ՄԱՅՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ ՄԵԼԱՆԻ ՔՈՒՇԻ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Պէզճեան Մայր վարժարանի 8-րդ դասարանի աշակերտուհիներէն Մելանի Քուշ ուշագրաւ յաջողութիւն մը արձանագրեց՝ Թուրքիոյ մտախաղերու Դ. շարքի եզրափակիչ փուլին։ Ան 1236 մասնակիցներու շարքին հանդիսացաւ երկրի 37-րդը։

Թուրքիոյ մտախաղերու ակումբին կողմէ կազմակերպուած այս մրցաշարքին Պէզճեան Մայր վարժարանի խումբը մասնակցեցաւ՝ ուսուցչուհի Նիրվա Տամլայի հսկողութեան ներքեւ։

Ուրբաթ, Մայիս 10, 2024