ՍԿԻՒՏԱՐԻ Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Յովհաննէս Կոպոյեանի։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ երէց Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։

Թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը այս տարի կը զուգադիպի յառաջիկայ կիրակի, Խաչվերացի տաղաւարին։ Այցելուները օրուան կրօնական հանդիսութեանց նախագահելու հրաւիրեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։ Բաց աստի, անոնք տեղեկութիւն տուին եկեղեցւոյ մէջ կատարուած աշխատութեանց մասին։ Զրոյցի ընթացքին յայտնեցին, թէ ժամ առաջ կը սպասեն թաղային խորհուրդի նոր ընտրութեան, որպէսզի հերթափոխութեամբ վարչութիւնը յանձնեն նորընտիրներուն։ Այլապէս, անոնք հաւաստիացուցին, թէ նոր ընտրութիւններու ժամանակ, որպէս թեկնածու պիտի չներկայանան Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ թաղականութեան։

Պատրիարք Հայրը լսեց հիւրերուն ներկայացուցած տեղեկութիւնները։ Ինք եւս ցաւ յայտնեց, թէ այս տարի քորոնա համավարակի պատճառաւ բազում տօնախմբութիւններ անշուք անցած են։ Ս. Խաչի տաղաւարին եւս ակամայ այս իրավիճակը պիտի շարունակէ եւ սակաւ հաւատացեալներու ներկայութեամբ պիտի նշուի եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութիւնը։ Նորին Ամենապատուութիւնը թաղականներուն կարողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 11, 2020