ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ

Երէկ, Պաքըրգիւղի ընտանիքը արտասովոր շաբաթավերջ մը ապրեցաւ՝ թաղի Տատեան վարժարանի ի նպաստ կազմակերպուած տարեկան աւանդական սիրոյ սեղանին առթիւ։ Կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ լեցուած էր Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցին, ուր Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Քառասուն Մանկանց դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ Իւմիթ Սաքմանի ղեկավարութեամբ։ Արարողութեան ընթացքին նորին սրբազնութիւնը տուաւ օրուան պատգամը։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, Տատեան վարժարանի «Եթքին Պէրպէրօղլու» մարզասրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որու կողքին էին Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան։ Սիրոյ սեղանի մասնակիցներու շարքին էին Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան, ներկայացուցչութեան խորհրդական Նաղաշ Յակոբեան, Պաքըրգիւղի քաղաքապետարանէն Մարգրիտ Տիքմէ, Շիշլիի քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն, յայտնի բարերարներ, համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներ, հասարակական գործիչներ, համակիրներ եւ հիւրեր։ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիր եւ իր գործակից ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները, որոնք համախմբուած էին տիկնանց յանձնախումբին կողմէ սարքուած սեղաններուն շուրջ։

Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Ասլին Թուրունչի։ Ելոյթներով հանդէս եկան ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիր եւ Տատեան վարժարանի տնօրէնուհի Ալիս Պայրամ։ Թաղային խորհուրդը յուշանուէր մը պատրաստած էր վարժարանի նախկին տնօրէնուհի Հերմինէ Պենլիօղլուի համար, որ դպրոցի 175-ամեակի կարգադիր յանձնախումբի պաշտօնը ստանձնելով վերահսկած էր վերջին շրջանի ձեռնարկներու կազմակերպումը։ Տեղապահ սրբազան հօր ձեռամբ յուշանուէրը ստանալէ վերջ Հերմինէ Պենլիօղլու հանդէս եկաւ շնորհակալութեան խօսքով մը։

Յայտագրի գեղարուեստական բաժնին մէջ Տատեան վարժարանի աշակերտները հանդէս եկան զանազան ելոյթներով՝ արժանանալով ծափահարութիւններու։ Տղաքը խմբերգներ ներկայացուցին՝ ղեկավարութեամբ Մուրատ Իչլինալչայի։ Պարուսոյց Նարօտ Կիւլէչի գլխաւորութեամբ աշակերտները ներկայացուցին նաեւ պարեր։ Արտասանութիւններով հանդէս եկան Արենի Նաքքաշեան եւ Պարէտ Էօրս։

Հանդիսութիւնը աւարտին հասաւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի խօսքով եւ աղօթքով։

Տատեան վարժարանի պիւտճէի բացը այս տարի 300  հազար լիրայի մակարդակին վրայ էր։ Մեր միւս վարժարաններու պիւտճէի բացերուն հետ անհամեմատելի գումար մըն էր այս մէկը, որ հանգանակուեցաւ ամբողջութեամբ։ Որքան որ ալ Տատեանի պիւտճէի բացը յարաբերաբար շատ աւելի նուազ էր, Պաքըրգիւղի սիրոյ սեղանը առանձնացաւ այն հանգամանքով, որ այս տարի առաջին անգամ մեր վարժարաններէն մէկուն յայտարարուած պիւտճէի բացը ամբողջութեամբ հաւասարակշռուեցաւ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 11, 2019