ERVAB-Ի ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ԺՈՂՈՎ

Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնը (ԹՎՄ-ERVAB) այսօր կը գումարէ ներկայ տարուան վերջին ժողովը։ Նիստին կը մասնակցի նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ ԹՎՄ-ի եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի կողմէ գլխաւորուած համայնքային վարիչներն ու Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ընդհանուր արժեւորումի մը կ՚ենթարկեն թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի անցեալ մէկ տարուան իրադարձութիւնները։ Գումգաբուի աղբիւրները աւելի առաջ հաղորդած էին, որ Նորին Ամենապատուութիւնը համայնքային մարմիններու նկատառման կը յանձնէ նաեւ Պատրիարքական Աթոռի վիճակը։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2023