ՍԻՊԻԼ ՅԱՋՈՐԴ ԱՄԻՍ ՀԱՄԵՐԳՆԵՐՈՎ ՀԱՆԴԷՍ ՊԻՏԻ ԳԱՅ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԵՒ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՄԷՋ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ համակրելի մեներգչուհի Սիպիլ յառաջիկայ ամիս զանազան համերգներով հանդէս պիտի գայ Հարաւային Ամերիկայի եւ Ֆրանսայի մէջ։ Ընդհանուր առմամբ վեց համերգներ նախատեսուած են մէկ ամսուան ընթացքին եւ Սիպիլ այս առթիւ մարտ ամսուան տեւողութեան պիտի ունենայ իրերայաջորդ ճամբորդութիւններ։

Հարաւային Ամերիկայէ ներս Սիպիլի առաջին կանգառը պիտի ըլլայ Ուրուկուայը։ Մոնթէվիտէոյի մէջ 19 մարտին նախատեսուած է Սիպիլի համերգը։ Ծրագրի գեղարուեստական ղեկավարն է Ալվարօ Յակոբեան։ Սիպիլ պիտի երգէ պարախումբի մը եւ նուագախումբի մը ընկերակցութեամբ։ «Գերմանիկ» պարախումբը եւ «Կրունկ» նուագախումբը բեմ պիտի առնեն մեր համակրելի մեներգչուհիին հետ։ Մոնթէվիտէոյէ վերջ Սիպիլ պիտի անցնի Արժանթին, ուր համերգներ պիտի տայ Քորտոպայի եւ Պուէնոս Այրէսի մէջ։

Հարաւային Ամերիկայէ վերջ Սիպիլ պիտի ուղեւորուի Ֆրանսա։ 29, 30, 31 մարտ թուականներուն ան երեք համերգներ պիտի ունենայ Ֆրանսայի մէջ։ Առաջին համերգը նախատեսուած է Փարիզի արուարձաններէն Ալֆորվիլի մէջ։ Սիպիլի ծրագիրը պիտի շարունակուի Մարսէյլով եւ Լիոնով։ Սիպիլի Ֆրանսայի համերգները կազմակերպուած են ի զօրակցութիւն Ջաւախքի հայութեան։ Արդարեւ, «Ջաւախք-Ֆրանս» ընկերակցութիւնը այս տարի կը նշէ իր հիմնադրութեան 10-ամեակը եւ Սիպիլի համերգներն ալ նախատեսուած են այս յոբելեանի ծիրին մէջ։

Երկուշաբթի, Փետրուար 11, 2019