ՇԻՇԼԻՑԻՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՄՐՑԻՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՖՈՒԹՍԱԼԻ ԼԻԿԻ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՓՈՒԼԻՆ

Շիշլի մարզակումբի ֆութսալի խումբը ներկայ եղանակին կ՚արձանագրէ փայլուն յաջողութիւններ։ Այսպէս, շիշլիցիները Թուրքիոյ ֆութսալի լիկին մէջ յաջողեցան բարձրանալ աւարտականի փուլին։ Սամսունի մէջ կազմակերպուած մրցաշարքի արդիւնքով՝ շիշլիցիները իրաւունք շահեցան աւարտականի մէջ մրցելու եւ ներկայիս պատրաստութիւններ յառաջ կը տանին՝ Իսթանպուլի «Փիյալէփաշա» խումբին հետ նախատեսուած դժուարին խաղերուն համար։ Մինչ տղաքը թափով կը շարունակեն պարապումները, ակումբի վարչայիններն ալ կը խրախուսեն զիրենք յաղթանակի ճանապարհին։

Շաբաթ, Մարտ 14, 2020