ՎԱՔԸՖՆԵՐՈՒ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՏՆՕՐԷՆ ՊՈՒՐՀԱՆ ԷՐՍՈՅ ԵՐԷԿ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԻՐԱՒԱԲԱՆ ՍԻՄՈՆ ՉԵՔԷՄԸ

Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ իրաւաբան Սիմոն Չեքէմ երէկ այցելեց մայրաքաղաք Անգարա, Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութենէն ստացած հրաւէրին ընդառաջ։ Ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, յետմիջօրէի ժամերուն Սիմոն Չեքէմ ընդունուեցաւ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն Պուրհան Էրսոյի կողմէ։ Ան այս տեսակցութենէն անմիջապէս վերջ ցամաքային ճամբով արդէն վերադարձաւ Իսթանպուլ։

Այս առաւօտ հեռախօսազրոյց մը ունեցանք Սիմոն Չեքէմի հետ, որ մեզի յայտնեց, թէ ներկայիս չի փափաքիր մանրամասնութիւններու մէջ խորանալ։ Սիմոն Չեքէմ յայտնեց, որ շատ դրական հանդիպում մը ունեցած է Պուրհան Էրսոյի հետ։ «Մեր տեսակցութիւնը շատ լաւ անցաւ, սակայն նպատակայարմար չեմ գտներ այս պահու դրութեամբ զրոյցի բովանդակութեան մանրամասնութիւններու հրապարակումը։ Մտադրութիւն չունիմ որեւէ բան թաքցնելու։ Բայց եւ այնպէս, հրապարակումներու իմաստով չեմ ուզեր շտապել, որովհետեւ այս շրջանին մենք ինչ որ ըսենք՝ այդ հիման վրայ կը ստեղծուին բանավէճեր ու կը կատարուին չարաշահումներ։ Մենք չենք ուզեր բանավէճեր հրահրել, կողմնակից չենք ոեւէ մէկը անարգելու կամ վիրաւորելու եւ կը խուսափինք մեր համայնքէն ներս պառակտումներ ստեղծելէ։ Ուստի, լիայոյս եմ, թէ բոլորը մեզ ճիշդ կը հասկնան։ Կարճ ժամանակ անց արդէն ամէն ինչ պարզ կը դառնայ», ըսաւ Սիմոն Չեքէմ այս առաւօտեան մեր կարճ հեռախօսազրոյցին ժամանակ։

Հարկ է նշել, որ Սիմոն Չեքէմի Անգարա տուած այցելութիւնը համայնքային շրջանակներու անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձած է։ Արդարեւ, Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց ղեկավարման դրութիւնը վերջին շրջանին բանավէճի նիւթ դարձած է՝ Էսաեան վարժարանի տնօրէնուհիներու պաշտօնազրկման որոշումով պայմանաւորուած մթնոլորտին ընձեռած հնարաւորութիւններով։ Միջոց մը առաջ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու դիմում ներկայացուցած էր Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան՝ Թրքահայ վաքըֆներու միութեան ղեկավարի հանգամանքով։ Ան պահանջած էր, որ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ղեկը յանձնուի Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցին։ Ատենապետ Շիրինօղլու հրապարակաւ պնդած էր, որ այժմու ղեկավարութիւնը դարձած է ապօրինի։ Վրայ հասած էր նաեւ Պատրիարքարանի եւ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդին միջեւ ստեղծուած լարուածութիւնը, որու հետեւանքով հոգեւոր հովիւները ետ քաշուած էին։ Համայնքէն ներս զանազան շրջանակներ սպասումի մէջ էին այժմու թաղականներու պաշտօնազրկման համար։ Սիմոն Չեքէմի Անգարա այցելութիւնը կը մեկնաբանուի այս համայնապատկերին վրայ։ Ըստ երեւոյթին, պաշտօնազրկման պարագայ մը խնդրոյ առարկայ չէ։ Թէեւ ան զրոյցի բովանդակութեան մասին մանրամասնութիւններ հաղորդելը նպատակայարմար չէ գտած, սակայն, եթէ իր բնորոշումով վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնին հետ հանդիպումը եղած է դրական, ապա տրամաբանականօրէն կարելի է ընել այս հետեւութիւնը։ Եթէ նոր մանրամասնութիւններով նոր պարագաներ ի յայտ չգան, ապա այս պահու դրութեամբ կարելի է ըսել, որ համայնքէն ներս Պէյօղլուի շուրջ ստեղծուած կացութիւնը արդէն նոր հարթութիւն մը թեւակոխած է։ Բնականաբար, համայնքի շահերուն տեսակէտէ նպատակայարմար պիտի ըլլայ ստեղծուած նոր իրավիճակը արժեւորել պաղարիւնութեամբ, վերանորոգել փոխադարձ յարգանքի մթնոլորտը եւ այս խնդրին առընչութեամբ դիմել յաւելեալ կարգադրութիւններու, առնել նոր քայլեր՝ գերադասելով համագործակցութիւնը եւ համերաշխութիւնը, համայնքի ներքին միասնականութեան ամրապնդումը։

Ուրբաթ, Յունիս 12, 2020