ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻՆ ՄԷՋ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՒԵՑԱՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐ

Ազգային մեծ ժողովի Մարդու իրաւանց ուսումնասիրութեան յանձնաժողովի անդամ խումբ մը երեսփոխաններ վերջերս այցելեցին Շիշլի մարզակումբը։ Ինչպէս ծանօթ է, Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ այս խորհրդարանականները վերջին շրջանին շփման մէջ գտնուեցան թրքահայ համայնքային շրջանակներու հետ, այցելեցին զանազան համայնքային հաստատութիւններ՝ ներառեալ Պատրիարքարանն ու Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը։ Նոյն ծիրին մէջ անոնք այցելեցին Շիշլի մարզակումբը, ուր հիւրընկալուեցան վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաքի եւ իր գործակից ընկերներուն կողմէ։ Պատերազմի շրջանին թրքահայ համայնքի կրած ազդեցութիւններուն շուրջ ծաւալուեցան խօսակցութիւններ։

Մտերմիկ զրոյցի տեւողութեան օրակարգի վրայ եկան նաեւ Շիշլի մարզակումբի դիմագրաւած առկայ զանազան դժուարութիւնները։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 14, 2020