ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ԱՏԵՆԱՊԵՏ Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔԵՊՍԿ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՊԷՇԻԿԹԱՇԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ

Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ նախագահեց Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն։ Զանազան թաղերէ փութացած հոծ թիւով հաւատացեալներ լեցուցած էին եկեղեցին, ուր ունկնդրեցին նորին սրբազնութեան պատգամին։ Օրուան պատարագիչն էր Տ. Պարթեւ Քհնյ. Գարագաշեան, որ հիւրաբար կը գտնուի քաղաքիս մէջ Աւստրալիայէն։ Ներկայ էր նաեւ տեղւոյն հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Սարգիս Ա. Քհնյ. Գույումճեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Նարեկացի դպրաց դաս-երգչախումբի անդամներուն կողմէ։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ջերմօրէն շրջապատուեցաւ հաւատացեալներուն կողմէ, որոնց հետ զրուցեց անմիջական մթնոլորտի մը մէջ։ Նորին սրբազնութիւնը խորհրդարանին մէջ զրուցեց նաեւ ատենապետ Հայազատ Կազէրօղլուի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչներուն հետ։ Ան գնահատեց թաղականներուն կողմէ ծաւալուած աշխատանքները, որոնց շնորհիւ վառ կը մնայ Պէշիկթաշի եկեղեցւոյ կանթեղը։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2019