ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՊԻՒՅԻՒՔՏԷՐԷԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթ նախագահեց Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Պատարագին։ Զանազան թաղերէ ուխտաւորներ փութացած էին եկեղեցի, ուր Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Մելքոն Քհնյ. Փընարճեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Պէյօղլուի Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Յակոբ Մամիկոնեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Սիրուն Սիրունեանի։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը օրուան քարոզին մէջ անդրադարձաւ աղէտալի երկրաշարժին, որու ծանր հետեւանքները այս օրերուն կը բնորոշեն երկրին օրակարգը։ Իր խօսքով՝ երկրաշարժը ցնցած է ո՛չ միայն երկրի տասն քաղաքները, այլեւ՝ մարդկութեան սիրտը։

Արարողութեան ընթացքին առ Աստուած աղօթք բարձրացուեցաւ երկրաշարժի զոհերու հոգւոցն ի հանգիստ։ Բոլորին մաղթանքն էր, որ աղէտեալներուն ցաւերը շուտով մխիթարուին։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ ատենապետ Մինաս Մեծատուրի կողմէ գլխաւորուած Պիւյիւքտէրէի թաղային խորհուրդը հիւրընկալեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, հոգեւոր հայրերը եւ հիւրերը։ Անմիջական զրոյցի մթնոլորտին մէջ բոլորը ուրախութիւն յայտնեցին, որ նորընտիր թաղային խորհուրդի պաշտօնավարման շրջանին առաջին անգամ արարողութիւն մը կ՚ունենար Վոսփորի Եւրոպական ափի մեր այս գողտրիկ եկեղեցւոյ մէջ։ Ատենապետ Մինաս Մեծատուր հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը, որու ընթացքին ընդգծեց, թէ Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցին այս տարի թեւակոխած է իր հիմնադրութեան 175-ամեակի յոբելենական շրջանը։

Հարկ է նշել, որ իւրաքանչիւր ամսուան երկրորդ կիրակիին Պիւյիւքտէրէի Սուրբ Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ մէջ պիտի մատուցուի Սուրբ Պատարագ։ Շաբթուան բոլոր օրերուն եկեղեցին բաց է մոմավառութեան համար։

Երկուշաբթի, Փետրուար 13, 2023