ԽԱՉՎԵՐԱՑ՝ ՏՕՆ ՈՒԽՏԻ ԵՒ ՑՆԾՈՒԹԵԱՆ

Սուրբ Աւետարանը, ապաշխարող մեղաւորի մը կեանքէն ներս իրականացած սրբակենցաղ ապրելակերպի վերադարձին ու անոր յառաջացուցած ուրախութեան մասին կը խօսի։

Մեծ պահոց Քառասնորդաց Գ. կիրակին կը ներկայանայ իր խորիմաստ ու տպաւորիչ պատգամով, որ Քրիստոսի պատմած առակներու ընդմէջէն կը յայտնուի։ Կորսուած ոչխարին, կորսուած դրամին եւ մանաւանդ անառակ կեանքը ընդգրկած ու կորստեան մատնուած մարդուն օրինակներով ցոյց կը տրուի, թէ արժէքներու կորուստը ցաւառիթ պարագայ մը ըլլալով, կը տրտմեցնէ զանոնք կորսնցնող անհատները։ Սակայն եւ այնպէս, նոյն առակները մեզի կը ներկայանան կորսուած արժէքները վերստին գտնելու եւ անոնց վերատիրանալու ուղղութեամբ ջանք վատնելու կենսական թելադրութեամբ, ինչպէս նաեւ՝ անոնց ձեռքբերմամբ յառաջացման ուրախ տրամադրութեան մասին։ Կը սորվինք, թէ «Աստուծոյ եւ երկնքի հրեշտակներուն առջեւ ուրախութիւն կ՚ըլլայ մէկ մեղաւորի համար, որ կ՚ապաշխարէ» (Ղուկաս, 15.10), նաեւ՝ գթառատ Հօր ուրախանալու հրահանգը իր անառակ որդիին մասին «քանի որ մեռած էր եւ ողջնցած, կորսուած էր եւ գտնուած» (Ղուկաս, 15.24)։

Քրիստոնէական եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ կայ դէպք մը, որ որքան պատմական, նոյնքան եւս նուիրական է ու մեծ ուրախութիւն պատճառած՝ հաւատացեալ հոգիներու։ Եւ այդ սքանչելի դէպքը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ Խաչի գերութենէն ազատագրուիլը։ Խաչը սրբութիւն սրբոց էր Քրիստոնեայ հաւատացեալներուն համար եւ պարծանքի նշանը։ Նշան՝ որուն վրայ իրականացած էր մարդկային պատմութեան եզակի զոհաբերումը, խորհրդաւոր պատարագի մատուցումը՝ ի փրկութիւն աշխարհի։ Իւրաքանչիւր մատուցուած Սուրբ Պատարագի միջոցաւ կը բաշխուի Գողգոթայի անկրկնելի Սուրբ Պատարագի փրկարար զօրութիւնը։ Խաչի պատարագին մէջ յայտնուած սքանչելի խորհուրդը գեղեցկօրէն կը ներկայացուի պատարագիչի արտասանած Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի Վարդապետի առ Սուրբ Հոգի ուղղեալ աղօթքի բառերով. «Եւ որովհետեւ Երրորդութենէդ մէկը կը պատարագուի եւ միւսդ կ՚ընդունի՝ իր անդրանիկին սուրբ արիւնովը հաշտուելով մեզի հետ, Դուն ալ ընդունիս մեր պաղատանքը, եւ մեզ պատուական եւ ամենապատրաստ օթեւաններ ընես, վայելելու համար երկնաւոր Գառիդ ճաշակումը. Եւ առանց պատիժի դատապարտութեան ընդունելու փրկութեան կեանքի այս անմահացուցիչ մանանան» (Նարեկ, Բան՝ ԼԳ. Հտծ. Ե ըստ՝ Թորգոմ Պատրիարք Գուշակեանի թարգմանութեան)։

Պատմութիւնը կը վկայէ, թէ եօթներորդ դարուն պարսկական արշաւանք մը ինչպէս խորապէս խոցած էր Քրիստոնեայ հաւատացեալներու սրտերը։ Այս արշաւանքին իբր հետեւանք, Ս. Երուսաղէմը գրաւուած էր։ Մարդիկ իրենց կեանքերը կորնցուցած էին պատերազմի անագորոյն մթնոլորտին մէջ։ Այս բոլորին վրայ բարդուած էր նաեւ Խաչափայտին գերեվարումը ու Պարսկաստան՝ հեթանոս արքունիքի մօտ փոխադրուիլը։ Սրբութեան Նշանին հեթանոս շրջանակի մէջ գերեվարուած վիճակը տրտմութեամբ համակած էր քրիստոնեայ աշխարհը։ Քրիստոնեայ հաւատացեալին համար անգին արժէք էր ապրիլ՝ Խաչի խորհուրդին հետ, վայելել՝ խաչով պարգեւուած սրբութեան բարիքները, մանաւանդ դաւանիլ՝ թէ «Խաչը փրկուածներուն համար՝ Աստուծոյ զօրութիւն» էր (Ա.Կորնթացիս, 1.18)։ Հետեւաբար ինքնին հասկնալի կը դառնար, թէ հոգեւոր ուրախութեան ու ցնծութեան տրամադրութիւնը ինչպէս փոխակերպուած էր տրտմութեան։ Այդ տրտմութիւնը եւ քրիստոնէական արժանապատուութիւնը դուռ բացած էր, որ այս հարցի լուծման ճանապարհ մը որոնուէր։ Բիւզանդիոնի կայսրը՝ Հերակլ, ցուցաբերեց Քրիստոնէական հաստատակամութիւն վասն ազատագրման Սուրբ Խաչին եւ յանձն առաւ պատերազմիլ։ Բանակին մաս կը կազմէր նաեւ Մժեժ Գնունի հայ զօրավարը եւ հայ զինուորներ։ Սա պատերազմ մըն էր, որուն դրդապատճառը սկզբունքով առընչութիւն չունէր աշխարհակալական եւ կամ երկիրներ գրաւելու ձգտումներու հետ, այլ կը միտէր Սրբութեան Նշանը, որուն վրայ մածուած էր տիեզերքի Փրկչին՝ Աստուծոյ Միածին Որդիին Սուրբ Արիւնը, ազատել գերութենէն։ Քրիստոնէական օրհնեալ հաստատակամութիւնը ի վերջոյ յաղթանակեց եւ Քրիստոնեայ աշխարհը վերստին տիրացաւ Սուրբ Խաչին։

Բոլորով սրտիւ կը հաւատանք, թէ անառակ մարդկութեան մեղքի ծանրութիւնը Խաչափայտին վրայ մատուցուած Սուրբ Պատարագին միջոցաւ չքացաւ։ Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետ իր խօսքը ուղղելով Քրիստոսի կ՚ըսէ. «Երբ բարձրացար Քու Սուրբ Խաչիդ, վրադ առիր մեղքերը մեր ու թշնամին մեր բնութեան գամեցիր դուն խաչափայտին» (Յիսուս Որդի, ըստ՝ Շնորհք Պատրիարք Գալուստեանի թարգմանութեան)։ Երբ անառակին դարձը ուրախութիւն կը պատճառէր, բնական երեւոյթ մըն էր տեսնել, թէ խաչափայտին գերութենէն ազատագրումը ուրախութեան առիթ կը դառնար։ Մինչ՝ յանձինս Քրիստոնեայ հաւատացեալներու՝ երկիրը կ՚ուրախանար սրբութեան մեծագոյն նշանին վերստին տիրացած ըլլալով, անոր ուրախակից կ՚ըլլար նաեւ երկինքը, տեսնելով մարտնչող եկեղեցւոյ նախանձախնդրութիւնը հանդէպ այն «սրբութեան սեղանին», որ այլեւս կորսնցուցած էր չարչարանքի եւ մահուան գործիք ըլլալու իր հանգամանքը ու դարձած՝ «պարծանքի նշան» Պօղոս Առաքեալի բառերով (Գաղատացիս, 6.14)։ Պօղոս Առաքեալ պարծենալու արժէքներ չունէ՞ր միթէ։ Իր իսկ խոստովանութեամբ «թլփատուած էր ութերորդ օրը, Իսրայէլի ցեղէն էր, Բենիամինի սերունդէն, Եբրայեցի՝ Եբրայեցի ծնողքէն, ըստ օրինի փարիսեցի» (Փիլիպպեցիս, 3.5-6), ի վերայ այսր ամենայնի հօրմէն ժառանգած էր Հռովմէական քաղաքացիութեան իրաւունք։ Ասոնք արհամարհելի արժէքներ չէին, սակայն Առաքեալը այդ բոլորը, որոնք առաւելութիւններ էին իրեն համար, «վնաս կը նկատէ Քրիստոսի համար… այդ բոլորը աղբ կը սեպէ, որպէսզի շահի Քրիստոսը» (Փիլիպպեցիս, 3.7-9) եւ աշխարհիկ այս արժէքները կը նկատէ խաչուած, իրեն համար։ Առաքեալը կ՚արտայայտէ իր յստակ համոզումը թէ՝ «ինք մեռած էր աշխարհի համար եւ աշխարհը՝ իրեն համար» (Գաղատացիս, 6.14)։

Քրիստոսի խաչը ծանր էր, որուն ծանրութիւնը յառաջ կու գար մարդկութեան մեղքերէն։ Քրիստոս ըսաւ. «Ես եմ Ճանապարհը, Ճշմարտութիւնը եւ Կեանքը» (Յովհաննէս, 14.6)։ Մեր նախահայրերը այս հաւատքով ընթացան ու այս հաւատքով ապրեցան, յանձն առնելով զոհողութիւններ, երբեմն դժուար տանելի, սակայն վայելեցին հաւատքին պտուղները, հարստացնելով եկեղեցին ու հաւատացեալներու հոգեւոր ու մտաւորական կեանքը։

Նոր Ուխտի հաստատման մասին կը կարդանք Երեմիա Մարգարէի մարգարէութեան մէջ, ուր գրուած է. «Ահա օրեր կու գան, կ՚ըսէ Տէրը, եւ Իսրայէլին տանը հետ ու Յուդային տանը հետ նոր ուխտ պիտի ընեմ, ո՛չ թէ այն ուխտին պէս, որ անոնց հայրերուն ըրի այն օրը երբ անոնց ձեռքէն բռնեցի՝ զանոնք Եգիպտոսի երկրէն հանելու համար. քանզի անոնք իմ ուխտս զանց ըրին, ես ալ զանոնք մերժեցի, կ՚ըսէ Տէրը. բայց այն օրերէն ետքը Իսրայէլի տանը հետ ընելու ուխտս ասիկա է. «Իմ օրէնքս անոնց ներսիդին պիտի դնեմ ու զանիկա անոնց սրտին վրայ պիտի գրեմ։ Ես անոնց Աստուած պիտի ըլլամ եւ անոնք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլան։ Ու անկէ ետքը մարդ մը իր ընկերին ու ուրիշ մը իր եղբօրը պիտի չսորվեցնէ՝ ըսելով. ‘Տէրը ճանչցիր’. հապա անոնց պզտիկէն մինչեւ մեծը ամէնքը զիս պիտի ճանչնան, վասն զի անոնց անօրէնութիւնը պիտի ներեմ ու ա՛լ անոնց մեղքը պիտի չյիշեմ» (Երեմիա, 31.31-34)։

Քրիստոնեայ հաւատացեալը ուխտաւոր մըն է որ, կ՚ընթանայ Նոր Ուխտի ճանապարհէն։ Ուխտի ճանապարհ մը, որ սկիզբ կ՚առնէ Սուրբ Աւազանէն։ Երախան, Քրիստոսի հետ կը թաղուի, Քրիստոսով յարութիւն կ՚առնէ ու այլեւս կ՚արժանանայ Աստուծոյ որդեգրութեան պատիւին։ Նոր Ուխտի օրհնութեամբ ստացուած այս պատիւը անաղարտ կը մնայ Աստուծոյ Խօսքին նկատմամբ ցուցաբերելի հաւատարմութեան չափով։

Աստուծոյ կամքով հաստատուած Նոր Ուխտի ճանապարհին մէջ երբ կարիքը կը ծագի զօրացման, աչքերը կը սեւեռին Քրիստոսի Խաչի նշանին, որուն զօրացուցիչ խորհուրդը կը վանէ ամէն տեսակի ժխտականութիւն, որոնք կը միտին կեանքեր փոթորկել ու ալեկոծել։ Հետեւաբար Քրիստոսի Ամենայաղթ Սուրբ Խաչի նշանը բոլորիս կը յիշեցնէ մեր յանձնառութիւնները որպէս զոհողութիւններ, ամէն բանէ առաջ Աստուծոյ փառքին, Քրիստոսի Մարմնին՝ Սուրբ Եկեղեցւոյ բարգաւաճման ու անսասանութեան, նաեւ մեր շինութեան ու մխիթարութեան համար։ Այս պարագային աւելի լաւ կը հասկնանք եւ կ՚ըմբռնենք եօթներորդ դարու հաւատացեալներու հաւատքն ու նախանձախնդրութիւնը։ Այսօր ոչ ոք մեր ձեռքէն կը խլէ մեր արժէքները, եթէ մենք կամովին չհրաժարինք անոնց տէր կանգնելու նուիրական պարտականութենէն։ Եթէ չվարակուինք անտարբերութեան յոյժ վնասակար ախտէն, ախտ մը՝ որ կ՚առաջնորդէ դէպի անէացման խորխորատ եւ դժբախտաբար երբեմն մարդ այդ ախտին կ՚ենթարկուի առանց դոյզն իսկ զգալու։

Խաչվերացի տաղաւարի տօնակատարութեան ընդմէջէն հաղորդ կը դառնանք արժէքներու պահպանութեան կարեւորութիւն ընծայելու գաղափարին։ Արժէքներ, արդիւնքներն են նուիրեալներու տքնութեան ու հաւատաւոր գործելակերպին, որոնք որպէս նուիրական աւանդներ փոխանցուելով յանձնուած են մեզի՝ բոլորիս։ Այսօր մենք երբ կը պարծենանք մեր եկեղեցական եւ աշխարհական դէմքերու թողած արժէքներով, այդ պարծանքին առընթեր պարտինք յիշել, թէ ունինք քաղցր լուծ մը զանոնք գնահատելու եւ պահպանելով ապրեցնելու եւ ինչո՞ւ չէ, զարգացնելով յաջորդ սերունդներուն յանձնելու։ Վստահ ենք, թէ մեր պարանոցէն կախուած այս քաղցր լուծը այնքան ծանր չէ, որքան Քրիստոսի Խաչը։

Մեր ի ձեռին ունեցած բարոյական հարստութիւնները եթէ մեր առօրեային մաս չեն կազմեր, այս համազօր է դժբախտ երեւոյթի։ Մարդիկ աշխարհիկ արժէքներով իրենք զիրենք երջանիկ կը կարծեն, սակայն այս երջանկութիւնը՝ որ հաստատուած է գնայունին վրայ, յօդս կը ցնդի, կեանքի փոթորկալից եւ երերուն պատահարներուն առջեւ։ Մնայունը կու գայ Աստուծոյ ներկայութենէն, որ կեանքի ամէն պատահարներուն դիմաց կրնայ աներեր պահել ենթական։ Մեր հաւատքի կեանքը երբ վառ է Աստուածսիրութեամբ, մանաւանդ այս դժուարին օրերուն, այդ ուրախութիւն կը պատճառէ մեզի, ինչպէս նաեւ մեր Երկնաւոր Հօր, հրեշտակներուն եւ սուրբերուն։ Մերօրեայ պայմանները պատճառաբանելով երբ կը տկարանայ մեր հաւատքի կեանքը, մենք զմեզ կը գտնենք ոչ փափաքելի վիճակի մը մէջ։ Պէտք է լաւ ըմբռնել, թէ հաւատքը, յոյսը եւ սէրը Քրիստոնէական կեանքի հիմնական սկզբունքներն են, առանց որոնց կը դատարկանայ մեր կեանքը։ Եւ անգամ մը որ այս արժէքները կը կորսնցնենք, անոնց շնորհալի ներգործութիւնը կը տկարացնենք, կամ կամայ եւ ակամայ մեզմէ կը հեռացնենք, կու գայ օր մը, երբ կ՚անդրադառնանք թէ սխալած ենք։ Նոյն արժէքներու շնորհներով զարդարուելու համար կը հարկադրուինք պայքար մղել դարձի եւ ապաշխարութեան ուղիով։ Եւ երբ կը վերագտնենք զանոնք, կը տեսենք, թէ անոնք ինչպէս կ՚ուրախացնեն մեզ։

Մեր ժողովուրդին գիտակից տարրը կրօնական եւ մշակութային արժէքները իր կեանքին ընդելուզած է, առանց մէկը միւսէն գերադասելու։ Մեր եկեղեցական հարստութիւնը, եկեղեցւոյ արարողութեան ծիսական կարգաւորումը, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գործող դպրաց դասերը եւ երգչախումբերը, կրթական օճախները, մեր լեզուն, մեր լեզուով կատարուած հրատարակութիւնները, ըլլան անոնք գիրք կամ մամուլ, մեր երգը, բեմական արուեստները, ժողովրդական երաժշտութիւնն ու պարը թանկագին արժէքներ են, որոնք երբ անգիտակցութեան եւ անտարբերութեան հետեւանքով տկարանան եւ մեր ձեռքէն ելլեն ու մենք զմեզ զրկանքի վիճակի մէջ գտնենք, այն ատեն կը հասկնանք կորսուածին արժէքը։ Պարտինք գուրգուրալ իւրաքանչիւր արժէքին վրայ, նկատի ունենալով թէ՝ երբ անգամ մը կորսնցնենք, դժուար կ՚ըլլայ զանոնք վերստին շահիլ, չըսելու համար նոյնիսկ երբեմն անկարելի։

Սուրբ Խաչին վերստին տիրանալու ուրախութիւնը թող օրինակ ըլլայ մեզի եւ մենք ուրախութիւնը ընդմիշտ վայելենք մեր արժէքներուն հետ ապրելով ու զանոնք ապրեցնելով։ Այս քաղցր պայքարին մէջ օգնական է մեզի Քրիստոսի Սուրբ Խաչը, եւ կ՚աղօթենք Սահակ Ձորափորեցի Հայրապետի ժողովրդականացած շարականի բառերով. «Զօրութիւն Սուրբ Խաչի Քո Քրիստոս, որ կանգնեցեր ի փրկութիւն աշխարհի. սա պահեսցէ զմեզ յամենայն փորձութենէ»։

Սուրբ Խաչը ապաւէն եւ պահապան ըլլայ բոլորիս, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. Ամէն։

ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

10 սեպտեմբեր 2020, Գնալը կղզի

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 12, 2020