ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՄԱՆ ՈԳԵՒՈՐ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Շաբաթավերջին Մխիթարեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ հանգուցեալ նկարչուհի Քրիստին Սալերիի յիշատակին ձօնուած միջվարժարանային նկարչութեան մրցոյթի պարգեւաբաշխման արարողութիւնը։ Նկարչուհիի հարազատներուն կողմէ իր իսկ անունով ստեղծուած հիմնարկին նախաձեռնութեամբ եւ Մխիթարեան սանուց միութեան համագործակցութեամբ կազմակերպուած այս մրցոյթը եօթներորդն էր իր նմաններու շարքին։

Մրցանակաբաշխութեան արարողութեան ընթացքին ողջոյի խօսք մը արտասանեց «Քրիստին Սալերի» հիմնարկէն Ռեհան Սարըպայ։ Բացման այս խօսքէն վերջ արտայայտուեցաւ նաեւ «Քրիստին Սալերի» հիմնարկի նախագահ Կարօ Նանսէն Սալերի։

Երեք խմբաւորումներու մէջ կազմակերպուած մրցոյթի արդիւնքով՝ առաջին-չորրորդ դասարաններու խմբաւորման դափնեկիրները հանդիսացան Մելինա Արտիս (Լեւոն-Վարդուհեան), Լիա Գէորգեան («Հրանդ Տինք») եւ Արատ Տոլար (Մէրամէթճեան)։ Մանսիոնի արժանացան՝ Թալիա Սիրեմ Էրօլ (Թարգմանչաց), Արի Թորիկօղլու (Արամեան-Ունճեան) եւ Առէն Արապօղլու (Թարգմանչաց)։

5-8-րդ դասարաններու խմբաւորման մէջ դափնեկիրները եղան՝ Մարալ Եշիլթեփէ (Գալֆաեան), Աշոտ Պօղոսեան (Լեւոն-Վարդուհեան) եւ Հայկ Չալըշ (Սահակեան-Նունեան)։ Մանսիոնի արժանացան՝ Ալվարդ Աւագեան («Հրանդ Տինք»), Լարա Տիւվենճի (Սահակեան-Նունեան) եւ Արտաշէս Աքպուլութ (Տատեան)։

9-12-րդ դասարաններու խմբաւորման մէջ դափնեկիրները եղան՝ Ժան Սամուրքաշ (Մխիթարեան), Արթիւր Ճան Չիլպըյըքօղլու (Կեդրոնական) եւ Լեթիսիա Նաշ (Էսաեան)։ Մանսիոնի արժանացան Արտէն Պօղոսեան (Կեդրոնական), Զուլալ Ճանճան (Մխիթարեան) եւ Ատա Կիւրպիւզ (Մխիթարեան)։

Այս բոլորին առընթեր յատուկ մրցանակներու արժանացան Արթիւր Ճան Չիլպըյըքօղլու (Կեդրոնական) եւ Ատա Կիւրպիւզ (Մխիթարեան)։

Մրցանակաբաշխման արարողութիւնը աւարտին հասաւ Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեանի խօսքով եւ ընդունելութիւնով։

Մրցոյթի այս տարուան դատակազմին մէջ էին՝ Ռեհան Սարըպայ, Իտա Գահրաման, Ժպիտ Պէրպէրեան, Արթին Տեմիրճի եւ Մայտա Սարիս։

 

Երկուշաբթի, Մայիս 14, 2018