Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՊԱԼԱԹՈՒ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան կիրակի նախագահեց Պալաթու Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ արարողութիւններուն, որոնք առիթ հանդիսացան մեծ ոգեւորութեան։ Զանազան թաղերէ փութացած հաւատացեալներ լեցուցած էին պատմական եկեղեցին, ուր պատարագեց Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ։ Նորին սրբազնութիւնը ի ժամ Ս. Պատարագի տուաւ օրուան պատգամը։

Արարողութենէն վերջ, եկեղեցւոյ բակին մէջ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան անմիջականօրէն զրուցեց հաւատացեալներու հետ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 12, 2019