ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՀՈԳԵԳԱԼՈՒՍՏԻ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳՈՎ ՍԿՍԱՒ ԱՄՐԱՆ ՇՐՋԱՆԸ

Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ ամրան շրջանի առաջին Ս. Պատարագը մատուցուեցաւ, երէկ, Հոգեգալուստի տօնին։ Տօնական հանդիսաւոր Ս. Պատարագը մատոյց՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Ռոպէր Սրկ. Քիւչիւքաքպուլութեան, Եղիա Սրկ. Չալըշըրեան եւ դպիրներ, իսկ երգեցողութիւնները կատարուեցան Ս. Ներսէսեան դպրաց դասուն կողմէ՝ առաջնորդութեամբ Արթուն Սրկ. Թեքիրօղլուի։ Արարողութեան ներկայ եղան կոկիկ թիւով կղզեբնակ հաւատացեալներ։

Նախքան Տէրունական աղօթքը, պատարագիչ հայր սուրբը գոհութիւն յայտնեց Տիրոջ, որուն ողորմութեամբ ամրան շրջան մը եւս Ս. Պատարագով կը սկսէր Գնալը կղզիի մէջ։ Այնուհետեւ, ողջունելով հաւատացեալները՝ յայտնեց, թէ խորհրդաւոր արարողութեան իմաստը առաւել եւս կը բազմապատկուէր, քանի բացումը կը կատարուէր Հոգեգալուստի տօնակատարութեամբ։ Հայր սուրբը ապա Քրիստոսի «անիկա ձեզի ամէն ինչ պիտի սորվեցնէ եւ յիշեցնէ ինչ որ ես ձեզի ըսի» (Յովհ. 15.25-26) խօսքը մեկնաբանեց ու անդրադարձաւ Ս. Հոգիի ներգործութեան կարեւորութեան։ Իր խօսքերուն մէջ ի միջի այլոց ըսաւ. «Ս. Հոգին զգալի ներկայութիւնն է Աստուծոյ։ Հետեւաբար միայն ու միայն հաւատքով կարելի է թափանցել իր կենդանարար զօրութեան։ Այն անձը, որ հաւատքով կը մօտենայ Ս. Հոգիին եւ կը հրաւիրէ աստուածային ներկայութիւնը, կը դառնայ աստուածընկալ արարած, որուն մէջ կը յայտնուի աստուածային խօսքեր ու գործեր։ Ուրեմն, աղօթենք Ս. Հոգիին, որպէսզի հանգչի մեր սրտերուն մէջ, յիշեցնէ հայ քրիստոնէական մեր ամայացած արժէքներու գոյութիւնը ու առաջնորդէ մեզ մեր բոլոր արժէքները պահպանելու ու փոխանցելու կապակցութեամբ»։

Իր խօսքերու աւարտին՝ հայր սուրբը յիշեց նաեւ երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարք Սրբազան Հայրը, քանի իր անունը նոյնացած էր Գնալը կղզիի հետ, ուր առաջին անգամ Ս. Պատարագ կը մատուցուէր յետ յուղարկաւորութեան։ Այնուհետեւ, հայր սուրբը շեշտեց, թէ Մեսրոպ Պատրիարքի հոգեւոր կեանքը Ս. Հոգիով լեցուած վկայութիւն մըն էր, որուն փաստը կը հանդիսանար յաջողութեամբ պսակուած հոգեւոր առաքելութիւն մը։ Հոգեգալուստի տօնին այս կեանքի օրինակը եւս որպէս խօսուն վկայութիւն կը ներկայանար հաւատացելոց առջեւ։

Ս. Պատարագի աւարտին՝ պատարագիչ հայր սուրբը թափօրով առաջնորդուեցաւ եկեղեցւոյ խորհրդարանը, ուր փոխանցեց վերջին օրհնութիւնը։ Հոգեւոր արարողութեան աւարտին ներկաներ թաղային խորդհուրդի հիւրասիրութեամբ մէկտեղուեցան սիրոյ սեղանի շուրջ եւ խանդավառութեամբ ողջունեցին Հոգեգալուստը եւ ամառնային շրջանի վերաբացումը։

Երկուշաբթի, Յունիս 10, 2019