ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԷՍ

Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի փոքրիկներուն տարեվերջի հանդէսը, որ մեծ խանդավառութեան առիթ հանդիսացաւ։ Դպրոցի սրահին մէջ փոքրիկները այս առթիւ հանդէս եկան յաջող ելոյթներով՝ իրենց ուսուցիչներուն հսկողութեամբ։ Անոնք ծափահարութիւններու արժանացան՝ իրենց ներկայացուցած պարերով, երգերով ու թատերակներով։

Տնօրէնուհի Երանուհի Պալճը հանդէսի աւարտին շնորհաւորութեան խօսք մը արտասանեց եւ փոքրիկներուն մաղթեց նորանոր յաջողութիւններ։ Հուսկ, մանկապարտէզի փոքրիկները ստացան իրենց առաջին վիճակացոյցները եւ յաջորդած ընդունելութեան ընթացքին համտեսեցին իրենց համար պատրաստուած կարկանդակը։

Շաբաթ, Յունիս 10, 2023