ԴԱՆԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Անգարայի մօտ Դանիոյ դեսպան Սվենտ Օլլինկը։ Բարձրաստիճան դիւանագէտը փափաքած էր Պատրիարքարան այցելել՝ տեղեկութիւններ քաղելու համար թրքահայ համայնքային կեանքի վերաբերեալ զանազան նիւթերու շուրջ։ Ջերմօրէն ողջունելով դեսպանին այցելութիւնը՝ նորին սրբազնութիւնը սպառիչ պատասխաններ տուաւ այն բոլոր հարցումներուն, որոնք դեսպանի հետաքրքրութեան առարկայ էին։

Զրոյցի աւարտին ընդհանուր փոխանորդը ուրախութիւն յայտնեց Դանիոյ դեսպանի այցի համար։

Շաբաթ, Յունիս 15, 2019