ՀԻՄՆԱՐԿԷՆ «ՀԱՄԱՌՕՏ ԲԱՌԱՐԱՆ»

Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկը վերջերս հրատարակած է «Համառօտ բառարան»ը, որ պատրաստուած է Իւղաբեր Պոյաճեանի կողմէ։ Գիրքին մեկենասն է Շնորհիկ Զօրվարեան, որ զայն ձօնած է իր սիրեցեալ հոգելոյս ամուսնոյն՝ ճարտարագէտ Խաչատուր Զօրվարեանին։

Բառարանի բովանդակութիւնը ունի թեմաթիք դասաւորում։ Հայերէն-թրքերէն եւ թրքերէն-հայերէն այս բառարանին մէջ առանձին բաժիններ յատկացուած են բայերու, տան առարկաներու, ընտանիքի անդամներու, մարդկային մարմնի անդամներու, անասուններու, բանջարեղէններու, ծառերու, բոյսերու, փոխադրամիջոցներու, գոյներու, օրերու, գործիքներու, հաւաքականութիւններու անուանումներու, երկիրներու, քաղաքներու, հայերէն տառերու թուային նշանակութեան, արուեստներու եւ արհեստներու, միջատներու, հիւանդութիւններու, առողջապահական հաստատութիւններու, բժշկական պիտոյքներու, զանազան միաւորներու համար եւ այլն։

«Համառօտ բառարան»ը դասաւորման եւ սահմանումներու տրամաբանութիւնով իսկապէս հետաքրքրական գործ մըն է։ Հեղինակը՝ Իւղաբեր Պոյաճեան, որ Էսաեան վարժարանի շրջանաւարտներէն մին է, վաստակաւոր կրթական մշակ մըն է եւ իսկապէս յաջողած է համեստ չափերու մէջ օգտակար գիրք մը պատրաստել։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 1, 2023