ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵՇԻԼԳԻՒՂՑԻ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԳՈՐԾԱՏԷՐԵՐ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց եշիլգիւղցի խումբ մը գործատէրեր։ Կարապետ Հեմենկիւլ, Յակոբ Սվաճըօղլու, Յովսէփ Արզուման, Մայք Զընկըք, Սիւլէյման Պարլըք եւ Մուրատ Եըլմազ Պատրիարքարան փութացած էին մեր Հոգեւոր Պետին «անցեալ ըլլայ» ըսելու։ Անոնք մեծաւ մասամբ Գոց Շուկայի մէջ գործատէրեր են ու համավարակի շրջանին յաջորդող օրերուն շուկայի ներկայ պատկերը գծեցին Նորին Ամենապատուութեան եւ յատկապէս զրուցեցին շուկայի հայազգի աշխատաւորներու մասին։ Հիւրերը հաճելի զրոյցի ընթացքին իրենց համակրանքը անգամ մը եւս յայտնեցին Պատրիարք Հօր։

Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն քաղաքավարական այցելութեան համար։ Քանի հիւրերը անծանօթ դէմքեր չէին համայնքային կեանքէ ներս, լաւ առիթ էր զանոնք լսելը։ Իբր այդ, Նորին Ամենապատուութիւնը մաղթեց, որ Աստուած գործոց բարեաց յաջողութիւն պարգեւէ իրենց եւ յատկապէս համայնքի զաւակները շուկայէ ներս արժանանան Աստուածային օրհնութեան։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2021