Ուրբաթ 16, Մայիս 2025
ԱՐԹԻՆ ՏԵՄԻՐՃԻ ՄՈՒՏՔ ԳՈՐԾԵՑ ԳԵՐՄԱՆԱԿԱՆ ԼԻՍԷ
Գոհունակութեամբ վերահասու եղանք, որ մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդներէն Արթին Տեմիրճի յաջողած է մուտք գործել քաղաքիս գերմանական լիսէն։ 2018-2019 կրթական շրջանի աւարտին ան վկայուած է Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանի միջնակարգի բաժնէն։ Լիսէներու մտից քննութեան մէջ Արթին Տեմիրճի արձանագրած է փայլուն յաջողութիւն մը։ Քննութեան բազմահազար մասնակիցներու կարգին՝ ան դասուած է առաջին 0.46 առ հարիւրին մաս կազմածներու շարքին։ Քննութեան արդիւնքով Արթին Տեմիրճի ստացած է 487.9667 նիշ։ Սամաթիոյ ընտանիքը մեծ ուրախութիւն կ՚ապրի այս յաջողութեան բերումով։
Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Արթին Տեմիրճին եւ իրեն նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք կրթական կեանքի տեւողութեան։
Հինգշաբթի, Օգոստոս 1, 2019
Թրքահայ կեանք
- 05/16/2025
- 05/16/2025