ՀՈԳԵԳԱԼՍՏԵԱՆ ՏՕՆԸ ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ՄԷՋ

Երէկ, Հոգեգալստեան տօնին առթիւ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններ։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Հոգեգալստեան տօնին առթիւ նշուեցաւ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հիմնադրութեան տարեդարձը։ Մեր այս պատմական եկեղեցին արդէն դարձած է 212 տարեկան։ Երէկուան արարողութիւններուն ընթացքին միեւնոյն ժամանակ նշուեցաւ Ասողիկ դպրաց դասու հիմնադրութեան 120-ամեայ յոբելեանը։ Արարողութիւններուն նախագահեց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չընարեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Վահրամ Սրկ. Լիւլէճեան, հիւրաբար քաղաքս գտնուող Գրիգոր Սրկ. Քիւչիւքիւթիւճիւ եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները ներդաշնակօրէն կատարուեցան Ասողիկ դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ։

Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ մեծ խանդավառութիւն ստեղծուած էր Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ։ Նորին սրբազնութիւնը խօսեցաւ օրուան քարոզը։ Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որու ընթացքին ոգեկոչուեցան Էսաեան վարժարանի հիմնադիր հարազատները, ինչպէս նաեւ թաղի բոլոր բարերարները, սատարողները եւ այն երախտաշատ դէմքերը, որոնք անցեալէն մինչեւ այսօր իրենց ծառայութիւնը եւ սպասաւորութիւնը բերած են Պէյօղլուի ընտանիքին։

Ս. Պատարագէն վերջ յարակից «Նարեկեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ հանդիսութիւնը եւս գլխաւորեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու կողքին էին հոգեւոր հայրերը։ Ներկաներու շարքին էին Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան, ներկայացուցչութեան խորհրդական Նաղաշ Յակոբեան, համայնքային շրջանակներէն բազմաթիւ դէմքեր։ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց բոլոր ներկաները, որոնք համախմբուած էին տիկնանց յանձնախումբին կողմէ սարքուած սեղաններուն շուրջ։

Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ հանդիսավարութեամբ Մարիամ Տրամէրեանի։ Իրաւաբան Սիմոն Չեքէմ ներկայացուց թաղային խորհուրդի տարեկան տեղեկագիրը։

Գեղարուեստական բաժնին մէջ արտասանութիւններով հանդէս եկան Էսաեանի սաներէն Տարօն Գազանճը, Նորա Թոքյովսէփեան, Շանթ Շիմշէքչաքան եւ Մանէ Քոփարան։ Մուրատ Իչլինալչա եւ Լիտա Քէօսէօղլու մթնոլորտը խանդավառեցին իրենց մեներգներով, մինչ անոնց նուագակցեցան Սեւան Արապօղլու եւ Ռաֆֆի Քոչուն։

Ասողիկ դպրաց դասու 120-ամեակին առթիւ պատրաստուած կարկանդակի հատման պահը բնորոշեց հանդիսութեան ամենաոգեւոր պահերը։ Բոլորը շնորհաւորեցին Տնօրէն խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Մենեքշէն եւ իր ընկերները, ինչպէս նաեւ բազմամեայ խմբավար Նշան Սրկ. Չալկըճեանը, որ երկար տարիներէ ի վեր մեծ եռանդով կ՚աշխատի Պէյօղլուի մէջ։

Հանդիսութիւնը աւարտին հասաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հուսկ բանքով։

Երկուշաբթի, Յունիս 10, 2019