ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, հինգշաբթի երեկոյեան, Պատրիարքարանի ամարանոցի շէնքին մէջ ընդունեց Կղզեաց թաղային խորհուրդը՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Լեւոն Շատեանի։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։

Այցելուներ, առաջին հերթին ուրախութիւն յայտնեցին, քանի Նորին Ամենապատուութիւնը որպէս Պոլսոյ Պատրիարք առաջին անգամ կը գտնուէր Գնալը կղզիին մէջ։ Սակայն միեւնոյն ժամանակ ցաւ կը զգային, քանի Պատրիարք Հայրը արժանավայել ձեւով չէին կրնար ողջունել Կղզիի ժողովուրդի հոծ բազմութեան ներկայութեամբ։ Այս առթիւ անոնք յայտնեցին, թէ Գնալը կղզիի եկեղեցւոյ մէջ դռնփակ արարողութիւնները սկսած են եւ ժողովուրդը կը փութայ մոմավառութեան ու արարողութեանց կը հետեւի պարտէզէն։ Մինչ այդ եկեղեցւոյ գործունէութիւնները սահմանափակուած են քորոնա համավարակի պատճառաւ։ Առ այդ, ներկաներ եկեղեցական կեանքի շարունակականութեան համար խորհուրդներ ստացան Պատրիարք Հայրէն։ Թաղային խորհուրդի անդամները նաեւ եկեղեցւոյ մասին զանազան տեղեկութիւններ փոխանցեցին Նորին Ամենապատուութեան։ Իսկ հուսկ, ներկաներ շնորհաւորեցին Նորին Ամենապատուութեան անուանակոչութեան եւ ձեռնադրութեան զոյգ տարեդարձները եւ իրեն մաղթեցին արեւշատ օրեր։

Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց հայր սուրբին եւ բոլոր վարչայիններուն՝ իրենց այցելութեան համար։ Գնալը կղզիի եկեղեցին երկար տարիներ յետոյ առաջին անգամ այսքան անձայն կը մնար եւ մաղթեց, որ քորոնա համավարակի այս ազդեցութիւնը ի մօտոյ հեռանայ նաեւ կղզիէն։ Շնորհաւորեց այցելուները, քանի այս դժուարին օրերուն եւս պատասխանատուութեամբ կը շարունակեն իրենց պաշտօնը եւ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ եկեղեցական կեանքը աշխոյժ կը մնայ։ Առ այդ, յիշեցուց որ, անոնք միշտ հետեւին Պատրիարքական Աթոռոյ տնօրինութեանց եւ առողջապահական զանազան միջոցառումներու, որպէսզի եկեղեցւոյ մէջ միշտ զգալի ըլլայ առողջապահութեան կարեւորութիւնը։ Այս առթիւ իրենց մաղթեց կարողութիւն եւ յաջողութիւն։ (Լուսանկարը՝ Պատրիարքարանէն)

Երեքշաբթի, Յուլիս 14, 2020