ՏՈԼՄԱՊԱՀՉԷԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան վերջին շրջանի յայտարարութիւններով դարձեալ Թուրքիոյ օրակարգին վրայ բերած է ժողովրդավարութեան կատարելագործման եւ այս ուղղութեամբ նոր բարեփոխումներու իրականացման հարցը՝ որպէս յառաջիկայ շրջանի առաջնահերթութիւն։ Ըստ երեւոյթին, այս ծիրին մէջ կը վերարժեւորուին երկրի ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու առկայ խնդիրները։ Նախագահ Էրտողանի կողմէ բարձրաձայնուած առաջնահերթութիւններուն զուգահեռ՝ կառավարութեան ներկայացուցիչներ շաբաթավերջին մէկտեղուեցան ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Այսպէս, Արդարադատութեան նախարար Ապտիւլհամիտ Կիւլ եւ նախագահ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն շաբաթավերջին տեսակցեցան փոքրամասնութիւններու հոգեւոր առաջնորդներուն եւ համայնքներու կարգ մը աշխարհական վարիչներու հետ։ Հանրապետութեան նախագահութեան Տոլմապահչէի գրասենեակի համալիրէն ներս կազմակերպուած հանդիպումը լայն արձագանգ ստեղծած է նաեւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ։ Հաղորդումներուն մէջ հիմնական շեշտը դրուած է փոքրամասնութիւններու վաքըֆներու մատակարար մարմիններու առկախեալ ընտրութիւններու հիմնական խնդիրներուն վրայ։ Այս հանգամանքը յոյս կը ներշնչէ, որ եօթ տարիէ ի վեր լուծման կարօտ այս հարցը այլեւս կրնայ ի վերջոյ կարգաւորուիլ։

Զանազան լրատուամիջոցներու հաղորդումներով, կառավարութեան ներկայացուցիչները մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցած են նախատեսուած բարեփոխումներու ծրարին շուրջ։ Ապտիւլհամիտ Կիւլ եւ Իպրահիմ Քալըն շեշտած են, որ անհրաժեշտ բոլոր քայլերը վճռակամութեամբ պիտի առնուին՝ երկրէն ներս ձեւաւորելու համար մթնոլորտ մը, ուր ոեւէ մէկը ինքնութեան կամ պատկանելիութեան բերումով ինքզինք վանումի ենթարկուած պիտի չզգայ։ Անոնք շեշտեցին, որ բացարձակապէս հանդուրժողութիւն պիտի չցուցաբերուի ատելութեան հիմքով յանցագործութիւններու եւ խտրականութեան պարագային։ Առանց ժամանակ կորսնցնելու այս ուղղութեամբ անհրաժեշտ քայլերը պիտի առնուին։

Առցանց լրատուամիջոցներու կողմէ ալ այս հանդիպումը անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձուած է։ Իպրահիմ Քալըն ընտրութիւններու խնդրին անդրադառնալով՝ շեշտած է, որ եօթ տարին երկար ժամանակ մըն է։ Ան խոստացած է լուծում ապահովել այս հարցին։ Փոքրամասնութիւններու հոգեւոր կեդրոններու կարգավիճակի բացակայութեան հարցը, անոնց կրթական հաստատութիւններու նիւթական խնդիրները եւ ժողովրդագրական մտահոգիչ պատկերը շօշափուած են հանդիպման ժամանակ։ Իպրահիմ Քալըն նշած է, որ փոքրամասնութիւնները թէեւ քիչ են, սակայն այս երկրի իւրաքանչիւր քարը կը կրէ անոնց հետքը։ Ըստ իրեն, հակառակ բոլոր գրգռութիւններուն, անոնք պետութեան դէմ գանգատելու բնոյթով դիրքորոշում մը չեն որդեգրած եւ այս հանգամանքը բարձր գնահատանքով կ՚ընկալուի։

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան եւս մասնակցած է այս տեսակցութեան։ Սոյն հանդիպման առընչութեամբ Պատրիարքարանի պաշտօնական աղբիւրներուն կողմէ ալ հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որու բովանդակութենէն անկարելի է տարրական պատկերացում մը կազմել ծաւալուած քննարկումներու օրակարգին եւ դուռ բացած հաւանականութիւններուն շուրջ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2020