ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԻ ՆԱԽԱՏՕՆԱԿԸ ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Տեառնընդառաջի նախատօնակին, որու ընթացքին խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Արարողութեան ներկայ էին Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան, Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան, Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան եւ Պատրիարքական Աթոռի ժառանգաւոր սաներ։

Երեկոյեան ժամերգութեան աւարտին կատարուեցաւ անդաստան եւ օրհնուեցան աշխարհի չորս կողմերը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Ս. Սեղանի մշտավառ կանթեղէն առաւ ճրագը եւ վառեց եկեղեցւոյ կեդրոնը զետեղուած մեծ մոմը։ Ապա այս նոյն մոմէն նախ հոգեւոր հայրերը, ապա դպիրներն ու հաւատացեալները վառեցին իրենց մոմերը։

Նախատօնակի աւարտին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը քարոզին մէջ պատմեց Տեառնընդառաջի՝ Տէր Յիսուս Քրիստոսի քառասնօրեայ տաճար բերուելու եւ ընծայուելու դէպքը։ Նորին Ամենապատուութիւնը խօսեցաւ այդ օրուան Տաճարի մասին, ուր բերուած էր Յիսուս Մանուկը, ինչպէս նաեւ այնտեղ ներկայ՝ Սիմէոն Ծերունիին եւ Աննա մարգարէուհիին մասին։ Քարոզի աւարտին Նորին Ամենապատուութիւնը ըսաւ. «Տաճարը Աստուծոյ գտնուած վայրն է եւ մենք տաճարներ կ՚երթանք զԱստուած տեսնելու, Աստուծոյ հետ հանդիպելու։ Քրիստոսի լոյսը մեր տաճարներուն մէջն է եւ այնտեղէն կը ստանանք Լոյսը։ Սիմէոն եւ Աննա մեր օրինակներն ըլլալով տաճար գացին, ուր հանդիպեցան Աստուծոյ Օծեալին՝ Մանուկ Յիսուսին»։

Միւս կողմէ, նոյն առթիւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս, Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն, Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եւ Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցիներու մէջ հանդիսապետեցին Տեառնընդառաջի նախատօնակին։

Երեքշաբթի, Փետրուար 14, 2023