ԵՐԱԺՇՏԱՊԵՏ ՆՇԱՆ ՍՐԿ. ՉԱԼԿԸՃԵԱՆ ԵՒ ԻՐ ՍԱՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Պատրիարքական Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ շարականներու երգեցիկ խումբը։ Նշան Սրկ. Չալկըճեանի կողմէ գլխաւորուած դպիրներու խումբը Պատրիարքարանի երդիքին տակ ստացաւ տեղապահ սրբազան հօր օրհնութիւնները։ Նշան Սրկ. Չալկըճեան տեղեկութիւններ փոխանցեց իր գլխաւորած խումբի ծաւալած գործունէութեան շուրջ։ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան գնահատեց դպիրներուն կողմէ տարուած նախանձախնդիր աշխատանքը եւ կարեւորեց մեր եկեղեցիներէն ներս շարականներուն գիտակ, այդ աւանդութեան հաղորդ նոր սերունդէ դպիրներու հասնիլը։

Նորին Սրբազնութեան օրհնութիւնը ստանալէ վերջ Նշան Չալկըճեան եւ իր սաները հրաժեշտ առին Պատրիարքարանէն՝ յաջողութիւն մաղթելով։

Երեքշաբթի, Յուլիս 11, 2017