ՄԱՀ՝ ԲԱՐՍԵՂ ԹՈՒՂԼԱՃԵԱՆԻ

Խոր ցա­ւով վե­րա­հա­սու ե­ղանք, որ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան իր մահ­կա­նա­ցուն կնքած է յայտ­նի պատ­մա­բան ու բա­ռա­րա­նա­գիր Բար­սեղ Թուղ­լա­ճեան։ Ան ե­ղած էր մեր մտա­ւո­րա­կան կեան­քի աշ­խոյժ դէմ­քե­րէն մին՝ բարձ­րա­գոյն ու­սու­մը ստա­ցած ըլ­լա­լով Մի­չի­կը­նի հա­մալ­սա­րա­նին մէջ։ Մխի­թա­րեա­նի սան Բար­սեղ Թուղ­լա­ճեան ա­ւար­տած էր Մել­գո­նեան կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւ­նը։

Բար­սեղ Թուղ­լա­ճեան ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ կա­տա­րած էր Օս­մա­նեան ար­խիւ­նե­րէն ներս։ Թուր­քիոյ կամ ար­տա­սահ­մա­նի մէջ մաս­նակ­ցած էր բազ­մա­թիւ գի­տա­ժո­ղով­նե­րու։ Իր հրա­տա­րա­կած բա­ռա­րան­նե­րուն եւ հան­րա­գի­տա­րան­նե­րուն բե­րու­մով բարձր գնա­հա­տուած էր պե­տա­կան ա­ւա­գա­նիին կող­մէ։ Հան­րա­պե­տու­թեան նախ­կին նա­խա­գահ­նե­րէն Իս­մէթ Իւ­նէօ­նիւ, Ճեւ­տէթ Սու­նայ եւ Ֆահ­րի Քո­րու­թիւրք Թուղ­լա­ճեա­նը մե­ծա­րած էին Չան­քա­յա­յի ա­պա­րան­քին մէջ։ Ար­ժա­նա­ցած էր շարք մը պար­գեւ­նե­րու եւ կո­չում­նե­րու։

Իր բազ­մա­թիւ գոր­ծե­րուն մէջ կա­րե­լի է ա­ռանձ­նաց­նել «Օ­քեա­նուս» հան­րա­գի­տա­րան-բա­ռա­րա­նը, ա­րեւմ­տա­հա­յոց պատ­մու­թեան վե­րա­բե­րեալ հա­տոր­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ Պա­լեան եւ Տա­տեան գեր­դաս­տան­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ կո­թո­ղա­յին աշ­խա­տանք­նե­րը։

1933-ին Իս­թան­պու­լի մէջ ծնած էր Բար­սեղ Թուղ­լա­ճեան, որ ան­ցեա­լի մէջ շրջան մը ե­ղած էր նաեւ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թի պա­տաս­խա­նա­տու տնօ­րէն։ Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն, դժբախ­տա­բար, իր խան­գա­րուած յի­շո­ղու­թեան հե­տե­ւան­քով կը գտնուէր բժշկա­կան մշտա­կան հսկո­ղու­թեան ներ­քեւ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2016