ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ ԳԻՆԵՁՕՆ
Երէկ երեկոյեան Գնալըի բարձունքին «Աւետիկ Պատրիարքի խորհրդաւոր կեանքը» գիրքի ծանօթացման հաւաքոյթը համախմբեց շարք մը հետաքրքիրներ։ Սիրվարդ Մալխասեանի կողմէ հեղինակուած այս գործը միջոցէ մը ի վեր կ՚արժանանայ ուշադրութեան եւ ի շարունակութիւն երէկ երեկոյեան տեղի ունեցածը ձմրան շրջանին կազմակերպուած շնորհանդէսի կրկնութիւն մըն էր։ Երեկոյթը պատուեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որու կողքին էին Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Զաւէն Աւ. Քհնյ. Պըչաքճեան։ Թէ՛ հետաքրքիրներ եւ թէ համայնքային շրջանակներէն յայտնի դէմքեր համախմբուած էին Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ, ուր կազմակերպուած ձեռնարկը հնարաւորութիւն ընձեռեց, որպէսզի ձմրան շրջանին տեղի ունեցած գինեձօնէն բացակայածները առիթն ունենան հաղորդ դառնալու այս գործին եւ հեղինակի խոհերուն։
Յայտագիրը սկսաւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի ողջոյնի խօսքով։ Գեղարուեստական բաժին մըն ալ նախատեսուած էր ծրագրին մէջ՝ մանաւանդ երաժշտական կատարումներուն, որոնք արժանացան ծափահարութիւններու։ Ծրագրին ողնայարը կազմեց՝ գիրքի հեղինակ Սիրվարդ Մալխասեանի եւ բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեանի կենդանի զրոյցը, որու ընդմէջէն բիւրեղացան բազում հանգամանքներ. օրինակ՝ երջանկայիշատակ պատրիարքի կեանքն ու գործունէութիւնը, անոր դիմագրաւած խորհրդաւոր դժուարութիւնները եւ այլն։ Հուսկ բանքը արտասանեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ ի վերջոյ կղզիի բարձունքին, եկեղեցւոյ զանգակատան տակ դարձեալ խորհրդանշական գինեձօն մը տեղի ունեցաւ Սիրվարդ Մալխասեանի գիրքին համար։
Յայտագրի գործադրութենէն վերջ բոլորը ջերմօրէն շրջապատեցին Սիրվարդ Մալխասեանը, որուն նկատմամբ իրենց գնահատանքը արտայայտեցին՝ տարուած ուսումնասիրական աշխատանքին եւ ողջունելի արդիւնքին բերումով։
Թրքահայ կեանք
- 10/07/2024
- 10/07/2024