ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԳՆԱՀԱՏԵՑ ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր ընդունեց Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մուրատ Էօզչելիքն ու իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հոգիւ Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ուզունեան։ Յառաջիկայ 26 դեկտեմբերին նախատեսուած է Կէտիկփաշայի եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը, որու ընդառաջ թաղականները Գումգաբու փութացին ըստ ընկալեալ սովորութեան եւ տեղեկութիւններ փոխանցեցին թաղի ընդհանուր վիճակին, իրենց կողմէ ծաւալուած գործունէութեան շուրջ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գնահատեց Կէտիկփաշայի ընտանիքին կողմէ տարուած աշխատանքը։ Ըստ իրեն, թաղը որքան որ ալ այժմ հեռացած ըլլայ անցեալի փառքի օրերէն, թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս միշտ պատնէշի վրայ կը մնայ՝ շնորհիւ հաւատացեալ ու եկեղեցասէր ժողովուրդի ջանքերուն։ Նորին Ամենապատուութիւնը գնահատեց թաղականներու աշխատանքով ապահովուած կենսունակութիւնը, որով եկեղեցւոյ կանթեղը կը մնայ վառ։

Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը օրհնութիւնները տուաւ թաղականներուն, որոնց յղեց յաջողութեան ու կարողութեան մաղթանքներ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 11, 2021