ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ԴՊՐՈՑԻՆ ՄԷՋ «ԱՇՆԱՆ ՄԵՂԵԴԻՆԵՐ»

Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցին մէջ տեղի ունեցաւ «Աշնան մեղեդիներ» խորագրեալ գրական-երաժշտական հանդէս մը։ Նարինէ Վարդերեսեանի եւ Գայիանէ Ռեւազեանի մականին ներքեւ տղաքը հանդէս եկան ելոյթներով եւ արժանացան ծափահարութիւններու։ Դպրոցի սրահին մէջ Հայաստանի աւանդական ոսկի աշնան մթնոլորտը ստեղծուեցաւ։ Յայտագրի եզրափակիչ փուլին տղաքը հաւաքաբար հանդէս եկան աշնան բարեմաղթանքով։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 1, 2023