ՍՈՒՐԲ ՅԱԿՈԲԻ ՄԷՋ ԺԱՊԱՒԷՆԻ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԳՐՔԻ ԾԱՆՕԹԱՑՈՒՄ

Սուրբ Յակոբ հիւանդանոցի յարակից ակումբին մէջ երէկ երեկոյեան ցուցադրուեցաւ «Արարատի եւ Անիի մոռցուած երեսը» խորագրեալ վաւերագրական ժապաւէնը եւ ներկայացուեցաւ համանուն գիրքը։ Հիւանդանոցի հասարակութեան հետ յարաբերութիւններու պատասխանատու Թալին Էրկիւնէշ-Կազէրի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած մշակութային գործունէութիւններու երրորդն էր այս մէկը։ Ներկաներու շարքին էին Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան, Կարսի քաղաքապետ Այհան Պիլկէն, քաղաքիս քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր կեդրոններէն ներկայացուցիչներ, Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան, մեր համայնքէն զանազան հետաքրքիրներ, ակադեմականներ եւ այլ հիւրեր։

Թալին Էրկինէշ-Կազէրի ողջոյնի խօսքով սկսաւ ձեռնարկը, որու ընթացքին ժապաւէնի ներկայացումէն վերջ համանուն գրքին շուրջ տեղեկութիւններ փոխանցեց հեղինակը՝ Վետաթ Աքչայէօզ։ Զեքիեան Գերապայծառն ալ ունեցաւ ելոյթ մը եւ հեղինակին յանձնեց գնահատագիր մը։ Սրտի խօսք մըն ալ արտասանեց Կարսի քաղաքապետը։

Յայտագրի գործադրութեան աւարտին սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը։

Հինգշաբթի, Մարտ 12, 2020