ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀՐՃՈՒԱՆՔ

Համայնքային շրջանակները երէկ ժամադրուած էին Գումգաբուի մէջ՝ 2019-2020 շրջանի երկրորդ սիրոյ սեղանին առթիւ։ Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան նախագահեց Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններուն։ Պէզճեան Մայր վարժարանի ի նպաստ սարքուած սիրոյ սեղանը համախմբեց համայնքային շրջանակները՝ զօրակցութեան տրամադրութիւնով։

Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ զանազան թաղերէ փութացած հաւատացեալներով լեցուած էր եկեղեցին։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան՝ առընթերակայութեամբ Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեանի։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Գողթան դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Յովսէփ Գույումճեանի։ Նորին սրբազնութիւնը ի ժամ Ս. Պատարագի տուաւ օրուան պատգամը, որու ընթացքին մատնանշեց մեր համայնքէն ներս մայրենիի իմացութեան վերաբերեալ խնդիրներու։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ յարակից «Պէզճեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որուն միացան Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան եւ Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան։ Ներկաներու շարքին էին Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան, ներկայացուցչական խորհրդական Նաղաշ Յակոբեան, Շիշլիի քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն, Պաքըրգիւղի քաղաքապետարանէն Մարգրիտ Տիքմէ, Պէշիկթաշի քաղաքապետարանէն Նուրհան Փալաքօղլու,Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց նախկին ներկայացուցիչներէն Լաքի Վինկաս, բարերարներ, բազմաթիւ ծանօթ ազգայիններ, համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներ, հասարակական գործիչներ, համակիրներ եւ հիւրեր։ Ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդի անդամները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները, որոնք համախմբուած էին տիկնանց կազմին կողմէ սարքուած սեղաններուն շուրջ։

Յայտագրի սկիզբին յարգանքի լռութիւն պահուեցաւ «Խաղաղութեան ակ» գործողութիւններուն ժամանակ նահատակուած զինուորներուն համար։ Ուսուցչուհի Լեռնա Եաղեազանի հանդիսավարութեամբ գործադրուեցաւ յայտագիրը, որու ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան Հրանդ Մոսկոֆեան եւ Պէզճեան Մայր վարժարանի տնօրէնուհի Թալին Նայիր։ Հրապարակուեցան Իսթանպուլի երեսփոխան Մարգար Էսաեանի եւ Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Մորիս Լեւիի պատգամները։ Յուշանուէր մըն ալ յանձնուեցաւ վաստակաւոր մանկապարտիզպանուհի Արշալոյս Կիւլլիւքին։ Երաժշտութեան ուսուցիչ Մուրատ Իչլինալչայի մականին ներքեւ աշակերտները հանդէս եկան խմբերգներով։ Տղաքը ծափահարութիւններու արժանացան նաեւ իրենց ներկայացուցած պարերով։ Արտասանեցին՝ Լոռին Սարգիսեան եւ Լարա Եըլանճըօղլու։ Հաւաքոյթը աւարտին հասաւ տեղապահ սրբազան հօր օրհնութեան խօսքով եւ Տէրունական աղօթքով։ 

Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին կողմէ յայտարարուած պիւտճէի բացին հազիւ երկու երրորդը հանգանակել կարելի եղաւ երէկուան սիրոյ սեղանի արդիւնքով։ Թէեւ պիւտճէն ամբողջութեամբ հաւասարակշռել հնարաւոր չեղաւ, սակայն Գումգաբուի ընտանիքը անհրաժեշտ զօրակցութեան զգացումը ունեցաւ՝ Մայր եկեղեցւոյ երթը կայուն պահելու առաջադրութեամբ եռանդ ի գործ դնելու համար։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2019