Ս. ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԻ ԱՌԹԻՒ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԵՑԱՆ՝ ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ՎԱԽՃԱՆԵԱԼ ՔԱՐՈԶԻՉՆԵՐԸ

Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ, շաբաթավերջին, Ս. Թարգմանչաց տօնի առթիւ արարողութիւններ տեղի ունեցան՝ հանդիսապետութեամբ եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի։ Ս. Պատարագը մատոյց՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին՝ Լեւոն Սրկ. Գույումճեան, Նշան Սրկ. Չալկճեան, Մուրատ Կսրկ. Կոստանեան եւ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ս. Թագաւոր դպրաց դասու կողմէ՝ առաջնորդութեամբ Սեւան Շէնճանի եւ երգեհոնահարութեամբ Արտէն Գարիպեանի։

Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ վերջին տարիներուն հաստատուած է գեղեցիկ աւանդութիւն մը, որով Ս. Թարգմանչաց տօնի առթիւ տօնական Ս. Պատարագ կը մատուցուի եւ այս առիթով կը յիշատակուին եկեղեցւոյ վախճանեալ քարոզիչները։ Այսպէսով եկեղեցին կ՚ողջունէ նաեւ Հայ Մշակոյթի շաբաթը։ Այս տարի եւս այս սովորութիւնը պահպանուեցաւ, սակայն քորոնա համավարակը պատճառ դարձաւ, որ արարողութիւնները ըլլան աւելի սահմանափակ։

Ս. Պատարագի աւարտին հայր սուրբը քարոզեց «Եթէ մէկը ինծի կը ծառայէ, թող իմ ետեւէս գայ ու ես ո՛ւր որ եմ, իմ ծառաս ալ հոն պիտի ըլլայ. եթէ մէկը ինծի կը ծառայէ, Հայրը պիտի պատուէ զանիկա» (Յովհաննէս 12.26) բնաբանով։ Հայր սուրբը ծառայութեան կարեւորութիւնը ընդգծեց եւ յայտնեց, թէ եկեղեցւոյ նուիրականացած բառերէն մին է ան։ Ապա յայտնեց աստուածահաճոյ ծառայութեան նշանակութիւնը, որ է, սրտաբուխ սպասարկութիւն մատուցանել մարդկութեան եւ առ հասարակ եկեղեցւոյ։ Այս ուղղութեամբ յայտնեց, թէ Աստուած փոքր թէ մեծ բոլոր ծառայութիւնները կը գնահատէ եւ աւելին՝ Իր Աստուածային օրհնութիւնը կը շաղախէ, եթէ նուիրեալին սրտին մէջ տեսնէ կամաւոր ծառայասիրութիւնը։

Այս շրջագիծով յայտնեց, թէ Հայ Եկեղեցին կը յիշատակէ Ս. Թարգմանչաց վարդապետաց տօնը եւ այս առիթով կը պատուէ բազմաթիւ սուրբ վարդապետներու անունները, որոնց կարգին խորհրդանշային է Ս. Մեսրոպ Մաշտոցը։ Հայր սուրբը անդրադարձաւ Ս. Մեսրոպի մեծագոյն ծառայութեան, որ էր Այբուբեն ստեղծել եւ ապա՝ Ս. Գիրքի թարգմանութեան ձեռնարկել։ Անցեալին իրականացած այս պատմական դէպքը իրականացած էր, քանի Ս. Սահակ Պարթեւի եւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի առաջնորդութեամբ Բանին Կենաց քարոզիչներ, փափաքն ունեցած էին Աստուածային Լոյսը հասցնել հայ հաւատացեալին, որպէսզի ան կարողանար ընթերցել Ս. Գիրքը եւ ամրացնել իր հաւատքը։ Երախտիքով յիշեց նաեւ Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ քարոզիչները, որոնցմէ ոմանք ո՛չ միայն Գատըգիւղի, այլ՝ Հայ Եկեղեցւոյ իրականութեան մէջ դարձած էին մեծանուն քարոզիչներ։ Քարոզի աւարտին, կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն ու յիշատակուեցան վախճանեալ քարոզիչները։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 13, 2020