ՆԻՀԱԼ ԵԸԼՏԸՐԸՄ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Երէկ, Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց ԱՔ կուսակցութեան կողմէ Շիշլիի քաղաքապետի թեկնածու առաջադրուած Նիհալ Եըլտըրըմը, որուն կ՚ընկերանային իր խումբ մը գործակիցները։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ ԱՔ կուսակցութեան Շիշլիի մասնաճիւղի ղեկավար Էօմէր Ֆուատ Կիւնտայ։ Նորին սրբազնութեան կողքին էին Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր եւ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն Մինաս Ասլան։

Նորին սրբազնութիւնը ջերմօրէն ողջունեց Նիհալ Եըլտըրըմի Պատրիարքարան այցելութիւնը։ Զրոյցի ընթացքին ընդհանուր փոխանորդը տեղեկութիւններ փոխանցեց Շիշլիի շրջանէ ներս մեր համայնքի ունեցած ներկայութեան շուրջ։ Քաղաքապետութեան թեկնածու Նիհալ Եըլտըրըմն ալ անդրադարձաւ իր կուսակցութեան մօտեցումներուն եւ պարզեց իր տեսակէտները Շիշլիի շրջանի առկայ խնդիրներու լուծման հեռանկարներուն կապակցութեամբ։ Թեկնածուն եւս ընդգծեց, որ հայկական արմատներով քաղաքացիները լուրջ ներկայութիւն մը ունին Շիշլիէ ներս։

Զրոյցի աւարտին նորին սրբազնութիւնը ուրախութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար եւ յղեց յաջողութեան մաղթանքներ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 12, 2019