ՍՐԲՈՑ ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ՏՕՆԸ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ

Երէկ, Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից տօնին առթիւ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ մեծահանդէս տօնակատրութիւն՝ նախագահութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան եւ մասնակցութեամբ Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասուն։

Ս. Պատարագը մատոյց Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Կորիւն Ա. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Պատրիարքական Աթոռի ժառանգաւոր սաները։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարեցին քահանայից դասու անդամները՝ առաջնորդութեամբ Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ուզունեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեանի։

Նախքան Տէրունական աղօթքը, Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան ընթերցեց Ս. Ղեւոնդ Քահանային ճառը՝ արտասանուած Վարդանանց պատերազմի նախօրեակին։ Ապա, Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան քարոզեց «Քահանայք քո զգեցցին զարդարութիւն եւ սուրբք քո ցնծալով ցնծասցեն» (Սղմ. ՃԼԱ) բնաբանով։ Հայր սուրբը նախ անդրադարձաւ Ս. Ղեւոնդեանց Քահանայից պատմական իմաստին, որով հայ ժողովուրդը քրիստոնէութեան հանդէպ իր հաւատարմութիւնը փաստած էր։ Ապա ան յիշեցուց անցեալէն դէպի այսօր գոյութիւն ունեցած Աւարայրներու մասին, որոնք միշտ փորձած էին զանազան միջոցներով քրիստոնէական լոյս հաւատքը խլել եւ հաւատացեալ ժողովուրդը ուղղել դէպի խորխորատ։ Առ այդ, հայր սուրբը յայտնեց, թէ մերօրեայ պայմաններով քորոնա համավարակը եւս կը դառնար լուրջ հոգեւոր պատերազմի մը առիթ։ Տօնական աւանդութիւններ հիւանդութեան շուքին ներքեւ սահմանափակ կը տօնուին եւ այս մէկը պատճառ կը դառնայ, որ շատերու մօտ քրիստոնէական արմատները խախտին։ Բաց աստի, հայ ժողովուրդը անցեալ տարուայ մէջ բազմիցս կրած էր յուզումնախառն պահեր, որոնք պատճառ դարձած էին, որ ազգովին յուզում  զգանք մեր մորթին վրայ։ Ս. Ղեւոնդեանց Քահանայից տօնը շատերուն կը յիշեցնէ, թէ նեղութեան այս պահերուն միակ մխիթարութիւնը կը գտնուի Քրիստոսի մօտ։ Բաց աստի, հայր սուրբը անդրադառնալով քահանայութեան դերին՝ ըսաւ, թէ բարձր է պատիւը քահանայութեան, սակայն նոյնքան ծանր՝ անոր պատասխանատուութիւնը։ Քարոզիչ հայր սուրբը իր խօսքերու աւարտին մաղթեց, որ գլխաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին անսասան մնայ Հայ Եկեղեցին, իր նուիրապետական աթոռներով եւ հոգեւորականներով։ Իսկ հուսկ, յանուն ներկայ հոգեւորականներուն շնորհաւորեց Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր Ս. Ղեւոնդեանց տօնը ու մաղթեց արեւշատութիւն եւ գործոց բարեաց յաջողութիւն։

Յաւարտ Ս. Պատարագի Պատրիարք Սրբազան Հայրը յայտարարեց, թէ Ս. Ղեւոնդեանց տօնը քահանայից տօնն է եւ Աթոռոյ հոգեւորականաց դասու անդամներէն՝ Տ. Զաւէն Քհնյ. Պըչաքճեանի, Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեանի եւ Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեանի քահանայական ձեռնադրութեան 15-ամեակը նկատի ունենալով կը շնորհէ «ծաղկեայ փիլոն» կրելու արտօնութիւն։ Այնուհետեւ, Նորին Ամենապատուութիւնը ծաղկեայ փիլոն շնորհեց քահանայ հայրերուն եւ «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց զանոնք, իրենց մաղթելով կարողութիւն եւ յաջողութիւն։

Տուչութենէն յետոյ Նորին Ամենապատուութեան գլխաւորութեամբ կատարուած հոգեհանգստեան արարողութեամբ, հանգստեան աղօթքներով յիշատակուեցան Պատրիարքական Աթոռոյ վախճանեալ բոլոր հոգեւոր սպասաւորները։ Հոգեհանգստեան աղօթքներով յատկապէս յիշատակուեցան նաեւ վախճանեալ Միւռոն Ա. Քհնյ. Այվազեանն ու Ստեփան Ա. Քհնյ. Կո-միկեանը, իրենց վախճանման տարեդարձին առիթով։

Արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ միասնաբար արտասանուած Տէրունական աղօթքով եւ Նորին Ամենապատուութեան վերջին օրհնութեամբ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 10, 2021