ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ հիւրընկալեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանաց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէրն ու իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ թաղի քարոզիչ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Այս շաբաթավերջին նախատեսուած է Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան աւանդական սիրոյ սեղանը, որու ընդառաջ թաղի վարիչները այցելեցին Գումգաբու։ Թաղականները խնդրեցին, որ նորին սրբազնութիւնը նախագահէ օրուան արարողութիւններուն։ Զրոյցի տեւողութեան թաղականները տեղեկութիւններ փոխանցեցին եկեղեցւոյ եւ վարժարանի կացութեան շուրջ։ Մէրամէթճեան վարժարանը այս տարի ունի 165 աշակերտ։

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան սիրով ընդառաջեց եղած խնդրանքին, գնահատեց Ֆէրիգիւղի ընտանիքին կողմէ տարուած աշխատանքը, նաեւ փոխանցեց իր օրհնութիւններն ու յաջողութեան մաղթանքները։   

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2018