ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՏԱՐԵԴԱՐՁ

Ֆէրիգիւղի ընտանիքը երէկ մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ թաղի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի հիմնադրութեան տարեդարձին առթիւ։ Բուն Բարեկենդանի տօնակատարութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ երէկուան Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան համանուն դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սիպիլ Արսէնեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Լիւսի Գահվէճիօղլուի։ Ի ժամ Ս. Պատարագի Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տուաւ օրուան պատգամը։ Մինչ այդ Նորին Ամենապատուութիւնը դպրութեան չորս աստիճաններ շնորհեց Մուրատ Մեշեպիւքէնին, Ճան Ալթըքաթօղլուին եւ Արեգ Չաթաքին։ Ռաֆֆի Օհանեանին ալ շնորհուեցաւ ուրար կրելու իրաւունք։ Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, եկեղեցւոյ յարակից «Շիրինօղլու» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որու կողքին էին տէր հայրը, ինչպէս նաեւ Ֆէրիգիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր եւ գործակից ընկերները։ Ֆէրիգիւղի ընտանիքի յարակից մարմիններու, ինչպէս նաեւ քոյր դպրաց դաս-երգչախումբերու ներկայացուցիչներն ալ մասնակցեցան սիրոյ սեղանին։ Դպրաց դասու հիմնադրութեան 115-րդ եւ երգչախումբի կազմութեան 92-րդ կրկնակ տարեդարձներուն առթիւ բարձր տրամադրութիւն կը տիրէր սրահին մէջ։ Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ Ալին Տավութհան Էօզպիւլպիւլի հանդիսավարութեամբ։ Երգչախումբի տնօրէն խորհուրդի գործունէութեան տեղեկագիրը ներկայացուեցաւ Գրիգոր Թէրզեանի կողմէ։ Բոլոր ներկաները ջերմ ծափահարութիւններով ողջունեցին՝ մանաւանդ Սեդրակ Սրկ. Տավութհանը, որ երգչախումբի դպրապետն է եւ առողջական խնդիրներու դէմ մաքառելէ վերջ արդէն վերադարձած է եկեղեցւոյ սպասաւորութեան, ինչ որ այս տարուան տարեդարձի ուրախութիւնը բազմապատկած է։

Յայտագրի գեղարուեստական բաժնին մէջ, Շանթ Էսմէր հանդէս եկաւ նուագներով։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան Բարեկենդանի տողանցք մըն ալ տեղի ունեցաւ, ինչ որ ստեղծեց մեծ խանդավառութիւն։ Կրկնակ տարեդարձները բնորոշուեցան կարկանդակի հատումով։ Մինչ այդ, Էտվին Կալիպօղլու եւ Արմենակ Գազանճեանն ալ յուշանուէրներ ստացան իրենց սպասաւորութեան տասնամեակին առթիւ։

Հուսկ բանքը արտասանեց Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը, որ բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ Ֆէրիգիւղի ընտանիքին եւ Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբին գործունէութեան մասին։

Երկուշաբթի, Փետրուար 12, 2024