրինութիւններու ծիրին մէջ Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի կազմի պարագային ալ կատարուած է համալրում մը։ Այսպէս, նշանակովի դրութեամբ թաղական մը ընդգրկուած է խորհուրդին եւ այդ կարգադրութիւնը վերահաստատուած է VGM-ի կողմէ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 1, 2020