ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ ԹԱՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏՕՆԱԾԱՌԻ ՅԱՐԴԱՐՄԱՆ

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի աւարտական դասարանի աշակերտները այս տարի եւս մասնակցեցան թաղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ տօնածառի յարդարման։ Տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլուի գլխաւորութեամբ եւ ուսուցչուհիներէն Աննա Սարը Սեչքինի ուղեկցութեամբ տղաքը խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ զարդարեցին եկեղեցւոյ տօնածառը։ Այս փուլին անոնք ստացան նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեանի օրհնութիւնը։

Տօնածառի յարդարումէն վերջ, աշակերտները հիւրընկալուեցան նաեւ ատենապետ Սարվէն Սերթշիմշէքի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդին կողմէ։ Ջերմ մթնոլորտի մէջ թաղականները յաջողութիւն մաղթեցին աշակերտներուն եւ մօտալուտ Նոր տարուայ եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առթիւ յղեցին բարեմաղթանքներ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2023