ՅԱՋՈՂ ՎԻՐԱՀԱՏՈՒԹԻՒՆ

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքի երիցագոյն նուիրեալներէն Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեան վերջին օրերուն վիրահատութեան մը ենթարկուեցաւ։ Ուրախ ենք մեր ընթերցողներուն տեղեկացնել, որ գործողութիւնը անցած է բարեյաջող։ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ տէր հայրը ենթարկուած է աղեթափութեան գործողութեան մը։

Մեր ընթերցողները երկար ատենէ ի վեր կը հետաքրքրուին Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեանի առողջական վիճակով։ Ան երկար տասնամեակներ կ՚աշխատակցէր թերթիս եւ իր ամենօրեայ սիւնակով գրաւած էր մեր ընթերցողներուն սիրտը։ Մասնաւորապէս իր սիւնակի հաւատարիմները մտահոգուած են, որ տէր հօր ընդհատուած գրութիւնները լուրջ բարդութիւններու հետեւանքը կրնան ըլլալ։ Իրականութեան մէջ, այդ մտահոգութիւնները բոլորովին տեղին չեն։ Ճիշդ է, որ տէր հայրը երկար ամիսներէ ի վեր արտադրունակ վիճակի մէջ չէ ու կը խնամուի հիւանդանոցի մէջ, սակայն, իր առողջական վիճակը կայուն է, անբուժելի հիւանդութեան մը ախտաճանաչումը խնդրոյ առարկայ չէ, պարզապէս սովորականէ աւելի երկար վերականգնման շրջանէ մը կ՚անցնի։ Յառաջացած տարիքը, պարզապէս, ժամկէտներ ենթադրելը կը դժուարացնէ, բայց, բարեբախտաբար, ամէն ինչ մասնագէտներու վերահսկողութեան տակ է։ Այս գործողութեան օրերուն արտասահմանի հարազատներն ալ փութացած են տէր հօր մօտ, ինչ որ բարոյական ուժ մը եղած է անոր համար՝ խթանելով անոր վերականգնումն ու եռանդը։

Այս առթիւ անգամ մը եւս արագ ապաքինում կը մաղթենք մեր սիրելի Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեանին՝ հայցելով, որ ան կարողանայ վերադառնալ իր բնակարանը։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2021