ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐԸ Կ՚ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱՆ ԴՊՐՈՑԻ ԱՊԱԳԱՅԻՆ ՈՒ ՆԻՒԹԱԿԱՆ ԼՈՒՐՋ ՀԱՐՑԵՐՈՒՆ

Փոքրամասնութիւններու համար կատարուած բարեփոխումներուն բերումով թէեւ մեր բազում համայնքային կառոյցներ նիւթական նոր միջոցներ ձեռք բերելու հնարաւորութիւն կ՚ունենան, սակայն, դժբախտաբար, համայնքային ընդհանուր անկազմակերպ վիճակին հետեւանքով պոլսահայ կրթական կեանքէն ներս նիւթական անբաւարարութիւնները կը մնան առկայ։ Այս ամբողջին մէջ երկար ժամանակէ ի վեր Կեդրոնական վարժարանն ալ կը դիմագրաւէ նիւթական լուրջ անբաւարարութիւններ։ Կրթական կեանքի նիւթական այս ծանր պայմաններու մթնոլորտին մէջ յաճախ օրակարգի վրայ կու գայ նաեւ համայնքային շարք մը վարժարաններու միացման խնդիրը։ Այս վարկածին հետամուտ է նաեւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, որ երկար ժամանակէ ի վեր զանազան հարթութիւններու վրայ ահազանգ կը հնչեցնէ մեր դպրոցներու նիւթական վիճակին շուրջ եւ յամառօրէն խորհուրդ կու տայ՝ միացնել շարք մը վարժարաններ։ Վերջին անգամ ան այս հարցին շուրջ խօսեցաւ նաեւ տակաւին քանի մը օր առաջ՝ Համբարձման սեղանին ընթացքին։ Շիրինօղլու խնդիրը շօշափելու ժամանակ որպէս օրինակ թուարկեց նաեւ կարգ մը դպրոցներու անուններ, որոնց շարքին էր նաեւ Կեդրոնականը։ Իր յայտարարութիւններուն անմիջապէս արձագանգեցին կեդրոնականցիները։ Դպրոցի ընթացաւարտներուն անունով շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ յայտարարութիւն մը, որ պատրաստուած է երկու լեզուով։ Թէեւ հայերէն եւ թրքերէն տարբերակներու միջեւ կան որոշ տարբերութիւններ, սակայն մենք ստորեւ կը ներկայացնենք շրջանաւարտներուն անունով հրապարակուած այդ յայտարարութեան հայերէն տարբերակը, որ մեզի ուղարկուած է սաներէն մէկուն կողմէ։ Յայտարարութիւնը կը կրէ «Կեդրոնականը մի՛ խառնէք ձեր հաշիւներուն» խորագիրը։ Մինչ այդ, հարկ է նշել, որ Կեդրոնականի շրջանաւարտները կը նախատեսեն սանուց միութեան երդիքին տակ ձեռնարկել քննարկումներու շարքի մը՝ դպրոցի ապագայի եւ առկայ նիւթական դժուարութիւններուն շուրջ։

*

Անհուն զարմանքով ընդունեցինք Ս. Փրկիչ ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Տիար Պետրոս Շիրինօղլուի Համբարձման տօնի աւանդական սիրոյ սեղանի ժամանակ կատարած յայտարարութիւնը, թէ պէտք է միանան Կեդրոնական ու Էսաեան վարժարանները, այլապէս հիւանդանոցը նիւթական օժանդակութիւն պիտի չմատակարարէ այդ կրթական հաստատութիւններուն։

Իրականութեան մէջ, զարմանքէ շատ աւելի տարբեր զգացումեր կ՚առթէ աւելի քան 130-ամեայ անցեալի եւ նոյնքան պանծալի ներկայի մը տէր մեր վարժարանը՝ իր դիմագրաւած նիւթական անձուկ կացութենէն դուրս հանելու դիմաց բռնադատել ընդունելու որոշում մը, որ փաստօրէն հաւասարազօր է զայն փակելու։

Մեր վարժարանը, զոր 1886-ին հիմնադրած է Պոլսոյ հայոց երանաշնորհ Ներսէս Վարժապետեան պատրիարքը, իր գոյութեան ողջ ընթացքին նիւթական ապահով պայմաններու տիրացած չըլլալով եւ բազմաթիւ նեղութիւններ դիմագրաւած ըլլալով հանդերձ՝ Թուրքիոյ եւ բովանդակ հայութեան պարգեւած է արժէքաւոր սերունդներ եւ ծառայած է իր հիմնադիր առաքելութեան։ Պիտի շարունակէ՛ ալ տեւել այնքան ժամանակ, քանի դեռ կը ծառայէ իր կոչումին։

Անշո՛ւշտ կարեւոր են այն օժանդակութիւնները, որոնք կու գան միւս հաստատութիւններէն ու անհատ բարերարներէն, սակայն մենք՝ շրջանաւարտներս, չենք ընդունիր եւ անկարելի է որ ընդունինք զանոնք առնչել սա կամ նա նախապայմանի։

Վարժարաններ միացնելու կամ փակելու նման կենսական որոշումներ կարելի է ընդունիլ ո՛չ թէ անհատի մը երկու շրթունքներէն ելլելուն պէս, այլ հանրային լուրջ քննարկումներու ու մտքի փոխանակումներու արդիւնքին։ Ինքնանպատակ յայտարարութիւններ, որոնք զուրկ են որեւէ հիմնաւորումէ եւ չունին պատճառաբանութիւն մը, ո՛չ միայն կ՚արգելակեն նման երկխօսութիւններու ընթացքը, այլ նաեւ հակազդեցութիւններ բռնկցնելով կը վիժեցնեն օգտակար արդիւնքը։

Ուստի, գլխաւորութեամբ Տիար Պետրոս Շիրինօղլուի, հետաքրքիր կառոյցներն ու անձերը կը հրաւիրենք այս եւ նման լուրջ խնիդրներու դիմաց ընդունելու աւելի պատասխանատու կեցուածք ու վարմունք։

Երեքշաբթի, Մայիս 15, 2018