ԻՐԱՒԱԲԱՆ ՍԻՄՈՆ ՉԵՔԷՄ ԴԱՏԱՐԱՆ ԴԻՄԵՑ

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացէն ներս երէկուան դրութեամբ արդէն երկրորդ անգամ դիմում ներկայացուեցաւ դատական իշխանութիւններուն մօտ։ Այսպէս, իրաւաբան Սիմոն Չեքէմ դատ բացաւ Իսթանպուլի Asliye Hukuk ատեանին մօտ, որպէսզի պատրիարքական ընտրութեան գործադրութեան ընթացքը կասեցուի։ Իրաւաբան Սիմոն Չեքէմ թէեւ այս դատը բացած է անհատական դիմումի մը հիման վրայ, սակայն, ծանօթ է, որ ան կը գլխաւորէ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը։

Դատական դիմումին մէջ Սիմոն Չեքէմ մատնանշած է քանի մը հանգամանք, ըստ էութեան, Նախաձեռնարկ մարմնի վերաբերեալ դիտողութիւններ։ Այսպէս, Նախաձեռնարկ մարմինը պատշաճ ձեւով չի կատարեր այն պարտականութիւնները, որոնք սահմանուած են կանոնադրութեամբ։ Ուստի, Նախաձեռնարկ մարմինը պէտք է լուծարուի եւ պէտք է ստեղծուի նոր մը։ Պահանջուած է նաեւ 11 դեկտեմբեր 2019 թուականին նախատեսուած պատրիարքական ընտրութեան կասեցուիլը։ Դատը բացուած է Ներքին գործոց նախարարութեան, Իսթանպուլի կուսակալութեան դէմ, որոնց վաւերացումով Նախաձեռնարկ մարմինը լծուած է գործի եւ անոր հետ համագործակցաբար պատրաստուած է կանոնադրութիւնը։

Ինչպէս ծանօթ է, մօտաւոր անցեալին «Հանրային նախաձեռնութիւն» խումբն ալ դատարան դիմած էր պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի կասեցման պահանջով՝ նոյնպէս անհատական հիմունքով։ Սիմոն Չեքէմն ալ այսպէսով բացած է երկրորդ դատը։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 13, 2019