ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ԴՊՐՈՑԻ ԱՅՍ ՏԱՐՈՒԱՆ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐԸ ՅԱՋՈՂ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆԵՐ ՅԱՆՁՆԵՑԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանը միշտ կ՚արդարացնէ իր գոյութիւնը շրջանաւարտներուն կողմէ արձանագրուած յաջողութեամբ։ Դպրոցէն այս տարի շրջանաւարտ եղած են՝ Լիպարիտ Պաղտասարեան, Անդրանիկ Եդիգարեան, Լինա Մովսիսեան, Իոլա Ղուկասեան, Էլէն Սարգսեան, Կարինա Ղազարեան, Ռուզաննա Պապայեան եւ Լիա Սիմոնեան։ Վերջերս այս տարուան շրջանաւարտները Հայաստանի մէջ յաջողութեամբ յանձնեցին իրենց աւարտական քննութիւնները եւ ստացան հիմնական կրթութիւն ստացած ըլլալու վերաբերեալ իրենց վկայականները։ Վարժարանի տնօրէնութիւնը այս առթիւ տեղեկացուց, որ մեծ հպարտութեամբ կը հետեւի սաներու ճանապարհին Հայաստանի մէջ։ Շրջանաւարտները ամենայն հաւանականութեամբ իրենց կրթութիւնը շարունակեն Հայաստանի կրթական համակարգէն ներս։

Դպրոցի տնօրէնութիւնը, միեւնոյն ժամանակ, շրջանաւարտներու յաջողութեամբ ուրախանալու առընթեր, կը վերանորոգէ իր երախտագիտական զգացումները պոլսահայ բարերարներուն նկատմամբ, որոնց զօ-րակցութեամբ աշակերտները կը հասնին յաջողութեան։

Հինգշաբթի, Յուլիս 11, 2019